Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

143. ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԵՐԿՍԵՌ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ

[Կ. Պոլիս, 8/21 յուլիս, 1910]

 

Կը ցաւիմ անձամբ չկրնալ մասնակցելուս ձեր գեղեցիկ հանդէսին: Սամաթիա հայութեան դաստիարակութեան գործին մեծ օժանդակութիւն մը ունեցած է, միշտ ըմբռնած է թէ հայ մանկտին մեր միակ յոյսն է ապագային: Վստահ եմ որ Սահակեան-Վարդուհեան վարժարանը, ձեր ջանքերով, մեզ ճշմարտապէս ազգային ու վաղորդեանի կեանքին պատրաստող հաստատութիւն մըն է:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ