Սասունէն ետքը. Ա. Դիակապուտները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ.

Սասունի Դէպքէն ի վեր, երկրորդ Յանձնաժողովն էր որ իր անդրանիկ նիստը կը գումարէր Պիթլիսի կառավարական պալատին մէջ։

Այս Յանձնաժողովը գործի դեռ չըսկսած, Ապտիւլ Համիտ, տեղի տալով եւրոպական մամուլի բարձրացուցած բուռն բողոքներուն եւ, մանաւանդ, օգտուելով Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի այն տարուան Արտաքին գործերու նախարարներուն՝ Լոպանօֆի ու Հանօթօյի թրքասէր քաղաքականութենէն, թոյլ ընթացքէն ու դիտումնաւոր բարեացակամութենէն, աճապարած էր, եւրոպական միջամտութեան մը պատահականութենէն զերծ մնալու համար, ինք իր կողմէն անմիջապէս Մուշ ղրկել Բ. Դրան կողմէն նշանակուած ու զուտ թուրք պաշտօնատարներէ բաղկացած Քննիչ Յանձնաժողով մը, որ մէկ ամիս առաջ Մուշ հասած եւ ճնշումներ ի գործ դնելով յաջողած էր ջուրին երեսը հանել Պիթլիսի Վալի Թահսին բաշան, Դ. Զօրաբանակի միւշիր Զէքի բաշան եւ իրենց արբանեակները, Սասունի Սպանդին կազմակերպիչները։ Արդէն այդ առաջին Յանձնաժողովը Հայաստան ղրկելէ առաջ, Բ. Դուռը պաշտօնապէս հրատարակել տուած էր իր Եւրոպայի դեսպաններուն բերնով թէ՝ Սուլթանը Սասունի մէջ տեղի ունեցած վերջին անկարգութիւններէն խորապէս յուզուած, Քննիչ Յանձնաժողով մը կը ղրկէ Մուշ, հայ աւազակներուն արարքները քննելու պաշտօնով։

  Բ. Դրան այս յայտարարութեան դէմ, Անգլիան խիստ քաղաքավար ոճով բողոք մը ղրկած էր միայն, առանց ո՛ եւ է գործնական քայլի մը. իսկ Ռուսիան ու Ֆրանսան, տրուած ըլլալով իրենց Արտաքին գործերու նախարարներուն թրքասէր քաղաքականութիւնը, հետեւեցան Անգլիոյ օրինակին, եւ այսպէս նուիրագործեցին Ապտիւլ Համիտի ծրագիրը, Սասունի Ջարդերը բնական հետեւանք ընդունելով հայ աւազակներու ապստամբութեան։

  Առաջին թուրք Յանձնաժողովը, ինչպէս որ յայտնի էր, մէկ ամսուան մէջ ամէն բան կարգի դրած վերջացուցած էր, Եըլտըզի գաղտնի հրահանգներուն համաձայն։

Սակայն, երբ քննութեան արդիւնքը հրատարակուեցաւ, Եւրոպայի ամէն անկիւններէն զայրոյթի աղաղակներ լսուեցան։ Հակառակ Սուլթանին ծախուած քանի մը թերթերու յայտնի խեղաթիւրումներուն, եւրոպական մամուլը սկսաւ կատաղի պայքար մը մղել Ապտիւլ Համիտի դէմ, զանազան սեւ մակդիրներով դատապարտելով զայն քաղաքակիրթ աշխարհին առջեւ։

Սասունի Ջարդերուն է՛ն սոսկալին տեղի ունեցած էր Սուլթանին գահակալութեան տարեդարձին օրը, 1894 օգոստ. 19ին։ Կ. Պոլսոյ բրիտանական մեծ դեսպանը փութացած էր իր կողմէն դէպքերուն վայրը քննութիւն կատարելու համար ղրկել Վանայ իր հիւպատոսը Մ. Հօլվօրտ, որ շուտով ճամբայ ելած էր դէպի Սասուն եւ որուն մուտքը սակայն արգիլուած էր տեղական կառավարութեան կողմէն, ամբաստանուելով իբրեւ Հայերուն պաշտպան եւ զանոնք ապստամբութեան գրգռող՝ կայսերական կառավարութեան դէմ։ Այս ամբաստանութեան վրայ, Սըր Ֆիլիփ Քըրրի զայրացած, հեռագրով հրահանգ ուզած էր Լոնտոնի կառավարութենէն, եւ Սուլթանին քով պնդած էր դեսպանատան կողմէն մասնաւոր քննիչ մը ղրկելու, քննութիւնները կատարելու համար տեղին վրայ։ Ապտիւլ Համիտ վախէն ետ առած էր Վանայ հիւպատոսին դէմ յերիւրուած ամբաստանութիւնը, եւ խնդրած էր, որ դեսպանատան կողմէն քննիչ մը չը ղրկուի։

Մեծ դեսպանը կը խոստանայ չը ղրկել, սակայն, միեւնոյն ժամանակ կը պահանջէ որ Մուշ ղրկուած Յանձնաժողովը խառն ըլլայ եւ բրիտանական, ֆրանսական եւ ռուսական երեք հիւպատոսներն ալ անդամակցին անոր։ Ապտիւլ Համիտ, հոտառու եւ խորամանկ աղուէս մը թէեւ, իր խորհրդատու Սայիտ բաշային թելադրանքներէն ու Սըր Ֆիլիբ Քըրրիի վարտնոտ ու թոյլ ընթացքէն քաջալերուած, կը մերժէ եւ ձգձգումներով ժամանակ վաստկելու համար երկար բանակցութեան մը կը սկսի։ Խնդիրը զանազան փուլերէ անցնելէ ետքը, վերջապէս բրիտանական մեծ դեսպանը ստիպուած էր տեղի տալ եւ ընդունիլ Սուլթանին թուրք Յանձնաժողովը, խնդրելով միայն որ Նորին Վեհափառութիւնը արտօնէր որ Անգլիան, Ֆրանսան ու Ռուսիան ալ յիշեալ յանձնաժողովին կցեն գէթ երեք պատուիրակները, ո՛չ թէ իբր անդամներ, այլ պարզ ականատես վկաներ, նիստերուն ներկայ գտնուելու եւ ի հարկին հարցումներ ալ ուղղելու։ Սուլթանը կ’արտօնէր միայն որ երեք պատուիրակներ ներկայ ըլլան նիստերուն պարզ վկայի հանգամանքով, պայմանով որ այդ երեք պատուիրակները հիւպատոսները չըլլային, այլ Էրզրումի բրիտանական, ֆրանսական, եւ ռուսական հիւպատոսներու քարտուղարները։

Ահա՛ այս երեք քարտուղարնե՛րն էին որոնք կը մասնակցէին երկրորդ Քննիչ Խառն Յանձնաժողովի նիստին, եւ որոնց իրաւասութեան սահմանն ու բնութիւնը դեռ չէին գիտեր Պիթլիսի վալին ու միւշիր Զէքին։ Իսկ Յանձնաժողովը բաղկացնող օսմանեան Քննիչները գիտէին ամէն բան եւ սակայն գաղտնի կը պահէին զանազան նկատումներով։

Այս հակիրճ պատմականը պէտք էր ունենալ աչքի առջեւ, պայծառ գաղափար մը կազմելու համար Սասունեան Արիւնոտ Շրջանին մէջ Եըլտըզի խաղցած տխուր դերին վրայ եւ զայն բաղդատելու համար եւրոպական անպատկառ դիւանագիտութեան կամաւոր ապիկարութեանը հետ։ Սասունը, ինչպէս բացայայտօրէն կը տեսնուի, անգամ մը Կարմիր Սուլթանի մը ձեռքով խողխողուելէ ետքը, երկրորդ անգամ կը սպաննուի երկու անխիղճ հրէշներու, քաղաքակրթութեան անունով խօսող ու գործող Երկւորեակի մը, Լոպանօֆի ու Հանօթօյի գրչի մէկ հարուածովը…։ Իսկ Անգլիան, վտանգի րոպէին փախչող ու իր զոհը թշնամիին ճանկերուն մէջ ձգող վատ բարեկամի մը պէս, ձեռքերը կը լուայ կը քաշուի։

Դառնանք հիմա նիւթին։

Ինչպէս կը յիշեն ընթերցողները, Պիթլիսի մէջ, ռուսական պատուիրակը խորհրդակցութեան հրաւիրած էր իր բնակարանին մէջ, անգլիական ու ֆրանսական իր պաշտօնակիցները։ Խորհրդակցութիւնը շատ կարեւոր էր, խնդիրը կը դառնար ցերեկուընէ ստացուած հեռագրին վրայ։ Վալին ու միւշիրը կը զրկուէին յանձնաժողովին նիստերուն մասնակցելէ, եւ թերեւս քիչ ատենէն Պոլիս պիտի կանչուէին դատուելու համար։ Ասիկա բարենշան երեւոյթ մըն էր, փոփոխութիւն մը, զոր տեղի կ’ունենար իրենց կառավարութեանց ու Բ. Դրան յարաբերութեանց միջեւ։

Ես կը խորհիմ թէ, կ’ըսէր ռուսական պատուիրակը, կառավարութեանս մեծ դեսպանին կողմէն ազդու միջամտութիւն մը տեղի ունեցած պէտք է ըլլայ, որովհետեւ, շա՛տ լաւ գիտեմ, Պ. Նէլիտօֆի ազդեցութիւնը մեծ է Եըլտըզի մէջ, Սուլթանին անձնական բարեկամութիւնը կը վայելէ, ինչպէս որ յաճախ իմացած ե՛ս նոյնիսկ մեր ընդհանուր հիւպատոսին բերնէն։

Ինչո՞ւ չէ, կ’ըսէր ֆրանսական պատուիրակը, ես ալ այդպէս կը խորհիմ, որովհետեւ թէ՛ Պիթլիսի վալին եւ թէ՛ միւշիր Զէքի բաշան, երկուքն ալ սիրուած անձնաւորութիւններ են Եըլտըզի մէջ, Սուլթանին անսահման վստահութիւնը կը վայելեն, ասիկա չընդունիր ո՛չ մէկ տարակոյս, իսկ հիմա որ աչքէ ինկած են եւ դատուելու, մինչեւ իսկ մահուան դատապարտուելու սպառնալիքին տակ կը գտնուին, չէ՞ք զարմանար, բարեկամնե՛ր, անսովոր բան մը պէտք է պատահած ըլլայ, այնպէս չէ՞…։ Պալատական էնթրի՞կ, չե՜մ հաւատար, որովհետեւ ինչպէս որ դուք ալ գիտէք ինծի չափ եւ թերեւս ինէ աւելի, Եըլտըզի ամբողջ աշխարհը, Պիթլիսի վալիին ու միւշիր Զէքի բաշային խմորովը շաղուած արարածնե՜ր կը պատսպարէ, մեծ էնթրիկանին՝ Ապտիւլ Համիտի հովանաւորութեանը տակ…։

Միւս երկու պատուիրակները քրքիջներ արձակեցին։

Մի՛ խնդաք, շարունակեց ֆրանսական պատուիրակը, բա՛ն մըն ալ ինկաւ միտքս։ Չըլլա՛յ թէ կնկան մատ մտած ըլլայ այս գործին մէջ.

Ի՜նչպէս, հարցուց բրիտանական պատուիրակը,

Սպասեցէ՛ք որ պատմեմ, յարեց ֆրանսական պատուիրակը, անցեալները, դեռ Էրզրում էի, շա՜տ կը խօսուէր թուրք ջոջերու շրջանակին մէջ, Դ. Զօրաբանակին միւշիրը հայ գեղեցիկ աղջիկներու հաւաքածոյ մը խոստացեր է ղրկել Եըլտըզ, կայսերական կանանոցը զարդարելու համար, եւ կարծեմ թէ մաս մը ղրկած է արդէն. բայց, Եըլտըզի մէջ դիտել տրուած է թէ՝ միւշիրը վար դրած է իր կանանոցին համար է՛ն աղուորները, եւ թէ՝ ասոնք իրեն ու Պիթլիսի վալիին միջեւ բաժներ է Սուլթանին ականջը հասեր է շշուկը…։ Հիմա՛ չէ՞ք ենթադրեր թէ՝ այդ միջադէպը շարժառիթ եղած ըլլայ թէ՛ վալիին եւ թէ միւշիրին յանկարծական անկումին…։

Հաւանակա՜ն է, հաւանակա՜ն է, կը կրկնէին բրիտանական ու ռուսական պատուիրակները, Արեւելքի մէջ ամէն բան կարելի է…։

Ի՛նչ որ ալ ըլլայ շարժառիթը, յարեց Էրզրումի բրիտանական հիւպատոսարանին քարտուղարը, սա՛ ճշմարիտ է թէ՝ վաղը կրնայ ուրիշ հեռագիր մըն ալ հասնիլ, մեր պաշտօնին սահմաններն ընդարձակող հեռագիր մը. չը՞ կրնար ըլլալ.

Կ’ըլլա՜յ, կ’ըլլա՜յ, կրկնեց ռուսական պատուիրակը, երերցնելով գլուխը, չըսի՞նք արդէն, Արեւելքի մէ՜ջ կ’ապրինք, ամէն օր նոր անակնկալով մը յղի Արեւե՜լքը…։

Անշո՜ւշտ, յարեց ֆրանսական պատուիրակը, կրնայ նաեւ պատահիլ բոլորովին հակառա՜կը, օրինակի համար, վաղը նոր հեռագիր մը կ’առնենք, որով մեզի կը ծանուցուի ձեռք քաշել գործէ եւ անմիջապէս վերադառնալ Էրզրո՜ւմ…։

Քրքիջներ փրթան աւելի ուժգին։

Յանկարծ դուռը կը բացուի ու պահակ մը ներս կը մտնէ, ռուսական պատուիրակին պահակը, որ երեք կարմիր պահարաններ ձեռքին մէջ, կը մօտենայ իր տիրոջ եւ զանոնք իրեն կը յանձնէ։ Սա աչքերը պահարաններուն վրայ կը պտըտցընէ եւ անոնցմէ մէկը ֆրանսական պատուիրակին կը յանձնէ եւ միւսը՝ անգլիականին։

Երեք պատուիրակները միեւնոյն ժամանակ սկսան կարդալ։

  Պոլսէն, երեք մեծ տէրութեանց դեսպաններէն քաշուած հեռագիրներ էին, երե՛քն ալ նոյն իմաստով։ - Բրիտանական մեծ դեսպանին կրկնակի պնդումներուն վրայ, վերջապէս Սուլթանը ստիպուած էր տեղի տալ եւ արտօնել որ բրիտանական դեսպանատան թարգմաններէն մէկը ղրկուի Մուշ, Քննիչ Յանձնաժողովէն անկախաբար, տեղւոյն վրայ քննութիւններ կատարելու եւ տեղեկագրելու պաշտօնով, թարգմանին կ’ընկերակցէր Թայմզի թղթակից մը, որ իրաւունք ունէր տեղեկութիւններ հաւաքելու Սասունի ջարդերուն վրայ, օրը օրին Լոնտոն հեռագրելու իրենց քաղած տեղեկութիւնները, առանց հանդիպելու ո՛ եւ է արգելքի կամ դժուարութեան, տեղական իշխանութեանց կողմէն։

Հեռագիրը կ’աւելցնէր թէ՝ կը յուսացուի մօտ օրէն ճամբայ հանել նաեւ ռուսական ու ֆրանսական դեսպանատուններուն թարգմաններէն մէկ մէկ հոգի, բրիտանական թարգմանին աջակցելու եւ ասոր հետ գլուխ հանելու քննութիւնները, որոնց արդիւնքէն կախում պիտի ունենար երեք մեծ տէրութեանց ապագային բըռնելիք ընթացքը՝ հանդէպ օսմանեան կառավարութեան, եւն։

Այս հեռագրին պարունակութիւնը մեծ ուրախութիւն առթեց պատուիրակներուն, որոնք կը տառապէին իրենց կրաւորական դերէն ու պարզ վկայի հանգամանքէն, իրենք որ մօտէն կը տեսնէին ու կը շօշափէին գործուած անգթութիւններուն ահաւոր հետքերը։ Միւս կողմէ, կը խորհէին թէ՝ Բ. Դրան քննիչներն ալ պէտք է միեւնոյն ժամանակ ընդունած ըլլան նոյն իմաստով հեռագիր մը, եւ թէ՝ Եըլտըզէն գաղտնի հրահանգնե՛ր ալ ստացած կ’ըլլան օր առաջ աւարտելու քննութիւնները, կանխած ըլլալու համար մեծ դեսպանատանց թարգմաններուն կողմէն կատարուելիք անկախ քննութիւնները, որոնց արդիւնքը շատ տարբեր պիտի ըլլար ապահովաբար իրենցինէն։ Ուստի, երեք պատուիրակներն ալ, միեւնոյն մտածումներէն առաջնորդուած, որոշեցին ձգձգումներով ժամանակ վաստկիլ, մինչեւ դեսպանական թարգմաններուն ժամանումը, որպէս զի թէ՛ անոնց խորհրդով շարժին եւ թէ՛ անոնց միտքը լուսաւորեն տեղական իշխանութեանց կողմէն, մութի մէջ, ձեռքի տակէ ի գործ դրուած մեքենայական խաղերուն նկատմամբ։

Այս որոշումը պիտի գործադրէին վաղուընէ սկսեալ, չը մասնակցելով Յանձնաժողովի նիստերուն։

Գիշերը բաւական առաջացած էր, անգլիական ու ֆրանսական պատուիրակները կը պատրաստուէին հրաժեշտ տալ, երբ ռուսական պատուիրակին պահակը ներս մտաւ եւ իր տիրոջ ականջին փսփսաց.

Վարը հայ քահանայ մը կը սպասէ, կը խնդրէ ներկայանալ Ձեզի։

Պատուիրակը դարձաւ ըսաւ իր պաշտօնակիցներուն,

Խնդրեմ, քիչ մըն ալ սպասեցէ՛ք, տեսէ՛ք ի՛նչ կ’ըսէ մեր պահակը. վարը հայ քահանայ մը կը սպասէ, կը փափագի մեզի ներկայանալ, ի՞նչ կ’ըսէք.

Թո՛ղ վեր գայ նայինք, ըսին երկու հիւրերը, թերեւս նոր լուր մը պիտի հաղորդէ.

Չեմ կարծեր թէ՝ հայ քահանայ մը պարապ բանի մը համար մեր դուռը բաղխէ, ըսաւ ռուսական պատուիրակը, շատ հաւանական է թէ՝ յեղափոխականներէն, բանտարկեալներէն եւ կամ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանէն կարեւոր լուրեր կը բերէ մեզի, գէշ չըլլար, թո՛ղ գայ նայինք, թո՛ղ գայ։

Հինգ վայրկեան հազիւ թէ անցած էր, երբ պահակին առաջնորդութեամբ ներս մտաւ ալէխառն մօրուքով, քիչ մը կոր կռնակով, միջակ հասակով, նիհար, այտոսկրը ցցուած, արծուեռունգ մարդ մը, որ խեղճուկ տարազի մը տակ կրցած էր պահել եկեղեցականի մը յատուկ շուքը։ Մօտեցաւ պատուիրակներուն եւ գլխի շարժումով մը բարեւեց ու տանտիրոջ հրաւէրին վրայ, անցաւ բազմեցաւ անկիւնի քանաբէի մը վրայ։

Ի՞նչ կայ, յարգելի՛ Հայր, հարցուց ռուսական հիւպատոսարանի քարտուղարը.

Ի՜նչ պիտի ըլլայ, պատասխանեց քահանան դողդոջ ձայնով մը։

Եւ ձեռքը ծոցի գրպանը տանելով, զգուշութեամբ մը դուրս հանեց նամակածրար մը, զոր բռնելով երկու ձեռքերով, շարունակեց.

Պարո՛ն պատուիրակ, ասո՛ր մէջ է ամէն բան, կը խնդրեմ որ աչքէ անցընէք եւ պատասխան մը տաք ինծի…։

Ատոր մէջ ի՞նչ կայ, Տէր Հայր, հարցուց բրիտանական հիւպատոսարանի քարտուղարը, դուք չէ՞ք կրնար բերանացի պատմել մեզի։

Ո՞ր մէկը բերանացի պատմեմ, Պարո՛ն պատուիրակ, յարեց քահանան, մի՛ կարծէք թէ ասոր մէջինները շինծու առասպելներ են, ամէնքն ալ իրողութիւններ են, շատերը տեսած եմ իմ աչքերովս, անգամ մը կարդացէ՛ք եւ պիտի հասկնաք թէ՝ ի՜նչ քստմնելի ոճիրներ գործուած են այս անիծուած վայրերուն մէջ…։

  Ու նամակածրարները դողդոջուն ձեռքերուն մէջ, տղու մը պէս կուլար ու կը հեծկլտար խեղճ քահանան։

Մի՛ լաք, յարգելի Հա՛յր, ըսաւ ֆրանսական հիւպատոսարանի քարտուղարը, ինծի տուէ՛ք նայիմ, ի՛նչ գրուած է։

Քահանան մօտեցաւ ու ձեռքի ծրարը յանձնեց քարտուղարին, որ բացաւ ու սկսաւ քաղել զայն. մինչդեռ քահանան գլխուն զարնուած մէկու մը պէս, մօրուքը ձեռքին մէջ կը մտմտար, սպասելով որ սփոփարար բառ մը լսէր պատուիրակներուն բերնէն։

Բաւական ընդարձակ, ֆրանսերէն լեզուով, Պիթլիսի Կեդրոնական բանտին մէջ նետուած հարիւրաւոր հայ բանտարկեալներուն ստորագրութիւնները կրող խնդրագիր մըն էր եւրոպական երեք պատուիրակներուն ուղղուած։ Այդ խնդրագրին մէջ մանրամասնօրէն նկարագրուած էին բանտին մէջ ի գործ դրուած խոշտանգումները, որոնց հետեւանքով մեռած էին արդէն մէկ քանի ծերունի բանտարկեալներ։ Դատական պաշտօնեաներուն ու նոյն իսկ վալիին անունով պահանջուած կաշառքներուն քանաքը, նաեւ հարցաքննութեան ժամանակ գործադրուած աննկարագրելի ծեծ ու տանջանքները, բռնի խոստովանութիւններ քաղելու համար. վերջապէս այդ խնդրագիրը՝ հաւաքածոյ մըն էր, ամփոփոյք մը՝ համետական բռնապետութեան դժոխային վարչութեանը տակ ա՛յնքան անգթօրէն գործուած հակամարդկային ոճիրներուն ու զեղծումներուն, որոնց հեղինակները դատախազներ կամ դատաւորներ եղած էին, իրենց ողջ մնացած զոհերուն մահուան դատապարտութիւնը պահանջելու կամ վճռելու համար։

Ֆրանսական պատուիրակը հարեւանցի ակնարկով մը քաղելէ ետքը, խնդրագիրը երկնցուց ռուսական պատուիրակին, որ, իր կարգին, աչքէ անցընելէ ետքը յանձնեց զայն բրիտանականին։

Յետոյ, ռուսական պատուիրակը դառնալով քահանային.

Տէ՛ր Հայր, ըսաւ, դուք անհոգ եղէ՛ք, այս խնդրագիրը մեր քով կը մնայ եւ նկատի կ’առնուի. միայն կը խնդրեմ որ մէկ քանի հարցումներուս պատասխանէք։

Պատրա՜ստ եմ, ամենա՜յն սիրով, ըսաւ քահանան, աչքերը սրբելով ձեռքի մեծալայն, սեւաթոյր թաշկինակովը։

Ըսէ՛ք ուրեմն, Տէ՛ր Հայր, ի՞նչպէս այս խնդրագիրը յաջողեցաք ձեռք անցընել, ո՞վ էր որ բանտարկեալներուն ստորագրութիւնները հաւաքեց։

Շա՜տ պարզ է խնդիրը, ըսաւ քահանան, բանտը կ’այցելեմ երբեմն, հոգեւոր մխիթարութեան համար. ինծի արգելք չէ դրուած, վալին վստահութիւն ունի անձիս վրայ, անցեալ շաբթուան մէջ բանտը մտայ, քանի մը հիւանդներ կային, Աւետարան կարդացի գլուխնին ու մխիթարեցի, յետոյ, բանտարկեալներուն պետերէն մէկը մօտենալով ինծի, այդ խնդրագիրը յանձնեց։

Ո՞վ էր այդ պետը, կը ճանչնա՞ք, հարցուց անգլիական պատուիրակը։

Ո՞վ չը ճանչնար զինքը, յարեց քահանան, Սասունի հերոսը չէ՞ք ճանչնար, Մուրա՜տը, Մուրա՜տը։

Մուրա՞տը, բացագանչեց ռուսական պատուիրակը, ի՞նքը տուաւ այդ խնդրագիրը։

Այո՛, ի՛նքը տուաւ, պատասխանեց քահանան, որ, պատուիրակներուն քով հետզհետէ համարձակութիւն ստացած, սոխակ էր կտրեր։

Պատուիրակները զարմացական ակնարկներ փոխանակեցին իրենց միջեւ։

Քահանան ոտքի ելաւ ու դառնալով պատուիրակներուն,

Է՜հ, ըսաւ, սիրեցեա՜լ զաւակներս, ես կը մեկնիմ, այդ խնդրագիրը ձեր խղճմտանքին կը յանձնեմ. կը մաղթեմ որ Աստուած միշտ ձեզի հետ ըլլայ եւ օրհնէ ձեր գերդաստանները՜…։

Երեք պատուիրակները մինչեւ դուռը քահանային ընկերացան։

Քահանան մեկնելէ ետքը, երկու հիւրերն ալ պատրաստուեցան մեկնելու։

Կէս գիշեր էր, երբ անգլիական ու ֆրանսական պատուիրակները, իրենց պահակներուն հետ, դուրս ելան ռուսական պատուիրակի բնակարանի դուռնէն եւ վերադարձան իւրաքանչիւրն իր բնակարանը։

Փողոցները ձիաւոր ոստիկաններ կը պտըտէին։ Բնակարանները թաղուած էին խորունկ լռութեան մը մէջ. միայն, ընդհատաբար կը լսուէր հեծեծանքներու հեռաւոր արձագանգը։

Քաղաքը խոր քունի մէջ ընկղմած, կը խորդար։