Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

238. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Բարիզ], 7 հոկտ., 1911, շաբաթ առտու

Անուշիկ կնիկս,

Երեքշաբթի օրուան նամակդ առի. հաւանական է որ ցորեկին չորեքշաբթի օրուան գրածդ ալ առնիմ:

Վերջապէս, Արշակին հեռագիրը առի Parlamentին ո՞ր օրը բացուելու մասին. կ՚երեւայ թէ իրատէին կ՚սպասէ եղեր:

Ես հոսկէ երեքշաբթի կամ չորեքշաբթի կը մեկնիմ. ուրեմն Արամին ճամբայ ելլելէն առաջ Պոլիս պիտի գտնուիմ:

Պաչիկներ

Գ. ԶՕՀՐԱՊ