Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  

241. ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ

Կ. Պոլիս, մայիս 20/2 յունիս, 1912

Սգահանդէսի մեծ ժողովը որ, կազմակերպուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան կողմէ, տեղի ունեցաւ մայիս 20-ին` ի ներկայութեան 3000 անձերու, բազմաթիւ պատուիրակութիւններու, Հայ, Թուրք եւ եւրոպացի հասարակութեանց ներկայացուցիչներու, ինչպէս եւ Պարսիկ դեսպանին եւ պարսիկ գաղութին, լսելէ ետքը տասնի չափ բանախօսները, որոշեց Ձեր կառավարութեան յայտնել իր ջերմ համակրանքը Պարսկաստանի ազատութեան պայքարին հերոս Եփրեմ Խանի անձին եւ գործին նկատմամբ, ինչպէս եւ իր խոր ցաւակցութիւնը: Խորապէս համոզուած ենք որ այս պատմական մահը նոր թափ մը պիտի տայ իր ընկերներուն եւ իր յաջորդներուն` բարձր բռնելու համար Սահմանադրական դրօշը, որ պիտի երաշխաւորէ Պարսկաստանի բոլոր տարրերուն երջանկութիւնը:

Նախագահ`

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ