Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

181. [ՀՐԱՆՏ ԱՍԱՏՈՒՐԻՆ]

Կ. Պոլիս, 13/26 յունիս, 1911

 

Վսեմաշուք Ատենապետ Ազգ. Երեսփ. Ժողովոյ,

Ասկէ կէս դար առաջ հաստատուած Ազգ. Սահմանադրութիւնը այդ թուականէն ի վեր ո եւ է փոփոխութիւն մը տեսած չէ: Ազզ. Երեսխոխանական Ժողովը քանիցս ճանչցած է զայն վերաքննելու հարկը: Բարեփոխուելիք տրամադրութեանց մասին ծրագիրներ մշակուած են առանց ելքի մը յանգելու:

Ժամանակին ոգւոյն ու պէտքերուն անհամաձայն ըլլալէ զատ, անհանդուրժելի սեպուելու չափ մեծ անիրաւութիւններ նուիրագործող այս տրամադրութիւնները` գլխաւորաբար ընտրական իրաւունքի պայմաններուն եւ Երեսփ. աթոռներու ու բաշխումին կը վերաբերին:

Առաջին. Եօթանասունհինգ ղրուշ ազգային տուրքի չափը ընտրական իրաւունքի հիմ բռնելու հետեւութիւնը սա է, որ Ազգին ամենէն ստուար զանգուածը ընտրական իրաւունքէ զրկուած է այսօր: Երկու միլիոնի մօտ եղող օսմանեան հայ բնակչութեան ներկայացուցիչը ըլլալու հանգամանքով երեւցող Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը` չեմ կարծեր որ իրօք 6000 հոգիէ աւելի հայերու քուէն ներկայացնէ: Իրողութեան եւ ենթադրութեան մէջ այս աստիճան մեծ անջրպետ չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Ներկայացուցիչ Ժողովի մը բարոյական հեղինակութիւնը իր իրօք ներկայացուցած ազգայիններու թիւին համեմատական է: Հետեւաբար ընտրական իրաւունքի կիրարկման մէջ տիրող սեղմումը կարելի եղածին չափ ընդլայնելու է, որպէսզի Երեսփոխանական Ժողովը Ազգը ներկայացնէ:

Երկրորդ. Երեսփոխանական աթոռներու բաշխումին վերաբերող յօդուածները Պոլսոյ թաղերուն այնպիսի գերակշռութիւն մը կուտան Թուրքիոյ բոլոր հայաբնակ գաւառներուն վրայ որ` բոլորովին անհասկնալի է, գոնէ ներկայ ժամանակիս մէջ. եւ ընդհանուր հայութիւնը Պոլսոյ հայութենէն բաղկացած կարծելու պէս սխալ գաղափարէ մը ծագում առած կը թուի: Պոլսահայ բնակչութիւնը 80 հայ Երեսփոխան ընտրելու իրաւունք ունի եւ Թուրքիոյ մնացած հայութիւնը` միայն 40 Երեսփոխան:

Եթէ ընդունինք որ Պոլսոյ հայութիւնը 100000 հոգիէ կը բաղկանայ, Թուրքիոյ գաւառներու մէջ գտնուող հայոց թիւը 1900000ի կը հասնի: Այս հաշիւով Պոլսոյ Երեսփոխաններուն թիւը ընդհանուր Երեսփոխանաց թիւին 1/19 եւ 120 Երեսփոխաններու մէջ վեց հոգի ըլլալու էր, մինչդեռ հիմա 80 է. գաւառներու Երեսփ. թիւը 114 պէտք է ըլլայ մինչդեռ հիմա 40 է: Գաւառները անվիճելի կերպով իրաւունք ունին բողոքելու այս անարդարութեան դէմ:

Մէկ բառով, կացութիւնը այն է որ` ամենաչնչին փոքրամասնութիւն մը եւ այն ալ Մայրաքաղաքին մէջ հաստատուած, հայ կեանքէն ուծացած, մեր բնագաւառի պէտքերուն անգէտ: Սահմանադրութեան հինցած տրամադրութեանցը զօրութեամբ, կ՚իշխէ այսօր մեր ազգին ճակատագրին վրայ:

Ազգը կառավարելու իրաւունքը` Ազգէն միայն կրնայ բղխիլ: Երկնային շնորհի մը droit divin-ի [1] վրայ հիմնուած աշխարհային իշխանութիւններու ատենն անցած է. այս դարը` դրական ճշմարտութիւններու դարն է, եւ ձրի ենթադրութիւններով չի կրնար գոհանալ:

Սահմանադրութեան վերաքննութեան պէտքին, եւ մանաւանդ վերը յիշուած երկու կարգի արդար պահանջումներու գոհացում տալու մասին, չեմ կարծեր որ Երեսփոխանական Ժողովին մէջ անհամաձայնութիւն գտնուի: Մէկ մտատանջութիւն մը, այն ալ Տէրութեան քաղաքականութեան տեսակէտով, այս ձեռնարկին պատեհ կամ անպատեհ ըլալու խնդիրն է:

Նախ պէտք է ընդունիլ որ Սահմանադրական Թուրքիան, Բռնապետական Թուրքիայէն հարկաւ աւելի ձեռնտու է մեր պահանջած վերաքննութեան: Այս բանաւոր ենթադրութենէն զատ, այս օրերս հրէայ հասարակութեան Ազգային օրէնքի մասին ցոյց տրուած դիւրութիւնը շօշափելի ապացոյց մըն է թէ մեր Սահմանդրութեան վերաքննութիւնը պիտի կրնայ յաջողիլ, առանց մեծ դժուարութիւններու, մանաւանդ եթէ զայն անպայման կերպով չընդլայնենք եւ այժմ սա՛ յիշուած երկու էական խնդիրներով սահմանափակենք:

Ազգային իշխանութեան մեքենային ամենամեծ անիւն է` Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը. այդ անիւը իր այժմի շինուածքովը հեռու է իր պաշտօնը գոհացուցիչ կերպով կատարելէ, եւ այդ թերին է որ բոլոր Ազգային գործերու մէջ ցնցումներու պատճառ կ՚ըլլայ:

Ներկայ Դահլիճին նպաստաւոր վերաբերումէն պէտք է որ օգտուինք, մեր Սահմանադրութիւնը արդար եւ ազատական հիմքերու վրայ դնելու համար: Ասով մենք Սահմանադրութեան հիմնադիրներուն արժանաւոր յաջորդները պիտի հանդիսանանք:

Արդարութեան եւ ժամանակիս յառաջդիմական ոգւոյն համաձայն եղող այս վերաքննութիւնը ի գլուխ հանելով, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը` ներքին խաղաղութեան գործին` որուն այնքան պէտք ունինք, ուղիղ եւ բնական լուծումը տուած պիտի ըլլայ:

Կ՚առաջարկեմ ուրեմն որ այս երկու կէտերուն վրայ Սահմանդրութիւնը վերաքննելու պէտքը ստուգելու, եւ այդ պէտքը հաստատուած պարագային հարկ եղած նոր տրամադրութիւնները խմբագրելով առ առաւելն ամիսէ մը Ժողովին բերելու համար եօթը անդամէ բաղկացած յատուկ յանձնաժողով մը կազմուի:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ
Երեսփ. Սամաթիոյ



[1] Աստուածային իրաւունք