Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

112. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

  [Բարիզ], 14 յուլիս, 1908, երեքշաբթի

Ես քաջութեամբ պիտի դիմադրեմ, դուն տէրտ մի ըներ, հոգիս

Սիրականս,

Երէկ գիշեր (կէս գիշերին) դարձայ Օսթանտէն օթէլս եւ հոն գտայ երեկուան հեռագիրդ` arrêtez [1]: Առի նաեւ հինգշաբթի եւ ուրբաթ օրուան գիրերդ:

Հեռագիրը երէկ, այսինքն երկուշաբթի առտու զարնուած էր, ուրկէ հետեւցուցի թէ կիրակի Թ. պէյը գէշ լուր մը առած էր իմ մասիս վերէն եւ Պոլիս գալուս մէջ վտանգ մը տեսնելով, ինծի այդ հեռագիրը ըրիք:

Ամեն ձախորդութեանց գրեթէ վարժութիւնն առած ըլլալով հանդերձ աս չափին չէի սպասեր.

1. Նորէն առջի յերիւրուած զրպարտութի՞ւնն է պատճառը եւ ի՞նչ կը դառնայ կոր արդեօք ատոր վրայ:

2. Չէ նէ գիրքիս վրայ սուտ բաներ մը գրեցին, ի՞նչ ըրին: Ատկէ ծագում առած բան մըն է քի: Ամեն ենթադրութիւն կ՚ընեմ կոր:

3. Չէ նէ ասիկա (ամենէն նպաստաւորն է) խորհուրդ տուին որ հոսկէ ուղղակի հեռագիր մը ընեմ պաշտօն կամ փաստաբանութիւն ի գործ դնելու արտօնութիւն ուզելու համար եւ այդ պատճառով arrêtez հեռագրեցիր: Այս վերջինը յուսալի չէ, վասնզի քանի որ աւելի մեծ գէշութիւններ կան, ատոնցմէ մէկն է առջի բերած երկու պատճառներէն մին:

Գիտեմ որ հեռագրով ամեն բան չես կրնար ինծի իմացնել եւ նամակ գրելով ալ միշտ (իմինիս պէս անհամբեր սիրտերու համար) որքան երկար ատեն կ՚անցնի:

Անցածը դարձածը երեկուան expressով գրած ես հարկաւ, եւ հինգշաբթի ամեն մանրամասնութիւն կ՚ստանամ:

Քանի մը ամիսէ ի վեր քաշած տանջանքներուս մէջ գրեթէ յիմար մը դարձած եմ ես բոլոր էրիկ մարդու արիութեամբս: Դուն արդեօք ինչե՞ր կ՚զգաս կոր, ո՛վ սիրական կնիկս, ի՞նչ ալեկոծութիւններու մէջ ես. մէկ կողմէն` էրիկդ աս տեղուանքը, միւս կողմէն` զաւակներու, տանը հոգսը վրադ ծանրացած եւ մինչեւ հիմա չի վարժուած մտմտուքներու մատնուած: Վերջ ի վերջոյ միայն հոգինիս ազատելով այս դժբաղդութիւններու մեջէն ուրիշ բան չի փնտրելու որոշում տուի. ա՞ն ալ արդեօք չի պիտի ըլլայ:

Եթէ իմ Պոլիս դառնալուս մէջ վտանգ կայ, հոս շատ մը ատեն կարելի է 1 կամ 2 ամիս սպասելու պիտի պատրաստուիմ մինչ որ վերը ամեն բան հասկցուի եւ շտկուի: Իմ քովս (1ա. ֆր. անձ. )էն եկած 2250 ֆռանքը կայ, մէյ մ՚ալ ճամբու ծախք մը. եթէ երկար պիտի կենամ, երթամ պզտիկ pension [2] մը գտնամ, գլուխս հոն խոթեմ: Առջի օրէն ասանկ որոշում տուի եւ չի կրցայ գործադրել մէյ մը` որ խելքս շատ գլուխս չէ. երկրորդ` որ միշտ 3 օրէն, 5 օրէն Պոլիս դառնամի վիճակին մէջ էի: 3 օրուան համար ի՞նչ pension փնտրեմ. 3 օրը 30 օր եղաւ, 50 օր եղաւ:

Միւնիր փաշայէն ես հոս չի կրցայ օգուտ քաղել, բայց դուն կարելի է որ օգուտ մը հանես: Ի՞նչ գրեմ, ի՞նչ խորհուրդ տամ: Բան մը չեմ գիտեր: Մի՞թէ Մայքօֆը բան մը չի կրնար ընել, ան ի՞նչ կ՚ըսէ կոր։ Իրաւցնէ զզուեցայ ամեն բանէ, բայց քու սիրուդ պիտի դիմանամ:

Զաւակներուս շատ մը պաչիկներ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

 



[1] Մնացէք

[2] Պանդոկ