Սասունէն ետքը. Ա. Դիակապուտները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԶ.

Այսպէս հա՞, կ’ըսէր Համիտ իր առաջին քարտուղարին, Եըլտըզի իր առանձնասենեակին մէջ գլուխ գլխի տեսակցութեանը միջոցին, դուն պէտք է գաղտնապահ ըլլաս, Մեծ Վէզիրէս սկսեալ մինչեւ յետին պաշտօնեաս, նոյնիսկ պալատականներս, պէտք է անտեղեակ մնան մեր այս գիշերուան խորհրդակցութեան մէջ տրուած որոշումին. ահա՛ւասիկ ինքնագիր նամակը. դուն, վաղը կանուխ, պէտք է վազես ռուսական դեսպանատունը, եւ անձամբ Պ. Նէլիտօֆի յանձնես ասիկա։

  Ապտիւլ Համիտի ինքնագիր նամակն էր, ուղղուած Ամենայն Ռուսաց Օգոստափառ Ցարին։

Եըլտըզի Ա. Քարտուղար Թահսին բաշա, որ ողբացեալ Սիւրէյա բաշայի խորհրդաւոր մահուընէն ետքը բարձրացած էր այդ պաշտօնին, յաջողած էր կամաց կամաց ամրապնդել իր դիրքը, մասնաւոր համակրանքը գրաւելով Հիւնքեարին, որ, առանց Թահսինի խորհուրդ հարցնելու, մանաւանդ ծանրակշիռ ու տագնապալի րոպէներու մէջ, չէր գործեր։ Նոյն օրուան նախարարական արտասովոր նիստէն ետքը, երբ Տատեան Արթին բաշան ղրկած էր Բերա Սըր Ֆիլիբ Քըրրիի քով, ռուսական միջամտութեան մը մղձաւանջէն տանջուող կայսերական գանկի փոթորիկը քիչ մը հանդարտեցնելու յոյսով, իր քով կանչած էր այդ սիրական պալատականը՝ Թահսին բաշան, խորամանկ Սուրիացին, որ անհրաժեշտ մարդը կը դառնար, ամէն անգամ որ կը սպառէին դիւանագիտական միջոցները։ Թահսին իր Տիրոջ խորհուրդ տուած էր Ռուսիոյ Վեհափառ Ցարին ուղղել այդ ինքնագիր նամակը, որուն մէջ Համիտ ամբաստանած էր Ամենայն Հայոց Հայրապետը Խրիմեան իբրեւ սկզբնապատճառ հայկական շարժումներուն, կը թուէր այդ խռովարար . ) վանեցիին արարքները, զանազան յեղափոխական գօմիթէներ կազմակերպելը, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի մէջ տարածուած բովանդակ Հայերը իրենց օրինաւոր կառավարութեանց դէմ ապստամբութեան հրաւիրող վնասակար թերթեր հրատարակելը, Պոլսոյ պատրիարքութեան գահը բարձրանալէն ի վեր խռովութեան որոմներ ցանելը, յետոյ Երուսաղէմ աքսորուիլը, ի վերջոյ Սիօնէն Արարատ փոխադրուիլը եւ Էջմիածնի Մայր Աթոռը բարձրանալը, իբրեւ Ընդհանրական Հայրապետ։

Ապտիւլ Համիտ իր Օգոստափառ Եղբօր թանկագին ծառայութիւն մը մատուցած ըլլալու ջերմ ( ՞ ) փափագէն մղուած, կը մատնանշէր Խրիմեան Հայրիկը, իբրեւ պետ յեղափոխական բոլոր Գօմիթէներուն, մութի մէջ, յարդի տակէ պատրաստելով Ընդհանուր Հայկական Ապստամբութիւն մը, որուն նպատակը պիտի ըլլար Կովկասի, Թուրքիոյ ու Պարսկաստանի միացեալ Հայերուն համար ստեղծել Հայաստան մը, Անգլիոյ թեւարկութեան տակ…։

Ինքնագիր նամակին մէջ Ապտիւլ Համիտ կը շեշտէր թէ՝ Էջմիածին աւազակներու, ոճրագործներու եւ ուխտեալ դաւաճաններու որջ մըն է, ուր կը դարբնուին ամենախիստ գաղտնապահութեան մը տակ, հայկական մթին դաւերու ատաղձներ. իր Օգոստափառ Եղբայրը կը զգուշացնէր հայ անիշխանականներու կողմէն պատրաստուած մահափորձէ մը, յար եւ նման այն մահափորձին, որուն զոհ եղած էր իր Երջանկայիշատակ Հաւը՝ Աղեքսանդր Բ. Ռուս Ոչնչականներուն ու հայ Անիշխանականներուն գաղտնի դաշնակցութիւնը կը մատնանշէր Նիքօլա Բ. ին, եւ կը թունաւորէր անոր միտքը, Խրիմեան Հայրիկը որակելով Սասունի՛ ալ վերջին Ապստամբութեան պարագլուխը, եւն, եւն, եւն։

Նամակին վերջերը կէտ մըն ալ կը յանձնէր Համիտ իր Օգոստափառ Եղբօր բարձր ուշադրութեանը. կը գրէր թէ՝ Էջմիածնէն՝ Խրիմեան եւ Պոլսէն՝ Իզմիրլեան, Խրիմեանի երկրորդ հատորը, ձեռք ձեռքի տուած, մէկ կողմէ՝ Կովկասի ու Թուրքիոյ մէջ հայկական ապստամբութեան խմորումը կը պատրաստէին եռանդով, միւս կողմէ՝ եւրոպական դահլիճները կը զբաղեցնէին իրենց լալկանութիւններով…։

Թահսին բաշան կառքը նետուեցաւ ու գնաց Ռուսական դեսպանատունը, Պ. Նէլիտօֆի յանձնելու համար այդ ինքնագիր նամակը զոր խնամով մը զետեղած էր թաւշապատ ու ոսկեդրուագ թղթապանակի մը մէջ։

Պ. Նէլիտօֆ կը նախաճաշէր, երբ Սուլթանին Ա. Քարտուղարը ներս կ’առաջնորդուէր։

Դեսպանատան հիւրասրահը մտաւ Թահսին, Ա. թարգմանին ընկերակցութեամբ։ Քիչ յետոյ, մեծ դեսպանը ներս մտաւ։ Սովորական քաղաքավարութիւնները փոխանակուելէ յետոյ, Թահսին Պ. Նելիտօֆի յանձնեց Սուլթանին ինքնագիր նամակը։