Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

119. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

Կ. Պոլիս, [յուլիս 24/6 օգոստոս], 1908

Սիրելի բարեկամս,

Պոլիս վերադարձած եմ երեք օրէ ի վեր միայն: Օսմ. Սահմանդրութիւնը անխախտ կերպով վերահաստատուած է հոս, ամենակատարեալ ազատական régimeի [1] մը հետ: Սուլթանը քուրջի վերածուած բոլորովին: Կառավարութիւնը Ժէօն թուրքերու քօմիթէներուն ձեռքն է: Ես այս մարդիկը մօտէն քննելով համոզում գոյացուցի որ ճշմարտապէս ազատամիտ եւ մասնաւորապէս հայերուն հանդէպ ամեն առթիւ ազնուութեան եւ բարեկամութեան հազար տեսակ ապացոյցներ տալու վրայ են: Յատուկ ջանադրութիւն մը ունին մոռցնելու մեզի ու ջնջելու արիւնալի անցեալը որ զմեզ իրենցմէ կը բաժնէր: Այս բոլորը անհաւատալի եւ ստոյգ է:

Մեր ազգին շահը կը պահանջէ որ օգտուինք ասկէ ու չի մերժենք այն ձեռքը որ մեզի կարկառուած է: Իմ հայեացքս արդէն պարզած էի քեզի` երբ ասոնց եւ ոչ մին կար: Իմ տեսածս յուսացածէս շատ աւելի է: Ճշմարիտ եղբայրակցութիւն մը կայ. մեր նահատակները մերինէն աւելի իրենց սրտին մէջն են եւ իրենց մեծարանքին առարկայ: Սիրտ ունեցող հայ մը անզգայ չի կրնայ մնալ ասանկ արտայայտութեան մը առջեւ: Ասիկա senibilité [2] մասն է:

Միայն թէ Հայերը հոս քաղաքական ո եւ է կազմակերպութիւն չունին, ինչ որ անհրաժեշտ եւ առաջին պայմանն է քաղաքական արդիւնաւոր գործակցութեան մը: Ես այս կազմակերպութիւնը հիմնելու կ՚աշխատիմ կոր մեր ամեն դասակարգերէն անխտիր:

Մենք մեր իրաւունքներու տէրը ըլլալու ենք եւ զայն ակնկալելու հարկադրուած ըլլալու չենք ուրիշի մը ազնուութենէն: Այս պատճառով Օսմ. Սահմանադրական քլուպ անունով ակումբ մը հիմնելու վրայ եմ: «Օսմ. » անունը չի դնել անխտրութեան ընդհանուր աղաղակին մէջ որ Պոլիսը կը թնդացնէ այս միջոցիս աններդաշնակութեան note [3] մը խառնել եւ tactի [4] պակասութիւն պիտի ըլլար:

Ասկէ զատ Նոր Օր անունով օրաթերթ մը պիտի հրատարակեմ քանի մը օրէն. հոս մամլոյ կատարեալ ազատութիւն կայ չըսելու համար licence [5]. ու միշտ այսպէս կ՚ըլլայ. մէկ ծայրէն միւսը արժեմը չարժեմը հրապարակը տգեղ գրուածքներով, անիմաստ բաներով ողողելու վրայ է:

Պոլսոյ հայ օրագրութեան մակարդակը շատ ինկած է. պիտի ջանամ զայն բարձրացնել: Նոր Օրը մեր ազգային իրաւունքին պաշտպանութեան հզօր գործիք մը պիտի դարձնեմ: Կ՚աղաչեմ որ օգնես ինծի եւ գործակցես փառաւոր կերպով։ Որովհետեւ կը յուսամ որ բաւական սպառում պիտի ունենայ. հարկաւ գործակցութիւնդ պէտք է վճարուած ըլլայ:

Սկիզբները թէեւ համեստ, բայց քիչ քիչ պիտի աւելնայ անիկա: Շաբաթը երկու գրական յօդուած կ՚ուզեմ քենէ, ոտանաւոր կամ արձակ, ինչպէս որ կ՚ուզես, բնականաբար անտիպ. ամեն մէկին 15 ֆռանք պիտի վճարեմ սկսելու համար. այս չնչին բանը որ վճարում բառը գործածելու չարտօներ զիս, սկիզբ մըն է միայն: Կը խնդրեմ նաեւ որ շուտով խրկես ինծի բոլոր հրատարակած գործերուդ հաւաքածուն եւ գինը ինծի իմացնես որ խրկեմ:

Ուրախ եմ վասնզի ազգիս երեսը առաջին անգամ ըլլալով կը խնդայ կոր:

Կը համբուրեմ զքեզ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ



[1] Վարչակարգ

[2] Դիւրազգայնութիւն

[3] Նօտա, երանգ

[4] Նրբանկատութիւն, պատշաճութիւն

[5] Թոյլտւութիւն