Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԷՏԵՐՆ Ի ՖԷՆԷՐ ՊԱՀՉԷՍԻ

ԱՌ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ն. ՄՕՍՏԻՉԵԱՆ

Հողէ լեզուակն երկար, դիտակ ու դըրախտ,

Դեռ երկարի՜ կէտադրութեամբ ի ծովուն։

Ներշընչմա՜ն վայր, շընչեն հողմն անդ ու հոգին.

Հոգւոյն, հողմոց խորհո՞ւրք են կէտքն այն մըթին…։

 

Լեզուակին վրայ ծառք լայնալանջ լեռնաբերձ.

Եւ ըզլեզուաւն նոյնքան յաղթ են մերթ ալիք։

Մերթ հովանին ծառոց, ալեաց մերթ պաստառ

Ծածկեն ըզկէտսն յայլոց աչաց, ո՜չ յիմոց…։

 

Են մեծ ի թիւ. ու անձնիւրն ունի ձեւ ուրոյն.

Անձնիւրն հոգւոյն ու հովերուն ցո՜լք նըսեմ`

Հոգւոյն, սակայն, բարբառին յար ու հողմոց.

Եւ բանք իւրեանց յար այլազան, անիմա՜ց…։

 

Նոցին ի տես խորհիմ բարձանցն յարաստուեր,

Խո՜ր այն բարձանց, ոյք յատակեն արդ ըզծով։

Է՛ր զի արփին ոսկեզօծէր զիւրեանց սար,

Եւ լիցի՜, զի խութքս ոչ տեսցեն արփ ու աստղեր…։

 

Ու այժմ իսկ այնպէ՛ս է, որպէս թէ չէր արեգ,

Թ՚երկնից բընաւ շողք առ աչօք էին ինչ,

Այնքա՛ն փոքրիկ մըթութիւնն այն մեծապէս

Լուսաբերին, լուսագընդոց դէմ սիգա՜յ…։

 

Գո՜գ ուրուականք քարացեալ, կամ բոյսք անծա՜ն,

Զոյս հողմն արկ անդ, ուր ածխացան խըրթնացան.

Ոմանք գորտից ունին զտեսիլ, այլք կըրիայք

Թըւին հեռուստ. սոսկո՜ւմն ազդէ իւրեանց տես…։

 

Հային սոքա յարախաղաց ի կոհակս,

Դոքա յերկինս ըզբացակա՞յ դիտեն զաստղս.

Մին` այլանդակն յամենեսին ու խաւար`

Առ կին Լուսիկ յակն արկանէ եւ սարսռա՜յ…։

 

Ու ամենեքին խաւարին են խօլաբա՜ր.

Ոսկի արփւոյն, արծաթ լուսնին, աստեղաց,

Յակինթ լուսոյն, կարապին, ձեան, փըրփուրին,

Ու ցանկատո՜ւ ճերմակ մարմնոց լոգուհեաց,

 

Ամէն շողից, ամէն կաթանց, թըրթըռմանց,

Ու փայլակին, առագաստին, փարոսին,

Ու քարրարեան մարմարաց դէմ, ու լուսոյն

Ելեկտըրեան, աղեղան դէմ եօթներփեան,

 

Հայհոյե՜ն անդ իւրեանց երդուեա՜լ մըթութեամբ…։

Այլ տըրտմապէ՜ս են մըթագին այն խութեր…

Ճակատագիր մը մըթութեան ճընշէ զայնս.

Կըրկի՛ն են մութ` գաղտ տենչանօ՜ք փողփողման…։

 

Սարսռան, այո՛, սարսո՜ւռ սիրոյ (տեսի՜ զայդ),

Յորժամ լաչակ մը լուսաթել դողդոջէ

Վարդ այտից վրայ` կայծակնացայտ աչաց շուրջ,

Կամ առիգած` զմիջով մեղրիկ մարմնեկին…։

 

Քար, ո՜չ. չեն այն ի ծայր լեզուին Ֆանարայ,

Յալիս ցանեալ մանր ու մըթին ձիգ կամ ցած,

Ժանեկաւոր կամ հարթ խարակքն անհամար.

Հողմոց, հոգւոյն խորհուրդք են կէտքն այն մըթին…։

(Արեւելք, 7 Օգոստոս 1889)