Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

230. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Բարիզ], 23 սեպտ., [1911], շաբաթ առտու

Անուշիկ հոգիս,

Երէկ գիշեր opéra գացի. Saloméն ներկայացուցին: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալուն` շատ բազմութիւն կար: Տեսնուելու արժանի բան մըն էր: Պիտի ըսես որ Եւրոպայի մէջ, Բարիզի, տեսնուելու արժանի չեղող ի՛նչ կայ որ… Այդպէս կարծելն ալ սխալ է, չափազանցութիւն է: Օրինակի համար, առջի [օրը] Palais Royalի [1] թատրոնը գացեր էի. Coquette [2] անունով խաղ մը ներկայացուցին, խենթ եւ տղայական բան էր: Բայց Salomé-ին ըսելիք չի կար. մէկ acte [3] մը, բայց սքանչելի. վերջին 2 actes ballet կար. թէ աղուոր dansը [4] վերցնես` մնացածը բանթօմիմա է. միայն մէկ acteին կեցայ եւ հօթէլս դարձայ, պառկեցայ:

Այս առտու նամակդ առի: Իրաւունք ունիս. քաքան սուղոտ է կատուին քաքայէն ուրիշ քաքայ չ՚ըլլայ տէ:

Կ՚երեւայ որ առտու իրիկուն Տիկին Բաբազեանին հետ ես: Կը մեղքնամ կոր քեզի. մտիկ ըլլուելիք մէկը չէ: Բայց մենակութիւնը աւելի գէշ է: Հերմինս այս առտու հասաւ. քեզի ալ շատ նիւթ խօսակցութեան:

Ես երէկ Meyerին գացի, պէտք եղածը ապսպրեցի, բայց 15 օրէն առաջ պատրաստ չ՚ըլլար, ըսաւ: Քեզի աղուոր jupon [5] մըն ալ առի Galerie Lafayetteէն, շատ պիտի հաւնիս:

Միւս առածներս չե՜մ ըսեր:

Պաչիկներ`

Գ. ԶՕՀՐԱՊ



[1] Թագաւորական պալատ

[2] Պչրուհի

[3] Գործողութիւն, արարուած

[4] Պար

[5] Ներքին փեշ