Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱԶԱՐԷԹ ՏԱՂԱՎԱՐԵԱՆԻՆ

Սիրեցեալ Տոքդոր Տաղաւարեան,

Ուրբաթ օրուընէ ի վեր, ուր այցելեցի քեզ, սրտայո՜յզ, հին օրերու կամ մանաւանդ հին գիշերներու բաբախուն այն սրահին մէջ իբր միամեայ բացակայութենէ յետոյ, ա՛յն ուրբաթ օրէն ի վեր առողջական վիճակս սկսաւ բարւոքիլ. մասնաւորապէս ջղային դրութիւնս, որ երկուքի կոտրուեցաւ եւ ոսկրէ խա՜չ մը եղաւ կռնակս` Քրիստոսի փայտեայ խաչէն աւելի ծա՜նր, մասնաւորապէս ջղային դրութիւնս սկսաւ, գոգցես, իր նախնական ձեւին ու բնական վիճակին վերածուիլ նորէն։ Պատրա՞նք է այս ալ։ Եթէ այո՛, մաղթելի էր ինէ աւելի բարեկամացս համար, զորս տրտունջներովս կը տաղտկացնեմ, մաղթելի էր համայնից համար, որ այս պատրանքս մշտնջենական ըլլար։ Միայն, եթէ անկեղծ է բարեկամի մի տպաւորութիւնն, որ յիշողութեանս մէջ ահա ծայր կու տայ, խօսակցութեանս` իմ տրտունջներս անտառաց աշնանային երգեցողութեան հրապոյրը կ՚ընծայեն եղեր. ուստի եւ, բնութեան կեղերջական ձայներուն սիրահար բարեկամք, որոնք խօսակցութեանս մէջ այդ ձայներուն արձագանգը կը գտնեն, չարչարանացս մշտնջենաւորումը, քան իմ բժշկութիւնը պիտի մաղթէի՜ն…։

Չգիտեմ վաղուան համար ինչ նախասահման տնօրինութիւն կայ առողջական կամ հոգեկան վիճակիս մասին։ Գրուած է, թերեւս (ու գիրը չաւրուիր` ըստ առածին), թէ վաղ առաւօտ Հիւսուածաբանութեան հեղինակ բարեկամ բժիշկն` ուրիշ բժշկաց հետ պաշտօնական կամ անպաշտօն, մահիճս պիտի շրջապատեն, եւ, տէր բային փոխելով, Աւետարանին խօսքը պիտի կրկնեն. «Ղազարոս մեռաւ, եւ ես ուրախ եմ»։ Ինձ համար Աստուած այնքա՜ն հրաշքներ գործեց, որ, այո՛, այդ վերջին հրաշքն ալ, հրաշից պսակումն, ինձ համար պիտի չթերանայ. վախճանս հաստատելու կոչուած բժիշկք բանաստեղծն յարուցանելու կարողութեամբ պիտի օժտուին յանկարծուստ, եւ, այդ հրաշալի երեւոյթը գիտութեամբ բացատրելու անկարող, մահիճիս շուրջը պիտի ծնրադրեն եւ երկրպագանեն` հաւատքի հզօր արտասուօք թանալով, թափուծակ ընելով գետինը, մինչդեռ ննջեցեալը, մահու թմբիրը թօթափելով, անկողնին մէջ յարուցեալ պիտի նայի վեհափառ, Նաբոլէո՜ն մելամաղձութեամբ, ու շնորհակալ ուրախակցութեան աջ պիտի կարկառէ զինքն յարուցանող ու հի՛մայ հաւատացեալ բժիշկներուն, հի՛մայ ճշմարիտ ներկայացուցիչներ Գիտութեան։ Հաւատա՛, որ այս ամէն բան հնարաւոր է ինձ համար, այնքա՜ն անսահման եւ անսահմանելի է, այնքա՜ն ահեղ, անհասանելի է` ինչ որ մշտնջենապէս հոգիս կը յուզէ գերովկէանեան հոսանաց եւ վերեթերային մագնիսահոսութեանց սաստկութեամբ։

Չգիտեմ, կ՚ըսէի, ի՛նչ երազ այս գիշեր քունս պիտի պատկերազարդէ, կամ առաւօտուն ի՛նչ զարթում ինձ կը սպասէ։ Հիմայ, սատանայական գործակներու ազդեցութեամբ ներգեւած, ուղեղս կը յոգնեցնեմ` նոյն ազդեցութիւնը գտնելու համար։ Այս ապականակիր մարմինս տարիներէ ՜ի վեր կը տարբաղադրուի ու, թերեւս, իմ աչացս միայն գոյութեան պատրանքը կ՚ընծայէ, իրօք արդէն Տարտարոսին ստուերներուն հետ միացած…։

Քոյդ յաւէտ
ԵՂԻԱ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1925, էջ 93)