Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՐԱՆՏ ԱՍԱՏՈՒՐԻՆ,

Պէշիկթաշ, 22 Մայիս 1884

Ո՜վ իմ անոյշ Հրանտս,

Դուն ըսէ` ես ի՞նչ յանցանք էի գործած, որ Աստուած այս սէրը դրաւ սրտիս մէջ. ի՞նչ ոճիր էի գործած, որ այս անհնարին, աննկարագրելի տանջանքին դատապարտեց զիս…։ Պահ մը յառաջ քնոյն մէջ ապաստան փնտռեցի տագնապներէս։ Ո՜հ, քնոյն մէջ ալ զիս կը հալածէ այս անիծեա՜լ սէրը…։ Սիրել ու սիրուիլ. կը կարծէի, թէ երջանկութիւն է՜. պաշտեալ էակի մը բերնէն լսել, թէ սրտին ընտրեալն ես շա՜տ ժամանակէ հետէ, կը կարծէի, թէ երանութիւն կը պարգեւէ։ Եւ երբ այս հաւաստիքն, այդ հրոյ բառերը լսելէ յետոյ, կը գոչէի շրթամբքս, թէ տիեզերաց ամենէն երջանիկ էակն էի, սրտիս մէջ միանգամայն կը զգայի բան մը, որ բերկրութեան վախճա՜նը, քան սկզբնաւորութիւնն է։ Դէմքս կը ճառագայթէր ու հոգիս կը մթագնէ՜ր…։ Երբ մանուկ էի, տրտում չէի. երբ ոչինչ էի, երջանիկ էի։ Ու անիծեա՜լ ըլլայ օրը, յորում յոչնչութենէ ի գոյ ածին զիս…։ Կը մաղթէի, ո՜ բարեկամս, որ վերադարձիդ` զիս գտնէիր ոչնչութեան գիրկն, ուր միայն պիտի գտնեմ երանութիւնն…։

Ո՜հ, ներէ՛, Հրանտ իմ, զի կու գամ խռովել հոգւոյդ խաղաղութիւնն։ Հոգւով մարմնով ուսումնական պարապմանց նուիրուած` սիրոյ տագնապք չեն գար ամպեր սփռել պատանեկութեանդ գեղածիծաղ առաւօտուց վրայ։ Որքա՜ն բերկրութեամբ կ՚իմանամ, թէ կանխահոգ միջոցներ ձեռք կ՚առնես այժմէն ապագադ ապահովելու համար։ Ապրիս մնաս։ Իմ գրչիս տակ քեզ տարօրինա՞կ պիտի թուէր ծերոց բերնին վայել այս մաղթանքն. այլ ես ալ ծերոց կարգ կը դնեմ զիս հիմայ, թէեւ երիտասարդ. սրտիս կրակէ՜ն, սիրտս լափող հրդեհէն մազերս ճերմկցան, ինչպէս որ նսեմաստուեր գիշերուան մէջ ծագած հրդեհն երկինքը կը լուսաւորէ։ Զիս տեսնողը կ՚ըսէ, թէ շա՜տ ապրած եմ. իսկ ես ամէ՛ն օր ինձ կ՚ըսեմ. «Ալ բաւ չէ՞, Եղիա, վարագոյրը չը փակե՞նք ալ…»։ Եւ դեռ կ՚ապրիմ, եւ դեռ կը տառապիմ։ Ժամացոյցս նայիմ` արդեօք քանի՞ ժամ մնացած է գիշերուան։ Այլ գիշերն առաւօտ ունի, գիշերն երազներ ալ ունի, եւ գուցէ գիշերնե՛րը կը ճերմկին մազերս, հեշտագին երազոց գիշերները գուցէ կը ճերմկի գլուխս, որպէս լուսնոյ գիշերները կը ճերմկին ու կը փայլին թուխ անտառները։ Եւ ինչո՞ւ ես ալ անապատը չառանձնանայի, ինչո՞ւ Յաւիտենական Աստուծոյն անդորրատու ծոցն ու ոտքը չիյնայի, աղջկան մը ոտիցը տակ հառաչելու ու հալելու տեղ։ Ա՜խ, կը վախնամ, որ սէրը զիս կորուսանէ, սէրը զիս սարսափելի վախճանի մը հասցնէ` խե՜ղճ մայրս ի՞նչ պիտ՚ ըլլար այն ատեն…։

Սէրը գրական ասպարէզին մէջ ալ զիս կը շուարեցնէ։ Մայիսի Շարժումն հրապարակէն ժողուըվեցաւ։ Շարժումը սիրահարական թերթ մը կ՚ընեմ եղե՜ր։ Միւս կողմէ ինձ չեն ներեր, որ Երկրագունտի մէջ հրատարակեմ «Դիցուհին ի բանտի»ի նման յօդուածներ, չեն ներեր նաեւ, որ հրատարակեմ մէկէ աւելի յօդուած։ Ես ալ յօդուած մ՚իսկ չը հրատարակեցի անցեալ ամսաթուոյն մէջ։ «Բարիզեան Նամականի»ն ալ խծբծուեցաւ։ Հասարակ կամ առ առաւելն միջակ բան մը կը մարսէ մեր ժողովուրդն։ Որպէս հոդ, հոս ալ ամէն ոք` գրաքննիչէն սկսեալ մինչեւ Տնօրէն ժողովն, ու բոլոր ընթերցողներն ու ընթերցուհիները, քեզ կ՚ընծայեն այդ յօդուածոց կնքահայրութիւնը կամ հայրութիւնը, բացի Չերազէն, որ Սուրէնեանին կը վերընծայէ զայն։ Շուարած եմ, եղբա՛յր. եթէ մանաւանդ Շարժումս դադարի, գրաքննութեան խստութեան շնորհիւ, ա՛լ ինձ կը մնայ ջախջախել գրիչս, եւ իրաւա՜մբ… խաչին ոտքն ապաստանիլ, ուր սակայն, աներկբայ եմ, սէրը զիս դարձեալ պիտի հալածէ…։

Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1911, էջ 21)