Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶԻՆ

Լօզան, 22 Սեպտ. 1897

Բարեկամդ իմ Մինաս (Չերազ),

…Եղո՜ւկ, որ ի դերեւ ելան մեր հի՜ն յոյսերը. կը կեղեքէին ամէն վայրկեան մեր սիրտը. մայրդ քու խանդաղատանքէդ զուրկ, ես` առ յաւէտ զրկուած մօրս խանդաղատանքէն, Հայրենիքն արեան եւ արտասուաց գետերէ ողողուած` որպէս երբեք չէ եղած, ընդհանուր աշխարհի ապագան մութ, ա՜հ, բաղձալի չէ՞ր որ փոթորկի մը մէջ աներեւութանայինք Լեմանի վրայ, երբ Լոնտոնէն եկար զիս տեսնել։ Ջուրին վրայ այնքա՜ն մակոյկներ կային եւ այնքանի՜ ամպ երկնի վրայ, եւ ի՜նչ հանգիստ ջուրին տակ։ Քանի՜ տարի է` կը կռուինք, մանաւանդ դուն, անբաղդատելի՜ գործիչ, ի՜նչ պայքարներ ունեցար վարելու։ Շնորհիւ հոգւոյդ անհամեմատ զօրութեան, աչքերդ, յաւէտ նպատակին սեւեռած, յոգնութիւն բնաւ չեն մատներ. դոյզն ինչ դէմքդ։ Աչացդ արտայայտութիւնն է «պիտի յաղթե՛մ», ի պատասխան անողոք ճակատագրի ձայնին` «դեռ պիտի կռուի՛ս, մի՛շտ պիտի կռուիս»։ Բայց առողջութիւնդ կը պահանջէ, որ դուրս ելնես մշուշներուն մէջէն։ Անգլիոյ քաղաքական եւ ընկերական մարդիկներն ի՜նչ հեշտ պայքար մը կը վարեն քուկինիդ համեմատութեամբ. կենաց պայքարներն որքա՜ն տարբեր են իրենց ու քեզ համար, որ ուսանողի սենեակ մը կը պառկիս, դո՛ւ Բռօֆէսէօռ, եւ գործաւորի մը պէս կը սնանիս…։

Քոյդ
Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1924, էջ 41)