Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

282. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Կ. Պոլիս, մայիս 20/2 յունիս, 1915],
Չորեքշաբթի, գիշեր ժամը 11

 

Սիրական կինս,

Հիմա իմացուցին ինծի որ Գոնիա պիտի երթամ. վաղը առտու կը մեկնիմ. գիտէք որ կուսակալը ինծի բարեկամ է. ուստի կը յուսամ որ նեղութիւն չի պիտի կրեմ: Ինծի մեծ սնտուկի մը մէջ երկու երեք ձեռք զգեստ եւ պէտք եղածին չափ ճերմակեղէն դնելով խրկեցէք: Չափէն աւելի բան մի՛ խրկէք: Անհոգ եղէք, տէրտ մի՛ ընէք, մարդու դիմում մի՛ ըրէք: Ամենքնիդ կը համբուրեմ, քեզի, Տօլլիիս եւ Հերմինիս աչուկները կը պագնեմ: Այս իրիկուն Հերմինիս սիրտը կոտրեցի, բայց քիչ մը ջղայնութիւն ունէի:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Քովս երեսուն ոսկիի չափ ստակ ունիմ. հիմակ ու հիմակ կը բաւէ. վերջէն թէ որ պէտք ըլլայ նէ, կ՚ուզիմ. քլուպէն առնելիքս առէք. 12 ոսկիի պարտք ունիմ, անիկա թող վար դնեն:

Գ. Զ.

8-10 հատ կարդալու ալ գիրք դրէք