Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

213. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Լոնտոն], 12 սեպտ. [1911] երեքշաբթի, ժամը 3

Անուշիկ, սիրական կնիկս,

Կ՚ուզես հաւատայ, կ՚ուզես մի հաւատար, բայց հաւատայ, որովհետեւ սուտ զուրցելու պատճառ մը չունիմ. եթէ մէկ մեծ ցաւ մը ունիմ նէ` ան ալ զքեզ քովս չունենալս [է]: Ասով ըսել չեմ ուզեր կոր որ մեծ զուարճութիւններ ունիմ եւ քու ալ մասնակից ըլլալդ կ՚ուզեմ: Ոչ. մինակս սենեակիս մէջ նստեր եմ: Իրաւ աղուոր սենեակ մը Tamesին վրայ, շատ սիւսլի եւ շատ անոյշ: Բայց մինակնիս եմ, թէ գործով կը զբաղիմ կոր: Բայց ճամբորդութիւնը ինքնին աղուոր բան է, մանաւանդ երբոր մարդ ընկեր ունի նէ եւ դուն ալ ճամբորդութեան հոգնութենէն փախչող չես. ընդհակառակը: Վիսպատէ[նէն] մինչեւ Քէօլն Ռէն գետին քովէն քալեցինք: Իրաւցընէ հրաշալի էր տեսարանը, եւ ուխտ ըրի որ գալ տարի միասին ան ճամբորդութիւնը ընենք եւ Աստուծմով պիտի ընենք: Խօսք կուտամ կոր. գիտես որ խօսքիս տէրը եղած եմ միշտ:

Հիմա ես հոս շատ embarrassant [1] վիճակի մը մէջ եմ. ես մեծ պանդոկ իջեր եմ եւ սուղ եւ շատ հարուստ կարասիով սենեակ նստեր եմ, անդին Արաքսին եւ աղջիկս թէեւ աւելի վատ պանդոկի մէջ են: Բայց ես գործեր ունիմ. ընդունելու մարդիկ ունիմ. ուրիշ տեղ չէի կրնար բնակիլ: Հերմինս քովս կ՚ուզեմ, ան ալ չըլլար: Ուստի [ուզեմ] չուզեմ ես հոս մինակս մնալու պարտաւորուած եմ եւ Հերմինս նորէն Արաքսիին կը ձգեմ:

Այս նամակին թուղթէն ալ կը հասկնաս շուտով որ ի՛նչ պանդոկ է ասիկա. գինն ալ թուղթին պէս խազըխի պէս է:

Պաչիկներ,

Գ. ԶՕՀՐԱՊ



[1] Նեղուած, անյարմար, դժուարին