Սասունէն ետքը. Ա. Դիակապուտները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԳ.

Միւշիր Զէքի բաշան գործադրած էր բրիտանական քարտուղարը կաշառելու ծանօթ ծրագիրը։ Իր կանանոցի հայ աղջիկներէն մէկը, որ իսլամանալու առթիւ ստացած էր Մէլէք անունը, միւշիրի տան վաղեմի ծառաներէն Մէճիտ աղայի ձեռքով փոխադրուած էր Անգլիացիին բնակարանը։

Ո՞վ էր սակայն Մէլէք։

Սասունի ճգնաժամին, Անդոքի սարը կռուոող հերոսուհիներէն՝ Կէլիէկուզանցի Մելիքին աղջիկը՝ Սօնան էր, Շաքէի անբաժան ընկերուհին, որ Շաքէն ինքզինք ապառաժներէն վար նետելէ ետքը, ժամերով շարունակած էր կռիւը, տասնեակներով թշնամիներու գանկը ջախջախած էր քարերով, եւ ի վերջոյ, յուսահատական գերագոյն րոպէին, տեսնելով իր զէնքի ընկերուհիներուն մէկիկ մէկիկ հետեւիլը Շաքէի օրինակին, ի՛նք ալ վար նետուած էր սեպ ու հսկայ քարաժայռի մը գագաթէն, իր կոյսի անարատ պատիւը փրկելու համար գազանաբարոյ հրոսակներու ձեռքէն։

Ահա՛ այս հերոսուհին էր, Մէլիքի աղջիկը Սօնան, որ յետոյ, Շաքէի հետ իրենք զիրենք ապառաժներէն վար նետող հարիւրաւոր նահատակ ընկերուհիներու անշնչացած դիակներու դէզին մէջէն ողջ հանուելով, գերի տարուած էր միւշիր Զէքի բաշային վրանը։ Ու հիմա, միւշիրի կանանոցին մէջ երկար օրեր ու գիշերներ ամենախենէշ ու լկտի գարշանքներու առարկայ ըլլալէ, գաղտնի տառապանքներէ ու լուռ արցունքներ թափելէ յետոյ, կը փոխադրուէր Էրզրումի բրիտանական հիւպատոսարանի քարտուղարին բնակարանը, ծառայելու անոր անասնական կիրքերուն…։

Սօնա սակայն հասարակ աղջիկ մը չէր, Սասունցի տիպար հերոսուհի մը, ի ծնէ յանդուգն, անկախ նկարագրի տէր, յեղափոխութեան առաջին կոչին ի՛նքը պատասխանած էր, զինւորուհի գրուելով ու մտնելով հայրենիքի պաշտպան Հնչակեան դրօշակին տակ։

Յեղափոխութեան նուիրուած օրէն, ուխտած էր չամուսնանալ, մինչեւ որ Բռնապետութեան լուծէն ազատագրուած չը տեսնէր իր պաշտելի Սասունը։ Նահապետական վաղնջական աւանդութիւններէն ու սովորոյթներէն ըլլալով, Սասունցիները շատ կանուխ կը նշանուէին, շատերը՝ օրօրոցէն կապուելով. Սօնան ալ նշանուած էր իր գիւղի քաջերէն՝ գեղեցիկ երիտասարդի մը հետ, որ իրեն պէս Հնչակեան մկրտուած էր Մելքոն Խուրշիտի ձեռքով, եւ որ, աւա՜ղ, Անտոքի ճգնաժամային կռիւներուն մէջ նահատակ ինկած էր, տասնեակներով թշնամիներու դիակներուն վրայ, որոնք իր իսկ ձեռքով գետին փռուած էին։ Եւ այս այնքան ազնիւ, ա՛յնքան արի նշանածին կորուստին վրայ, Սօնայի փափուկ սիրտը խոցուած, ա՜լ չէր բաբախեր ուրիշի մը համար. ա՛լ մեռած էր սէրը սաղմին մէջ, ու կեանքը՝ գոյութիւն ունենալէ դադրած…։

Կեա՛նք մը միայն կ’երազէր այնուհետեւ, յեղափոխականի մաքուր կեանքը, ալեկոծ կեանքը, որուն մէջ ազատօրէն պիտի կրնար ըմբոշխնել աներեւակայելի հեշտանքներ, ցոյց տալով իր մէջ անձնազոհ, անձնուրաց աղջկան մը գերագոյն, անկարելի մարտիրոսութիւնը, որ ի վերջոյ պիտի փոխարինուէր անշուշտ ու պիտի պսակուէր ազատագրուած հայրենիքի մը յարութեամբը։ Ու այս յարութիւնը բաց աչքով տեսնելու համար, Սօնա պիտի ուզէր սիրայօժար զրկուիլ խոստացուած յարութենէն եւ հանդերձեալի անմահ փառքերէն ու վայելքներէն…։

Տխմա՜ր, խելագա՜ր Զէքի, որ ա՛յս խմորով, ա՛յս ուխտով ու ա՛յս կրօնքով սնած ու ապրած հայ աղջիկ մը կը յուսար գործիք ընել իր անիծապարտ ու դիւային ծրագիրներուն, իբրեւ կաշառք ընծայելով զայն քրիստոնեայ հակառակորդի մը։

Սօնա, իր նոր անունովը Մէլէք, սկիզբները դժկամակութիւն կեղծած էր մեկնելու Զէքի բաշային հարէմէն, ուր իբր թէ վարժուած էր ապրելու համակիր պաշտպանուհիներու տաք մթնոլորտի մը մէջ, եւ միւշիրի անձնական ու կրկնակի դիմումներու ու թախանձաքներուն իբր թէ տեղի տալով, համակերպութիւն յայտնած էր փոխադրուելու բրիտանական պատուիրակին բնակարանը։

Մ. Շիբլի, նոյնինքն Էրզրումի բրիտանական հիւպատոսարանին քարտուղարը, Մէլէքի առաջին տեսքին, սրտէն զարնուած էր, իր մէջ արթնցած էր իր մարդ գազանը։ Սակայն Մէլէք տակաւին անոր չէր յայտնած իսկութիւնը. տակաւին կը ճանչցուէր լոկ իբր թրքուհի մը, որ պիտի ծառայէր գոհացնելու քարտուղարին կիրքերը. հասարակ պոռնիկ մըն էր, որ Անգլիացիին ամուրի կեանքը պիտի համեմէր իր միսով ու իր այրող գիրկին մէջ պիտի տաքցնէր անոր ցուրտ ու ցամաք էութիւնը։

Մ. Շիբլի, Մէլէքի տիրացումը բոլորովին ապահոված ըլլալու համար, կը մտածէր փոխել անոր թուրք կնոջ տարազը, եւրոպական վերջին նորաձեւութեան ճաշակովը հագուեցնելով զայն. սակայն, միւս կողմէ, կը խորհէր թէ՝ Մէլէք իր հմայքը կը պարտէր մաս մըն ալ իր հուրքոտ աչքերն ու հրաւիրող այտերը ծածկող լաջակին, որուն տակէն աւելի կախարդող էր նայուածքը, աւելի գերող՝ մարմինը։ Վերջապէս, երկար ատեն որոճալէ ետքը, վերադարձաւ իր առաջին մտածման, փոխելու Մէլէքի տարազը, միանգամ ընդ միշտ ինքզինք պաշտպանած ըլլալու համար ամբոխային մոլեռանդութեան դէմ, որ կրնար օրին մէկը պոռթկալ, իր երեսին աղաղակելով թէ՝ կեավուր մը թուրք պահծու մը կը փակէ իր տան մէջ, եւն։

Ուստի Մէլէք երկրորդ օրը փոխեց իր տարազը, եւ դարձաւ ճշմարիտ եւրոպացի աղջիկ մը։

Մ. Շիբլի, առաջին օրէն իսկ համակրած էր Մէլէքի, չէր թերանար իր կողմէն շռայլելու կնոջական ամէն փայփայանք, տռփոտ նայուածքներ ու շանթահարող ժպիտներ, այնպէս որ Մ. Շիբլի շուտով բռնուեցաւ սիրահարութենէ։

Սօնա դեռ կ’ապրէր Մէլէքի կեղծ անուան տակ, առանց ինքզինք մատնելու, մինչեւ որ հնչեց վճռական ժամը, ուր, ինքը պիտի պարտաւորուէր իր նոր տիրոջ հետ առանձնանալու ննջախորշին մէջ։

Ննջախորշը փոքրիկ խուց մըն էր, երկու հոգինոց մահճակալով մը, պարզ հայելիով մը, գանաբէով մը, երկու թիկնաթոռներով ու քանի մը կահերով շտկուած։ Անկիւն մը, փոքրիկ սեղանի մը վրայ դրուած լամբ մը կը վառէր, լուսաւորելով մահճակալի բարձիկներուն բեհեզը։ Մէլէք, քարտուղարին թեւը մտած, նազանքով մը կը մտնէր խուցը, գետնի փռոցներուն քսքսելով իր երկայնաձիգ գիշերազգեստը, լայն թեղանիքներով թուլակի վար ինկած, որուն մէջ աւելի գեղեցկացած կը թուէր Կէլեէկիւզանցի Մէլիքին իսլամացած աղջիկը։ Խե՜ղճ աղջիկ, սիրտը կը տրոփտրոփէր, քանի՛ Շիբլիի տռփոտ նայուածքը կը հանդիպէր լուռ արցունքներով դեռ թաց իր սեւ աչքերուն։ Շիբլի կը փորձէր ինք իր ձեռքով քակել աղջկան կուրծքի կոճակները, որոնք գիշերազգեստին առջեւի երկու եզերքները կը միացնէին վերէն վար, աչքերէն պահելով ներքեւի… գանձերը։

Մէլէք ինքզինք կը բազմապատկէր, օգնութեան կը կանչէր՝ հերոսուհիի իր գերբնական կարողութիւնները, զո՛ւր կը ջանար զսպել իր ներսի բոցավառ հրդեհը։ Գիշերազգեստը հանած էր արդէն ու նետած՝ գանաբէին վրայ, որուն միւս անկիւնը կը դողդղար իր սիրահարը։ Կը մնար հիմա հանել իր սկովտական գուլպաները, որոնք իր ալպաստրէ ծունկերուն վերի ճախրակներուն շուրջը կը վերջանային, եպենոսի սեւը փռելով կիճի սպիտակովը փայլող այն պսպղուն զիստերուն վրայ, երկու աստուածակերտ սիւներ, որոնց վրայ կը բարձրանար լեռին աղջկան այդ հրաշագեղ հասակը, սեւ առատ վարսերով հովանաւորուած գլուխով մը։ Մէլէք, իր մերկ սրունքներով, կէս բացիկ իրանով, հարուստ կուրծքով, շանթարձակ աչքերով ու այտերու վարդերովը կը ներկայանար նոր Ափրոդիտէ մը, գեղեցկութեանը լրումին մէջ։

Շիբլի, տռփանքէն մտրակուած ըղեղովը կ’երեւակայէր ինքզինք փոխադրուած առասպելական դրախտներու մէջ, ուր մէկի տեղ զոյգ զոյգ Եւաներ կը ճեմէին եւ կը ժպտէին իրեն։ Հեշտանքի ու ստնգանքի ծփանքի մը մէջ ընկղմած, Մէլէքի կաթի պէս ճերմակ, թարմ ու թովիչ մարմինը կը դիտէր անյագ աչքերով։ Ա՛լ չէր կրնար համբերել, էգի հոտէն զգայռած ռունգերէն մուխ մը խուժէր դուրս, ամբողջ մարմինը կը սրսփար, անդիմադրելի պէտքը կը մղէր զինք դէպի Մէլէքի կուսական դրախտը, որ հիմա բաց էր իրեն առջեւ, եւ որուն պահպանութիւնը չէին ըներ հիմա քերովբէներու բոցեղէն սուրերը։

Շիբլի յանկարծ ոտքի ելաւ, կը դողդողար, չէր կրնար մէ՛կ քայլ առաջանալ, ծունկերը բռնուած, իրարու կը զարնուէին, իսկ երկու ծնօտներուն մէջ ակռաները կը կափկափէին։ Պահ մը կեցաւ այնպէս ոտքի վրայ, շեշտակի նայելով Մէլէքի։

Արու եւ էգ նայուածքներ զիրար խաչաձեւեցին, գրկախառնումը վայրկենական եղաւ։

Մէլէք, իր մերկութեան մէ՛ջ անգամ կը ջանար պահել իր պաղարիւնը. անձնատուր ըլլալ չէր գիտեր, նո՛յնիսկ սիրոյ մէջ։ Ողջագուրումներու տենդային րոպէին, աջ ձեռքի փափուկ մատներովը մէջքի գօտին պինդ մը գրկած, ձախովը կ’աշխատէր ինքզինք ազատել Անգլիացիին երկու ջղուտ բազուկներուն մէջէն, մեղմ ու շատ տկար մաքառումով մը։ Անգլիացին, իր վայրագ գրկապնդումով իր կուրծքին վրայ սեղմած Մէլէքը, կը փորձէր գետնէն վերցնել ու գրկելով տանիլ նետել զայն մահճակալին վրայ։

Մաքառումը կը սաստկանար Մէլէքի կողմէն, որ չէր ուզեր յանձնուիլ, աջ ձեռքի մատները բնաւ չը զատելով արծաթապատ գօտիէն, որ կը շրջապատէր իր փափուկ մէջքը։

Շիբլի հետզհետէ կը զայրանար, քանի՛ ինքզինք տկարացած ու նուաստացած կը տեսնէր Թրքուհիի մը, գերի աղջկան մը քով, որ ա՛յնքան լրբօրէն կը յանդգնէր յամառիլ մերժումին մէջ։ Ասիկա ծանր էր, անմարսելի էր։ Անգլիացին ամփոփեց իր ոյժերը, իր հուժկու թեւերը թուլցուց, թողուց որ քիչ մը շունչ առնէր Թրքուհին, ետ ետ քաշուեցաւ ու սկսաւ սպառնացայտ նայուածքներ շանթել անոր վրայ։

Մէլէք, անտարբեր, աջ ձեռքի մատները միշտ իր մէջքի գօտիին վրայ, նոյն դիրքը կը պահէ, առանց տեղէն շարժելու։

Ինչո՞ւ համար այսպէս կը վարուիս, Մէլէ՛ք, ըսաւ Շիբլի աղերսող ձայնով մը, չէ՞ որ ես քեզ կը սիրեմ, ինչո՞ւ կը քաշուիս ինծի հետ ընկերանալէ։

  Մէլէք, աջ ձեռքի մատները մէջքի գօտիին վրայ, բերանը չէր բանար, միայն խորհրդաւոր նայուածքներ կ’ուղղէր Անգլիացիին.

Չը խօսի՞ս, Մէլէ՛ք, ինչո՞ւ չես խօսիր, կը պաղատէր քարտուղարը, ինչո՞ւ այդպէս անտարբեր կը կենաս դիմացս, մինչեւ ե՞րբ պիտի չարչարես հոգիս, անո՛ւշ աղջիկ…։

  Մէլէք ետ ետ քաշուեցաւ ու շեշտակի նայեցաւ քարտուղարին, աջ ձեռքի մատները միշտ մէջքի գօտիին վրայ դրած։

Քարտուղարը Մէլէքին նայուածքին մէջ մթին նշոյլներու ցոլքը կարդաց եւ սկսաւ դողալ անոր առջեւ։ Մէլէք իր մէջքի գօտին քակեց, կռնակը դարձուց քարտուղարին, գօտին լաւ մը փաթթեց ոլորեց եւ խնամով մը քովի գանաբէին վրայ նետելէ ետքը, ետին դարձաւ, տրտում տրտում նայեցաւ քարտուղարին ու քնքոյշ ձայնով մը.

Ազնուակա՛ն պարոն, ըսաւ, մի՛ մօտենար ինծի, կ’աղաչե՜մ, թող զիս թո՛ղ, քիչ հանդարտէ՛, սանձէ՛ կտղուցդ, նստէ՛ դարձեալ դիմացս, ե՛ս ալ քովդ նստիմ ու պատմեմ քեզի իմ արկածներս. նախ լսէ՛, յետոյ ըրէ՛ ինչ որ կ’ուզես, այս խուցէն դուրս չպիտի՛ ելլեմ, քո՜ւկդ եմ արդէն, քու ստացուա՜ծքդ, ազնիւ պարոն, սակայն կ’աղաչե՜մ, զիս վայելելէ առաջ, հաճէ՛ վայրկեան մը զիս մտիկ ընել, համբերէ՛ քիչ մը, սպասէ՛ որ պատմեմ թէ ո՛վ եմ ես, թէ ի՛նչ նպատակով քու տունդ փոխադրել տուաւ զիս միւշիրը…։

Քարտուղարը սարսռաց։

Ո՞վ էր արդեօք այս աղջիկը, ի՞նչ պիտի պատմէր իրեն, արդեօք ի՜նչ յայտնութիւն պիտի ընէր, ի՜նչ գաղտնի դաւ պահուած էր արդեօք այս բոլոր բաներուն տակ, միւշիր Զէքի բաշան ինչո՜ւ պիտի ընծայ ղրկէր իրեն այս աղջիկը…։

Կը խոկար Անգլիացին եւ չէր կրնար լուծել այս առեղծուածը։

Վայրկենապէս ինքզինք ամփոփեց, գնաց նստաւ գանաբէին վրայ, եւ դառնալով Մէլէքին.

Մէլէ՛ք, ըսաւ, հագիր գիշերազգեստդ, դիմացս նստէ՛, պատմէ՛ նայիմ ի՜նչ յայտնութիւններ ունիս…։

  Ու Մէլէք, վերստին հագուելով, եկաւ նստաւ գանաբէին միւս ծայրը, իր մէջքի արծաթապատ գօտիին քով։

Յետոյ, աջ ձեռքովը վեր առնելով գօտին, քակեց ու մէջէն հանեց դաշոյն մը։

Անգլիացի քարտուղարը ցնցուեցաւ, ինքզինք հաւաքեց ու սկսաւ ուշի ուշով հետեւիլ այս աղջկան շարժումներուն.

Կը տեսնե՞ս այս դաշոյնը, ազնի՛ւ պարոն, ըսաւ Մէլէք, երախակալը փափուկ ձեռքին մէջ, շեղբը շողացնելով, ասիկա իմ կեանքիս հրեշտա՜կն է, անբաժան, հաւատարիմ ընկերը, սուրբ յիշատակ մը, նշխա՜ր մը սիրականէս, որ բացակա՜յ է յաւիտենապէս…։

Ու դաշոյնը քովը դրած, գլուխը կուրծքին վրայ ծռեց։

Կուլար։

Քարտուղարը հետզհետէ կը շահագրգռուէր այս խորհրդաւոր էակով, կամաց կամաց կը սկսէր ամչնալ իր առաջուան դիրքէն ու վիճակէն։

Դարձեալ գլուխը վեր առնելով, շարունակեց Մէլէք.

Ազնի՛ւ օտարական, ամէն կասկած փարատելու եւ քեզի ամէն գաղտնիք խոստովանած ըլլալու համար, ահա՛ կը յայտարարեմ, ես Թրքուհի մը չե՜մ, ու Մէլէք չէ՛ իմ անունս,

Ի՜նչ կ’ըսես, բացագանչեց քարտուղարը, ի՞նչ ազգէ ես ուրեմն եւ ի՞նչ կը կոչուիս.

Ես հայուհի մըն եմ, յարեց աղջիկը, եւ Սօնա կը կոչուիմ, բնիկ Սասունցի, Կէլիէկիւզան գիւղէն, որ հիմակ աւերա՜կ է…։ Ես յեղափոխական զինւորուհի՜ մըն եմ, Հնչակեան դրօշակին տակ կռուեցայ, հայրս, եղբայրներս արիաբար նահատակուեցան անհաւասար պատերազմին մէջ. իսկ նշանածս, իմ գիւղէս աննման կտրիճ մը, ինծի հետ, կուշտ կշտի կռիւ մղած միջոցին ինկաւ։

Հոս կանգ առաւ Սօնա… չէր կրնար առաջ տանիլ պատմուածքը. արցունքի երկու խոշոր կաթիլներ այրեցին անոր թարմ այտերը։

Իսկ քարտուղարը, սոսկումով մը համակուած, չէր համարձակեր Սօնայի երեսը նայելու։

Մի՛ մեղադրեր զիս, պարո՛ն, շարունակեց հերոսուհին, աղջկան մը սիրտը շատ դիւրազգած է ու թախծոտ յիշատակներ թա՜րմ են տակաւին. աչքիս առջեւ են տակաւին սիրելիներուս անհետացած դէմքերը. դժբաղդ, հալածուած, լքուած ո՜րբ մըն եմ ես, ցեղիս դահիճներուն ձեռքը մատնուած, անոնց գազանային կիրքերը յագեցնելու սահմանուած զո՜հ մը եւ գործի՜ք մը….

Պաղարիւն Անգլիացին, որ քանի մը վայրկեան առաջ, ննջախորշի փորձիչ մթնոլորտին մեղկութեանը մէջ, կ’երազէր ինքզինք տռփանքի դրախտներուն սեմին վրայ կանգնած, արեւելքի շքեղ աղջկան մը թեւերուն մէջ՝ պատրաստ ըմբոշխնելու գիշերներու ամէնէն հեշտալին, յանկարծ, Սօնայի հոգեսարսուռ յայտնութիւններէն ցնցուած, արգահատանքի ակնարկ մը նետեց անոր տրտմանոյշ դէմքին վրայ, որ կը դալկահարէր, ու գորովոտ ձայնով մը, հարցուց Սօնայի.

Կը դիտեմ որ անկեղծ աղջիկ մըն ես ու կը հաւատամ բոլոր պատմածներուդ, հիմա կրնա՞ս ըսել ինծի թէ՝ ի՞նչ պատուիրեց քեզի միւշիրը…։

Սօնա, մտածկոտ ու լուռ, քարտուղարին աչքերուն մէջ կը նայէր անթարթ։ Եւ այս դիրքին մէջ մնաց րոպէներով, մինչեւ որ քարտուղարը կրկնեց նոյն հարցումը։

Ի՞նչ պատուիրեց քեզի միւշիրը, չը խօսի՞ս, ինչո՞ւ լուռ կը մնաս, ի՞նչ կը մտածես, մի՛ քաշուիր, պատմէ՛ նայիմ…

Ազնի՛ւ պարոն, խօսեցաւ վերջապէս Մէլիքին աղջիկը, այո՛, պիտի պատմե՜մ, պիտի պատմեմ, բայց, բարի եղի՛ր գաղտնապահ մնալու, խոստացի՛ր զիս բերան չը տալու, եւ ես քեզի պիտի յայտնեմ գաղտնիքներ, որոնք պիտի քստմնեցնեն հոգիդ, կը խոստանա՞ս ուրեմն գաղտնապահ ըլլալ…

Կը խոստանամ, ըսաւ Անգլիացին, կրնաս վստահիլ խօսքիս. միայն, մի՛ մոռնար ո՛չ մէկ պարագայ, ես ամէն երաշխաւորութիւն կուտամ քեզի, այս խուցէն դուրս չը հանելու ո՛չ մէկ խօսք, սկսէ՛ ուրեմն պատմել թէ ի՛նչ պատուիրեց քեզի միւշիրը։

  Սօնա, քարտուղարին ա՛յնքան անկեղծ շեշտով արտասանած վերջին բառերէն բոլորովին համոզուած,

Մտիկ ըրէ՛ ուրեմն, ազնի՛ւ պարոն, ըսաւ, նախ պէտք է գիտնալ թէ՝ միւշիրը մարդու կերպարանքով գազան մըն է, ոճիրներու մէջ թրծուած, խղճմտանքը խեղդած հրէշ մը, որ իր հետապնդած նպատակին հասնելու համար, վարանիլ չը գիտեր միջոցներու ընտրութեանը մէջ, բաւական է որ անգամ մը վճռած ըլլայ։ Ահաւասի՛կ թէ՝ ինչո՛ւ զիս ընծայ ղրկեց քեզի…։

Անգլիացին, գանաբէին վրայ լաւ մը տեղաւորուած, Սօնայի շրթունքէն կախուած, աւելի լարեց իր ուշադրութիւնը.

Վերջին օրը, կը շարունակէր Սօնա, երբ իր բնակարանէն պիտի մեկնէի, ձեռքէս բռնած, գորովագութ հօր մը գուրգուրանքով, քանի՛ քանի անգամներ կրկնելով, կը պատուիրէր. «Աղջի՛կս, քեզի նայիմ. եթէ յաջողիս սպաննել այդ օտարականը, գիտցած ըլլաս, Պոլիս պիտի ղրկեմ քեզ, Եըլտըզի թագուհիների կարգը պիտի մտնես, մեր առատագութ Սուլթանին աչքին լո՜յսը պիտի ըլլաս դուն, մի՛ վախնար, ես հոս կեցա՜ծ եմ, քեզ պիտի պաշտպանեմ. գիտե՜մ, գիտե՜մ, եթէ կամք ընես, կրնաս գլուխ հանել այս գո՜րծը…»։

Անգլիացին շունչը բռնած մտիկ կ’ընէր։

Յանկարծ ցատկեց տեղէն ու գոչեց.

Զի՞ս պիտի սպաննէիր, զի՞ս։

Այո՛, քեզ սպաննելու պաշտօնը յանձնած էր ինծի, եթէ երբէք չարժանանայի համակրանքիդ, պատասխանեց Սօնա։

Բայց ինչո՞ւ պիտի սպաննել տար զիս, հարցուց քարտուղարը, հետզհետէ զայրանալով, ի՞նչ ըրեր եմ իրեն որ ինծի դէմ այդպիսի չար խորհուրդ մը պիտի յղանար…

Շա՜տ պարզ է, ազնիւ պարոն, յարեց Սօնա, քու ներկայութիւնդ կը նեղէ զինքը. քանի՜ քանի անգամ իր բերնէն լսած եմ, ամէն անգամ որ անունդ տար, խընզը՛ր կեավուր կ’ըսէր, մասնաւորապէս քեզի՛ դէմ ոխ պահած է, որովհետեւ համոզուած է թէ՝ Պոլսոյ բրիտանական մեծ դեսպանին բողոքին վրա՛յ է որ ինքը Սուլթանին աչքէն ինկած է վերջերս. այս քէռադա քարտուղարէ՛ն է քաշածներս, կ’ըսէր յաճախ…

Բայց, Սօնա՛, յարեց քարտուղարը, մի՛թէ միջոց կը պակսէ՞ր միւշիրին, եթէ որոշած էր մէջտեղէն վերցնել կեանքս. ինչո՞ւ քու ձեռքովդ սպաննել տալ խորհած է…

Ազնի՛ւ պարոն, յարեց Սօնա ժպտելով, կը տեսնեմ թէ՝ իմ խօսքերուս ոգին չէ՛ք թափանցեր, միւշիրը, ինչպէս յիշեցի, միջոցներու ընտրութեանը մէջ վարանիլ չը ՛ գիտեր. գիտէ՞ք ինչո՛ւ կնոջ մը ձեռքով սպաննել պիտի տար քեզ. եթէ, օրինակի համար, ես գործիք ըլլայի իրեն ու փորձէի այդպիսի ոճիր մը, եւ ոճիրը գործելէ յետոյ բռնուէի, պիտի ամբաստաներ քեզ իբրեւ Թրքուհի մը բռնաբարելու յանդգնող եւ ոճիրը գործելու պահուն սպաննուա՜ծ…։

Անգլիացին սկսաւ խոկալ։ Կամաց կամաց կ’ըմբռնէր Սօնայի յայտնութեան կարեւորութիւնը։ Տեղէն ելաւ ու սկսաւ ման գալ ննջախորշին մէջ, մինչդեռ Սօնա կը նստէր գանաբէին վրայ։ Մէկ քանի շրջան ընելէ յետոյ, քարտուղարը կանգ առաւ Սօնայի առջեւ, ու ծռելով բռնեց ձեռքէն։

Սօնա ոտքի ելաւ։

Սօնա՛, ըսաւ քարտուղարը լուրջ դէմքով մը, Սօնայի փափուկ ձեռքերը իր ձեռքերուն մէջ առած. ահա՛, ահա՛ կ’երդնում քեզի, պատիւի՛ս վրայ, որ աւելի կ’արժէ քան թէ կեանքս. Անգլիացիի պատիւիս վրայ կերդնում քեզի, հաւատա՛, մինչեւ գերեզման, մինչեւ վերջին շունչս հաւատարիմ պիտի մնամ քեզի, պիտի պաշտպանեմ քեզ ամէն պատահական վտանգներու դէմ, եթէ գործադրես ինչ որ պիտի հիմա պատուիրեմ քեզի։ Սակայն, պատուէրս քեզի հաղորդելէ առաջ, պարտք կը զգամ քենէ բան մը խնդրելու, աւելի ճիշդը, իրաւունք կը զգամ քենէ պահանջելու, գիտե՞ս ի՛նչ, գաղտնապահութի՜ւն…։ Ինչպէս որ քու բոլոր յայտնութիւններդ պիտի թաղուած մնան սրտիս ամենէն խորունկ ծալքերուն տակ, այնպէս ալ պէտք է դուն գաղտնի պահես պատուէրս. որուն գործադրութենէն պիտի ծագի լոյսը, պիտի երեւան գայ արդարութիւնը եւ պիտի պատժուի Ոճի՜րը…։

Խօսէ՛, ազնիւ պարոն, յարեց Սօնա, խօսէ՛ կատարեալ վստահութեամբ, խօսէ՛ առանց կասկածի, եւ ես կը խոստանամ ո՛չ միայն գաղտնապահ ըլլալ, այլ եւ կատարել պատուէրդ, եթէ ան իմ կարողութեանս սահմանին մէջ է անոր գործադրութիւնը. ինծի համար երջանկութեան սկզբնաւորութիւն մըն է Ապտիւլ Համիտի արժանաւոր միւշիրի մը ճիրաններէն ազատիլ ու քրիստոնեայ տէրութեան մը ներկայացուցիչ ազնիւ պարոնի մը յարկին տակ մտնել. ես այսօր կը գտնուիմ պատուաւոր պաշտպանի մը ձեռքերուն մէջ. ա՛լ ի՜նչ կ’արժէ կեանքս, ա՛յնքան անթիւ սիրելիներու կորուստէն ետքը, երբ փրկուա՜ծ է պատիւս, հայ կոյսի անաղա՜րդ պատիւը…։ Կը հաւատա՜մ, կը հաւատա՜մ, դուն չպիտի զիս խաբես, կուրօրէ՜ն պիտի հետեւիմ քեզի, կէտ առ կէտ պիտի կատարեմ պատուէրդ, քանի որ դուն կը վստահացնես զիս թէ՝ անոր գործադրութի՛ւնը պիտի երեւան հանէ արդարութիւնը եւ պիտի պատժէ Ոճի՜րը…։ Ա՜խ, ես արդէն ինչո՞ւ կ’ապրիմ տակաւին, ի՜նչ խիղճով, ի՜նչ երեսով, եթէ չպիտի կրնամ ըլլալ գոնէ տկար գործիք մը սուրբ վրէժխնդրութեան…։

Այո՛, այո՛, յարեց քարտուղարը, դո՛ւն պիտի ըլլաս հզօր գործիք մը՝ Հայրենիքիդ վրէժը լուծելու…

Հրամայեցէ՛ք, յարեց Սօնա խանդավառ շարժումով մը, եւ ես գործադրե՛մ, քանի որ Հայրենիքիս վրէ՜ժը պիտի լուծած ըլլամ.

Լսէ՛ ուրեմն, արի՛ Հայուհի, այս գիշերուընէ պիտի պատրաստուիս մեկնել այս քաղաքէն, պիտի քեզ Պոլիս ղրկեմ, մեր դեսպանատունը. պիտի ներկայանաս ու պատմես ինչ որ գիտես Սասունի Արհաւիրքէն ու Միւշիրի արարքներէն. երբէք մի՛ վախնար, քեզ ապահով ճամբաներէ պիտի առաջնորդել տամ. ծպտեալ պիտի ճամբորդես. վաղը, կատարեալ Անգլիացի աղջիկ մը պիտի դառնաս, վստահելի անձերու պիտի յանձնեմ քու կեանքդ ու քու պատիւդ, յանձնարարե՛մ պիտի քեզ Էրզրումի մեր հիւպատոսին, որուն պիտի ներկայանաս ու պատմես բոլոր գիտցածներդ. Էրզրումէն պիտի մեկնիս միեւնոյն վստահելի ընկերակիցներով դէպի Պոլիս, ուր դեռ դուն ոտք չը դրած, հեռագիրը պիտի կանխէ, դեսպանատան կողմէն մասնաւոր պաշտօնեայ պիտի գայ քեզ առաջնորդէ ուղղակի դեսպանատունը, պիտի ներկայանաս մեր մեծ դեսպանին եւ առանց քաշուելու, պիտի պատմես ամէ՜ն բան, կը հասկնա՞ս…։

Հասկցա՜յ, կրկնեց Սօնա, պատրաստ եմ մեկնելու նոյն իսկ գիշերուընէ. դուն զիս դեռ չե՜ս ճանչնար, յետոյ պիտի իմանաս. միայն կը խնդրեմ, թոյլ տայիք որ դաշոյնը հետս տանիմ. բոլոր սիրուած էակներէն ու առարկաներէն, որոնցմէ զրկուած եմ յաւիտենապէս, ասիկա՛ միայն մնացած է յիշատակ, ասիկա՛ միայն կրնայ մխիթարել զիս, հետեւաբար, ազնի՛ւ պարոն, կը խոստանա՜ք անշուշտ ամէն դիւրութիւն ընձեռել տալ չը զատելու համար զիս այն պաշտելի առարկայէն, այնպէս չէ՞.

Ինչպէս որ կ’ուզես, արի՛ Հայուհի, ըսաւ քարտուղարը վստահ շեշտով մը։

Որոշումը տրուած էր, Անգլիացին յարգանքով մը հրաժեշտ տուաւ Սօնայի, որ մինակը մնաց ննջախորշին մէջ, իր կոյսի պատիւին անարատութեանը հետ։

Կէս գիշերը վաղուց անցած էր, քարտուղարն ու Սօնան պառկեցան այն գիշեր իւրաքանչիւրը զատ սենեակի մը մէջ։

Սօնան ուրախութենէն մէկ երկու ժամ անկողնին մէջ արթուն մնալէ յետոյ, քունը տարաւ. իսկ քարտուղարը, մինչեւ առտու չքնացաւ. Գրասեղանին առջեւ անցած, երկու ծածկագիր հեռագիրներ խմբագրեց, մէկը՝ Էրզրումի անգլիական հիւպատոսին, միւսը՝ Պոլիս, բրիտանական մեծ դեսպանին։ Երկու հեռագիրներու մէջ ալ, մանրամասնօրէն պարզեց միւշիր Զէքի բաշային դաւադրութիւնը, Սօնայի պատմուածքին ամփոփոյքը։

Յաջորդ օրը, առտուն կանուխ, Պիթլիսէն մասնաւոր սուրհանդակ մը ճամբայ կ’ելնէր, իր հետ ունենալով Սօնան հիւպատոսարանի գավազ մը. եւ ուրիշ երկու եւրոպացի կիներ։ Ասոնք ամէնքը միասին Էրզրում պիտի երթային։

Նոյն առտուն, Էրզրումի հիւպատոսարանին քարտուղարը Մ. Շիբլի, երկու ծածկագիր հեռագիր կը յանձնէր Պիթլիսի հեռագրատան տնօրէնէն։