121.
ԶԱՊԷԼ
ԵՍԱՅԵԱՆԻՆ
Կ.
Պոլիս
[1]
14
օգոստ,
1908
Տիկի՛ն,
Թուրքիան
ճշմարիտ
Սահմանադրութեան
մը
բարիքը
վայելելու
անակնկալ
բաղդը
ունի
այսօր:
Մամլոյ
ազատութիւնը
կատարեալ
է:
Թուրք
հայրենակիցներնիս
ամեն
բան
ըրին
եւ
ամեն
անկեղծութիւն
ցուցուցին
մոռցնել
տալու
համար
անցեալի
յիշատակը:
Մեր
ազգին
համար
անհուն
մեծարանք
եւ
համակրութիւն
կը
տիրէ
ամենուրեք:
Բայց
ո՞ւր
է
մեր
ազգը.
մեր
մտաւորականները,
մեր
փողի
մարդիկ
բացակայ
են:
Մինչդեռ
թուրքերը
իրենց
բոլոր
մտքի
եւ
փողի
արժէքը
հոս
կը
հանին,
անսահման
խանդավառութեամբ
մը
գործի
կը
ձեռնարկեն,
մենք
ոչինչ
ընելու
կարող
ենք,
վասն
զի
զարգացեալ
հայութիւնը
հոս
չէ:
Նոր
Օր
անունով
լրագիր
մը
հրատարակելու
վրայ
եմ:
Այս
գաղափարը
յղանալուս
հետ
մէկտեղ
իսկոյն
ձեզի
յիշեցի.
Տիկի՛ն,
կ՚ուզէ՞ք
Պոլիս
դառնալ,
իմ
կազմելիք
խմբագրական
մարմնիս
մասնակցիլ:
Չեմ
համարձակեր
ըսել
գրկաբաց
պիտի
ընդունիմ
ձեզի,
որովհետեւ
Տիկին
մըն
էք.
բայց
այս
բառին
բոլոր
իմաստովը
ձեր
գործակցութիւնը
սիրով
պիտի
ողջունիմ:
Եթէ
չէք
կրնար
Պոլիս
գալ`
կ՚ուզէ՞ք
շաբաթը
մէկ
կամ
երկու
մէկ
colonneի
[1]
չափ
գրական
յօդուած
մը
կամ
fantaisie
մը
խրկել:
Աւելորդ
է
ըսել
որ
եթէ
ո՛չ
արժանի
ձեր
կարողութեան
եւ
տաղանդին,
զոր
շա՛տ
կը
գնահատեմ,
բայց
իբրեւ
չնչին
նուէր
մը`
գոհացուցիչ
վճարում
մը
պիտի
ըլլայ
ձեր
աշխատութեան
փոխարէն:
Բայց
շատ
ուրախ
պիտի
ըլլայի
եթէ
Պոլիս
դառնայիք,
ուր
մեծ
յաջողութիւններ
կ՚սպասեն
ձեզի
եւ
որուն
համար
իմ
բոլոր
ոյժս
ալ
ի
հարկին
գործածելու
պատրաստ
եմ:
Վայրկեան
մը
մի՛
կորսնցնէք:
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ
Յարգանքներս
ձեր
ազնիւ
ամուսնոյն:
Գ.
Զ.