Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

36. [ՄԱՂԱՔԻԱ ՕՐՄԱՆԵԱՆԻՆ]

[Կ. Պոլիս], 1/14 նոյեմբեր, 1903

 

Ամենապատիւ Սրբազան Հայր,

 

Անցեալ օրուայ խնդիրքիս համաձայն ներքին գործոց նախարարին խրկուելիք թագրիրին օրինակը ներփակեալ կը մատուցանեմ Ձեր Բարձր Սրբազնութեան խնդրելով որ, դիւանական սովորական ոճը այս գործին համար մէկդի ձգուելով, այս թագրիրը նոյնութեամբ գրուի` եթէ Ձեր Ամենապատուութիւնը անպատեհութիւն մը չի տեսներ ասոր մէջ:

Ասկէ զատ կը համարձակիմ խնդրել Ձեր Բարձրութիւնէն որ այս թագրիրը խրկուելուն հետ մէկտեղ նախարարը անձամբ տեսնելու եւ բերանացի ալ անոր իմաստը ըսելու բարիքն ալ չի զլանաք` գթալով անմխիթար մօր մը, որուն համար ես ալ կանխաւ կը ներկայացնեմ Ձեր բարձր Սրբազնութեան բոլոր երախտագիտութեանս հաւաստիքը:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ