Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

138. [«ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ»Ի ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆԸ]

[Կ. Պոլիս, 9/22 նոյ. 1909]

 

Անցեալները հրատարակեցիք որ Իւնիօն Ընկերութեան եւ Ատանայի հայ ապահովագրեալներու մէջ տեղի ունեցած դատին մէջ Իւնիօնի պաշտպանութիւնը չստանձնելս յառաջ եկած է Իւնիօնի անիրաւութեանը համոզուած ըլլալէս:

Ասիկա ուղիղ չէ. ես այդ պաշտպանութիւնը չստանձնեցի անոր համար որ անիկա իմ սրտիս եւ զգացմանս չէր համաձայներ. ասիկա այնքան բնական բան մըն էր որ Ընկերութիւնն ալ յօժարակամ ազատ կացուց զիս այս դատը պաշտպանելու պարտականութենէն:

Որովհետեւ արդարասիրութեանը համոզուած եմ` թոյլ տուէք ինծի աւելցնել որ ապահովագրական ընկերութեանց ընդդիմութիւնն բոլորովին անհիմն առարկութեան մը վրայ չի յենուր. ո՛չ:

Ինծի չի կրնար այդ առարկութեան օրինական արժէքին մասին կարծիք յայտնել. սաչափը միայն ըսեմ, ինչպէս ասկից առաջ ալ գրեցի իմ բաց նամակիս մէջ, որ Հայերը միմիայն իրենց փաստերը գիտնալով պէտք չէ բաւականանան. դիմացի կողմն ալ խիստ կարեւոր առարկութիւններ ունի, զորս արժէքէ զուրկ ենթադրելը` անխոհեմ ինքնավստահութիւն միայն կրնայ կոչուիլ:

Բայց չէ՞ մի որ հիմա ամեն ոք իր գիտցածին ու չի գիտցածին, մանաւանդ չի գիտցածին, խուսափելու դրութիւնը ընդունուած է մեր մէջ: Անցեալ օր մէկն ալ Իւնիօնի դէմ Բարիզի մէջ դատ բանալը` աւելի օգտակար ըլլալը յայտնած էր կատարեալ լրջութեամբ:

Լա՞լ թէ խնդալ այս բոլորին վրայ:

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ