Սասունէն ետքը. Ա. Դիակապուտները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԵ.

Նախարարները մեկնելէ յետոյ, Ապտիւլ Համիտ պալատական մը ղրկած էր Տատեան Արթին բաշային ետեւէն եւ ետ կանչել տուած էր զայն։

Երկուքը մինակ էին, առանձնասենեակին մէջ։

Արթի՛ն, կ’ըսէր Համիտ մտերիմ շեշտով մը, հոս հիմա ուրիշ մէկը չը կայ. ինծի շիտակը պատմէ՛. ի՞նչ ըսաւ անգլիական դեսպանը.

Վեհափառ տէ՛ր, պատասխանեց Տատեան, դեսպանին խօսքերը նախարարներու խորհուրդին մէջ, Ձեր Վեհափառութեան ներկայութեանը, գրեթէ բառ առ բառ յիշեցի. դարձեալ կրկնե՞մ։

Ո՛չ, յարեց Համիտ, կրկնելու հարկ չը կայ, սակայն դուն ի՞նչ հասկցար այդ խօսքերէն. ի՞նչ կշիռ կրնան ունենալ։

Վեհափա՛ռ Տէր, յարեց Տատեան, մեծ կշիռ ունին, որովհետեւ երեք մեծ տէրութիւններն ալ համաձայնած են հաւաքական միջամտութեան մը համար, գիտէ՞ք, ինչո՛ւ ամենէն աւելի Անգլիան փութկոտ կ’երեւայ գործին մէջ. կը վախնայ որ չըլլա՛յ թէ երկու Դաշնակիցները, Ռուսիան ու Ֆրանսան իրմէ անջատաբար գործեն ու խաղ մը խաղան իրենց հաշուին։ Ես շատ իրաւացի եւ բանաւոր կը գտնեմ բրիտանական մեծ դեսպանին յայտարարութիւնները. իրա՛ւ է, Կիպրոսի Դաշնագի՛րը կայ, Անգլիան երաշխաւորած է օսմանեան կայսրութեան ամբողջութեան պահպանումը, ռուսական գրաւումներու դէմ, պայմանով որ օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ նահանգներուն մէջ անյապաղ գործադրուին խոստացուած բարենորոգումնե՜րը…

Բայց, ընդմիջեց Համիտ քիչ մը սրդողած, այդ բարենորոգումները մոռցուա՜ծ էին, ինչո՞ւ հիմակ յանկարծ երեւան կը հանուին։

Ներեցէ՛ք, Վեհափա՛ռ Տէր, Սասունի Դէպքը կը մոռնա՞ք, յարեց Տատեան։

Ուրեմն, շարունակեց Համիտ, այդ անիծեա՜լ Դէպքը պատրուակ մը պիտի ըլլայ ձեռքերնին։

Անշո՜ւշտ, Վեհափա՛ռ Տէր, ըսաւ Տատեան, սակայն, երանի՜ թէ բարենորոգումներուն գործադրութիւնը պահանջելո՛վ միայն բաւականանային։

Ուրիշ ի՞նչ կայ…

Խնդրե՜մ, Վեհափա՛ռ Տէր, պիտի ներէք անշուշտ, եթէ նախարարներուն ներկայութեանը չը յայտնեցի։

Ի՞նչը։

Այո՛, հիմա՛ պիտի ըսեմ։

Ըսէ՛ նայինք, յարեց Համիտ կասկածոտ շեշտով, ի՞նչ կայ նոր։

Նոր եւ կարեւոր միջադէ՜պ մը, Վեհափա՛ռ Տէր, ըսաւ Տատեան լուրջ դէմքով մը, երէկ, բրիտանական դեսպանը, ծանօթ յայտարարութիւններէն ետքը, հետեւեալ ցաւալի միջադէպը պատմեց ինծի. Սասունի Դէպքին քննութեան մասնակցելու պաշտօնով այդ կողմերը գացող եւրոպական պատուիրակներէն Էրզրումի բրիտանական հիւպատոսարանին քարտուղարը Մ. Շիբլի, ընդարձակ տեղեկագրով մը կ’ամբաստանէ միւշիր Զէքի բաշան, որ, եթէ պէտք է հաւատ ընծայել այդ քարտուղարի գրածներուն, Սասունի խռովութեանց միջոցին գերի բռնուած հայ աղջիկ մը բռնի իսլամացնելով իր հարէմը կ’ընդունի եւ ատեն մը զայն իր տունը կը պահէ Մէլէք անունով։ Զէքի բաշան կը մտածէ ասոր ձեռքով սպաննել տալ անգլիացի քարտուղարը, ուստի Մէլէքը նուէր կը ղրկէ անոր տունը, գաղտնիքը կը յայտնուի, Մէլէք ամէն բան կը խոստովանի եւ Շիբլի հեռագրով կը հաղորդէ իրողութիւնը մեծ դեսպանին։

Ո՞ւր է հիմա այդ աղջիկը, հարցուց Համիտ հետաքրքիր դէմքով մը.

Ո՞ւր պիտի ըլլայ, Վեհափա՛ռ Տէր, հո՛ս է, Բէրա, Բրիտանական դեսպանատունը…

Դարձեալ իսլա՞մ է թէ…

Ո՛չ, պատասխանեց Տատեան, դարձեալ հայ կը մնայ, եւ Սօնա կը կոչուի, իր նախկին անունով։ Մեծ դեսպանը կատղեր է, եւ ինծի յայտարարեց թէ մօտ օրէն Լոնտոն պիտի ղրկէ այդ աղջիկը, եւ բոլոր թերթերուն մէջ հրատարակել պիտի տայ միջադէպը. կը յիշէք անշուշտ, Վեհափա՛ռ Տէր, Մուսա պէկի խնդիրը, Կիւլզարի առեւանգումը, ի՜նչ իրարանցում ու դղրդում առաջ բերաւ Եւրոպայի մէջ…։

Ապտիւլ Հմիտ չէր կրնար նստիլ իր գահին վրայ, կատաղութիւնը իր կատարը հասեր էր. բացակայ Զէքիի հասցէին հայհոյանքներու տարափ մը կը տեղացնէր ու կը մռլտար։

Բայց, ըսաւ Համիտ, աղջկան կամ կնկան պարզ խնդիր մը մատը փաթթելէն ի՞նչ կը հասկնայ դեսպանը։

Վեհափա՛ռ Տէր, ըսաւ Տատեան, մահափորձի խնդի՜ր մըն է, կ’ըսէ դեսպանը. Վեհափառ Թագուհիի պատուիրակին կեանքին դէմ դաւադրութի՜ւն մըն է ասիկա…։

Ա՛ռ քեզի նոր փորձանք մըն ալ, մռլտաց միւշիր Զէքիին կուրծքը պատուանշաններով ծածկող Թագակիր Աւազակապետը։

Վեհափառ տէր, յարեց Տատեան, ես կը վախնամ որ չըլլա՛յ թէ ծանր հետեւանքներ ունենայ. եթէ կարելի է, հիմակուընէ առջեւը թո՛ղ առնուի.

Ի՜նչպէս…

Ցաւակցութիւն յայտնելով, ըսաւ Տատեան. եւ միեւնոյն ժամանակ ընդունելով մեծ դեսպանին առաջարկը։

Ո՞ր առաջարկը, հարցուց Համիտ։

Սասունի Դէպքին քննութեան համար երեք մեծ տէրութեանց պատուիրակներուն խնդիրը…

Երեք պատուիրակնե՛րն ալ հո՛ն են արդէն ու կը գործեն, ուրիշ ի՞նչ կը պահանջեն։

Չէ՞ որ երեք պատուիրակներ ըսուածները՝ Էրզրումի հիւպատոսարաններու պարզ քարտուղարներ են, նոր քննիչներ կ’ուզեն ղրկել, բաւական ընդարձակ իրաւասութիւններով, որպէս զի կարենան անկախաբար կատարել իրենց քննութիւնները։

Շա՜տ աղէկ, յարեց Համիտ համոզուած շեշտով մը, Արթի՛ն, ես պատրաստ եմ ամէն զիջողութիւններ ընելու, միայն, կրնա՞ս ապահովել կեանքս, կրնա՞ս համոզել զիս թէ՝ ո՛ եւ է վտանգ մը չկայ իմ անձիս դէմ, ահա՛ կը հրամայեմ քեզի, հիմա, ա՛յս րոպէիս, գնա՛ բրիտանական մեծ դեսպանին, հաղորդէ՛ իրեն իմ կամքս, կ’ընդունիմ որ նոր քննիչներ ղրկուին Սասուն. սակայն, յիշեցո՛ւր իրեն թէ՝ Անգլիան, կայսրութեանս ճշմարիտ բարեկամը, պէտք չէ՛ քաջալերէ ռուսական ոտնձգութիւնները, ո՛չ ալ ոյժ տայ ֆրանսական պահանջումներուն, որոնք միայն հեղինակութիւնս տկարացնելու չեն ծառայեր, այլ եւ անգլիական ազդեցութեան ու շահերուն ալ կը վնասեն, այս կէտերը չը մոռնաս յիշեցնել իրեն։

Ուրեմն, յարեց Տատեան գոհ սրտով մը, Ձեր Վեհափառութեան իրատէին համաձայն, պիտի երթամ յայտարարեմ իրեն թէ՝ Վեհափառ տէրս կը հաւանի որ անգլիական, ֆրանսական եւ ռուսական երեք պատուիրակներ երթան Սասուն եւ տեղւոյն վրայ կատարեն իրենց քննութիւնները, անկախաբար Բ. Դրան քննիչներէն. նաեւ, պիտի ցաւակցութիւն յայտնեմ Էրզրումի հիւպատոսական քարտուղարի միջադէպին առթիւ եւ պիտի խնդրեմ որ այդ խնդիրը փակուած նկատէ։

Այո՛, այո՛, Արթի՛ն, կրկնեց Հիւնքեարը, բացարձակ արտօնութիւն կուտամ քեզի կարգադրելու այս խնդիրը, ինչպէս որ կ’ուզես։

Տատեան Արթին բաշան, Հիւնքեարին իրատէն ծոցը, մեկնեցաւ Եըլտըզէն եւ ուղղակի Բէրա գնաց, բրիտանական դեսպանատունը, ուր նոյն գիշերուան համար նիստի հրաւիրուած էին ֆրանսական եւ ռուսական մեծ դեսպանները։ Տատեան Սըր Ֆիլիբ Քըրրիի հաղորդեց Սուլթանին հաւանութիւնը՝ Սասուն լիազօր եւրոպական քննիչներ ղրկելու եւ միեւնոյն ժամանակ կայսերական ցաւակցութիւնները յայտնեց Շիբլի Զէքի տգեղ ու տխուր միջադէպին առթիւ, խնդրելով որ այդ խնդիրը փակուած նկատէր, երկու տէրութեանց բարեկամական յարաբերութիւնները միշտ աչքի առջեւ ունենալով։ Սակայն բրիտանական մեծ դեսպանը զայրացած էր Զէքիի դէմ, մանաւանդ որ Լէտի Քըրրիի կողմէն պաշտպանուած Սասունցի հերոսուհի Սօնային այնքան յուզիչ պատմուածներուն տպաւորութեան տակ կ’ապրէր տակաւին։ Դարձաւ ըսաւ Տատեանի.

Ուրախ եմ որ Վեհափառ Սուլթանը վերջապէս ըմբռնած է րոպէին ստիպողութիւնը, եւ իր հաւանութիւնը տուած է մեր ա՛յնքան բանաւոր ու կրկնուած առաջարկներուն. արդէն այս գիշեր նիստի հրաւիրած եմ միւս երկու պաշտօնակիցներս, որոնք անհամբեր այս պատասխանին կը սպասէին։ Այս խնդիրը վերջացած է ուրեմն, կը մնայ հիմա ծանօթ տխուր միջադէպը, որուն մանրամասնութիւնները Լոնտոն հեռագրած եմ իր ժամանակին. հետեւաբար, կը ցաւիմ որ չպիտի կրնամ փակուած նկատել զայն. ստիպուած եմ սպասելու այդ մասին նոր հրահանգներու։

Սակայն, առարկեց Տատեան, քանի որ անձամբ եկած եմ Ձեր Վսեմութեան հաղորդելու կայսերական ցաւակցութիւնները, կրնաք հիմակուընէ երկրորդ հեռագրով մը խնդրել որ չը հետապնդուի այդ խնդիրը, աւելացնելով թէ՝ Վեհափառ Սուլթանը վերջին պահուն ընդունած է երեք մեծ դեսպաններուն առաջարկը, Սասունի մէջ անկախօրէն քննութիւն բանալու պաշտօնով երեք լիազօր պատուիրակներ ղրկելու, այնպէս չէ՞.

Հակառակը չեմ պնդեր, յարեց Սըր Ֆիլիբ Քըրրի, սակայն, Վեհափառ Սուլթանին հաւանութեան հետ երբէք կապ մը չունի ծանօթ միջադէպը. միւշիր Զէքի բաշան արդէն դատի տակ պիտի առնուի, շատ լաւ գիտէք. այս միջադեպէն աւելի նպաստաւոր առիթ մը կարելի՞ է երեւակայել այդ հրէշը դատապարտելու համար, ես չեմ կարծեր թէ՝ մեր Արտաքին Գործերու նախարարը փախցնէ այս առիթը, որ ինքնին կը ներկայանայ, նոյնիսկ կը սպասեմ թէ՝ հեռագրով Լոնտոն կանչուի Սասունցի հերոսուհին, որուն լուսանկարը ղրկած եմ նախընթաց թղթատարով. շիտակը դժուար, եւ թերեւս անկարելի պիտի ըլլայ այդ միջադէպին փակումը. երանի՜ թէ կայսերական ցաւակցութիւնները ժամանակին հաղորդուէին, հիմա շա՜տ ուշ է արդէն…

Տատեան լռեց։ Սըր Ֆիլիբ Քըրրիի անընկճելի յամառութիւնը ծանօթ էր իրեն. հետեւաբար, աւելորդ եւ անօգուտ կը նկատէր պնդել այդ մասին։ Քանի մը վայրկեան ալ մնաց հոն. առանց բառ մը արտասանելու. յետոյ, ոտքի ելլելով.

Վսեմաշո՛ւք տէր, ըսաւ, ուրեմն այսպէս, ձեռնունայն պիտի վերադառնամ։

Կը ցաւի՜մ, անհունապէս կը ցաւիմ, կրկնեց մեծ դեսպանը, ինչպէս կը տեսնէք, պարագաները փափուկ են, պէտք է սպասեմ նոր հրահանգներու, առանց որոնց մէ՛կ քայլ իսկ չեմ կրնար առնել. կը հաճիք անշուշտ այս կէտերը յանձնել Վեհափառ Սուլթանին ուշադրութեանը, որպէս զի թիւրիմացութիւններ չը ծագին։

  Տատեան հրաժեշտ տուաւ բրիտանական դեսպանին ու վերադարձաւ Եըլտըզ, ուր նոյն պահուն Ապտիւլ Համիտ գլուխ գլխի տուած էր իր առաջին քարտուղարին՝ Թահսին բաշայի հետ։ Տատեան մանրամասնօրէն հաղորդեց դեսպանական տեսակցութեան արդիւնքը, եւ, Հիւնքեարին հրամանին վրայ, վերադարձաւ Պէշիքթաշ իր բնակարանը։