Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

8. [«ԱՐԵՒԵԼՔԻ» ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆԸ]

[Կ. Պոլիս, 24-27 մարտ, 1890]

 

Տնօրէն ժողովս գոհութեամբ կը ծանուցանէ, թէ Ընկերութեանս Ռոտոսթօի նորակազմ Պատ. [ուարժան] Մասնաճիւղն երիցս թատերական ներկայացում տուած է Փետրուար ամսոյ մէջ եւ այս ներկայացմանց հասոյթը, ճիշդ հազար դահեկան արծաթ, ղրկած է մեզ այս անգամ հանդերձ հաշուեկշռով:

Տնօրէն ժողովս պարտ կը համարի շնորհակալութիւնքը յայտնել յիշեալ Մասնաճիւղի Պատ. անդամոց, որ այսպիսի արդիւնաւոր եղանակաւ մը կ՚սկսին իրենց պաշտօնավարութիւնն, որպէս եւ Ռոտոսթօի ազնիւ ազգայնոց, որք սիրով պատասխանած են իրենց եղած հրաւէրին եւ ապահոված են ներկայացմանց յաջողութիւնը:

Մասնաւոր շնորհակալութեան պարտք մ՚ալ ունիմք Ռոտոսթօի Վիճակին առաջնորդ Գեր[աշնորհ] Տ. Հմայեակ Եպիսկոպոս Դիմաքսեանի, որ պատճառ եղած է այս Մասնաճիւղի կազմութեան:

 

Ի դիմաց Հայոց Միաց. ընկերութեանց Տնօրէն ժողովոյ

Ատենադպիր

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Ատենապետ

Լ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ