Սասունէն ետքը. Բ. Դէպի Եըլտըզ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է.

Մայրաքաղաքը սարսափի մէջ էր։

Վայրկենէ վայրկեան կը սպասուէր ահեղ պայթումին, որ ազդարարուած էր արդէն։

Հնչակեաններուն Յայտարարութեան օրինակները, հայերէն, թուրքերէն, ֆրանսերէն, կարեւոր հրապարակներու վրայ եւ գլխաւոր պողոտաներու անկիւնները կը տեսնուէին։

Շաբաթ օրը կանուխ, սովորական ժամանակէն շատ կանուխ գոցուեցան խանութները։

Ժողովուրդը խումբ խումբ կը վերադառնար, իւրաքանչիւրը իր թաղը։

Հրապարակը կ’ամայանար, եւ բերնէ բերան կը պատմուէր թէ՝ Հայերուն Ցոյցը, որ, ա՛լ յայտնուած էր, տեղի պիտի ունենար Խաչվերացի Մեռելոցի օրը, Սեպտեմբեր 18ին։

Մեծ դեսպաններուն ղրկուած զեկոյցները կարեւորութենէ զուրկ չէին։

Ցոյցը կազմակերպող յեղափոխական Մարմինը շատ լաւ գիտէր թէ՝ Համիտեան կառավարութիւնը բիրտ ուժին պիտի դիմէր եւ ժողովուրդին դէմ պիտի դարձնէր զէնքը, Ցոյցի պարագային, եթէ նոյնիսկ խաղաղասիրական բնոյթ ունեցած ըլլար ան. հետեւաբար, կազմակերպիչները խոհեմութիւն համարած էին կանխաւ ազդարարել այդ պարագան մեծ դեսպաններուն եւ պատասխանատու բռնել Բ. Դրան Ոստիկանութիւնը. իսկ եթէ ինչ որ հրաշք մը պիտի ըլլար, Համիտի բռնապետական կառավարութիւնը հանդուրժէր որ Հայերը կատարեն իրենց խաղաղ Ցոյցը, կազմակերպիչներուն համար քաջալերիչ պարագայ մը պիտի ըլլար ատիկա, որովհետեւ ուրիշ հարստահարուած ազգեր ալ խրախոյս առած պիտի ըլլային, իրե՛նք ալ սարքելու նմանօրինակ ցոյցեր ու իրենց զայրոյթը պոռթկալու Բռնակալին դէմ…։