Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1. [«ԱՐԵՒԵԼՔԻ» ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆԸ]

 

Կ. Պոլիս, 5/17 դեկտ., 1884
Ղալաթիա, Կէոչէ-օղլու խան

 

Պատիւ ունիմք ծանուցանել, թէ Ադրիանապոլսոյ օժանդակ մասնաճիւղն հրաժարած ըլլալով` նոր Մասնաճիւղն հետեւեալ կերպիւ կազմուած է, այս անգամ համաձայն ճիւղային կանոնագրին.

……………………………………………………………………………………………………

 

Սոյն պատուարժան Մասնաճիւղն արդէն գործի ձեռնարկած ըլլալով` ներկայիւս ջերմ հրաւէր կը կարդամք Ադրիանապոլսոյ մեծարգոյ ազգայնոց մասնակցիլ բացուած բաժանորդագրութեան եւ արդեամբ նպաստել ընկերութեանս:

Ի դիմաց Հայոց Միացեալ ընկ. Տնօրէն ժողովոյ

Ատենադպիր

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Ատենապետ

Գ. Յ. ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ