Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

179. [«ԻԳՏԱՄ» ԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆԸ]


Թարգմանութիւն

[Կ. Պոլիս, 27-28 օգոստոս, 1910]

Մեր յոյն հայրենակիցներուն հետ գոյութիւն ունեցող անհամաձայնութիւնը` Սահմանադրութեան հռչակումէն ետքը սկսաւ: Ի՛նչէն է չեմ գիտեր, շատ ալ չհաւատացինք օսմանեան Սահմանադրութեան իրենց յարումին: Պզտիկ` բայց անկախ, հեռու` բայց ցեղով եւ կրօնով մօտաւոր պետութեան մը գոյութիւնը` մեր Յոյն հայրենակիցները դժուարին դիրքի մը մէջ դրաւ: Գուցէ մարդկային եւ ժառանգական զգացումներու վրայ խորհելով ենթադրեցինք, որ ատոնց սէրն ու հակումը մենէ աւելի այն կողմ դարձած էր: Այս կարծիքը, մեր Յոյն հայրենակիցներուն նկատմամբ մեր ըրած բոլոր դատաստաններուն խարիսխը ի՛նչպէս հասկցնեմ ակամա խարիսխը կը կազմէր: Սա՛ ալ ճիշդ է, որ այս կարծիքը զօրացնելու մեծապէս ընդունակ դէպքեր պակաս չեղան… Բնականաբար վիրաւորուեցանք, զայրացանք: Իրենց նկատմամբ մեր գործադրութիւնները քիչ մնաց մեր փոխարինութիւնները պիտի ըսէի մեր այդ տպաւորութիւնները արտայայտելէ զերծ չմնացին Ահա այս պատճառաւ մեր Յոյն հայրենակիցներու ամեն զգացումները, ամեն շարժումները միշտ տարակոյսի ներքեւ դրինք: Ցեղերու միջեւ քաղաքականութիւնը ընթացիկ հաշիւ մըն է: Իմ այս մէկ քանի թուումներուս փոխարէն` արդեօք մեր Յոյն հայրենակիցները իրենց կողմէ կարգ մը ընթացքներ ցոյց չե՞ն տուած: Հաշուակցութեան աւարտելուն` գիտեմ թէ իրենց վերաբերող կողմն ալ կարեւոր գումար մը պիտի գոյանայ: Այնուամենայնիւ, ի՛նչ ընթացքի պատճառով ալ որ ըլլայ, Ազգի մը ամբողջութիւնը պատասխանատու բռնել` արդարութիւն եւ քաղաքականութիւն չէ, եւ Կառավարութեան ու Պատրիարքարանի միջեւ ծագած անհամաձայնութիւնը` օսմանցիութեան եւ յոյն տարրին միջեւ իբր ատելութիւն մը կարելի չէ ցոյց տալ անշուշտ: Քաղաքական անհամաձայնութիւնները կարելի է լուծել երկու կողմին փոխադարձ եղբայրսիրութեան առանց վնաս հասցնելու: Քաղաքակրթութեան բովանդակ բարձրութիւնն ալ դժուարութիւնը այս կերպով լուծելուն մէջն է: Եղբայրութիւնը պէտք է ըլլայ հիմքը, եւ իրաւունքը` անոր մանրամասնութիւնը: Իրաւունքը միշտ ձեռք կը բերուի: Երբ եղբայրութիւնը անգամ մը վերջ գտնէ, այլեւս անկարելի է զայն վերադարձնել: Յետոյ պէտք է մտածել, թէ միայն իրաւունքի տէր ըլլալն ալ չի բաւեր: Մերթ օրինաւոր պահանջի մը յանկարծական եւ կամ բուռն արտայայտութիւնը պահանջին օրինաւորութիւնը կը կոտրէ: Իրաւաբաններ` այս կարգի պարագաներուն «իրաւունքի զեղծում» անունը կուտան: Կ՚զգամ որ այս բացարձակ ճշմարտութիւնները օսմանեան եղբայրութեան հանդէպ հաւասար նկատած իսլամ եւ ոչ-իսլամ հայրենակիցներուս յիշեցնելու ատենը եկած է: Կը տեսնեմ որ այս սկզբունքները երբ չպահպանուին` ամեն կողմին համար սխալ մը պիտի ըլլայ:

Ֆրանսայի դիւանագէտներէն Թալէրան ըսած է. «Քաղաքականութեան մէջ սխալը ոճիրէ աւելի բան մըն է»:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ