17.
[ՍԻՄՈՆ
ՉԷՕՄԼԷՔՃԵԱՆԻՆ]
Կ.
Պոլիս,
23
դեկտ.,
1900
Մեծապատիւ
Տէր,
Ուշադրութեամբ
կարդացի
Առաջնորդ
վաճառականաց
անունով
ձեր
պատրաստած
գրքին
երկու
Տետրերը,
զոր
ինծի
խրկելու
պատիւը
ըրեր
էիք:
Առանց
վերապահութեան
կրնամ
ըսել
որ
այս
աստիճան
գործնական
ըմբռնումով
յղացուած
գիրք
մը
չէի
տեսեր
դեռ:
Բուն
առեւտրական
կեանքն
է
որ
կը
տեսնուի
հոն,
տեսակ
մը
անկանոնութեան
մէջ,
որ
սակայն
անոր
իսկութիւնն
է:
Հետեւապէս,
ասանկ
հրատարակութիւններու
մասին
պահանջող
ու
դժուարահաճ
ըլլալուս
չափ
զձեզ
կը
շնորհաւորեմ:
Եւ
որպէսզի
գործով
ալ
ցուցուցած
ըլլամ
թէ
ո՛րչափ
գնահատեցի
ձեր
աշխատութիւնը,
սիրով
կ՚ընդունիմ
Բառագիրքներուդ
համար
«Անանուն
ընկերութեան»
բառին
իմաստն
ու
բացատրութիւնը
գրելու
մասին
ինծի
ըրած
առաջարկութիւննիդ:
Անանուն
ընկերութիւնը
որ
ամեն
օր
այլափոխուելու,
բարեփոխուելու
վրայ
է
եւ
Եւրոպայի
մէջ,
նոյնիսկ
դրամագլխի
պատմութիւնն
է
ինքնին,
անհունապէս
մեծին
արտադրումը`
անհունապէս
փոքրին,
ճիշդ`
տիեզերքին
կազմութեանը
պէս:
Անոր
mécanique-ը
[1]
կ՚ուզէք
ինէ
եւ
անձուկ
սահմանի
մը
ներածին
չափ.
պատրաստ
եմ
ատիկա
բացատրելու:
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ
[1]
մեխանիզմ,
կառուցուածք