Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՒՆԿ

ԱՌ ՏԻՐԱՆ ՔԷԼԷԿԵԱՆ

Հո՛ւնկ, կարող չեմ սեւեռել

Աչքս ի վերայ գագաթանց,

Ոյք յար աճին, բարձրանան,

Բարեբաստիկ ու խըրո՜խտ,

Ոյք շող ըմպեն ու շուք տան,

Ուր թխսեն դիք եւ արծուիք։

 

Ես մահուանէդ ի վեր, Հո՛ւնկ,

Անձո՛ւկ ուղւոյն կը խորհիմ,

Ուր չը կոխեր մարդկան ոտք,

Ուր չը հոսիր յուղխ անձրեւ,

Ուղին` նախնեաց անծանօթ,

Ուղին` գործիք գըլխատման…

Ես այն ուղւոյն կը խորհիմ

Քու մահուանէդ ի վեր, Հո՛ւնկ։

 

Զոյգ կորագիծն այն փայլուն,

Որպէս օձ մը տափակցած

Այլ տակաւին հողէն բարձր,

Իւր ծիածանն համագոյն,

Գորշ ծիածանն իւր սողուն,

Աչացս առջեւ կը պարզէ

Իբրեւ հարցում մ՚անվախճան

Կամ պատասխան մ՚անողոք…։

 

Գիծն ասուպին խեղկատակ,

Ադամանդեայ մազն արփւոյն,

Աստղափոշւոյ լայն ճամբան`

Ուր կոյս անուրջք պսպըղան,

Կամ փայլակեն գիծ բեկբեկ`

Լո՜յս բուրգերու շարական,

Աչացս համար… յիշատա՜կք

Են մահուանէդ ի վեր, Հո՛ւնկ։

 

Անհուն ծերի մը զոյգ մազ`

Խոկմանց շոգւով ճերմըկցած,

Ալեւոյթին պէս անշարժ,

Երեւոյթի պէս խուսող,

Կորաձըգի աչքիս տակ`

Որպէս հարցում մը Սփինքսին

Ե՛ւ երկաթեայ պատասխան…։

 

Թըւի հարցնել ինձ. «Է՞ր կեաս,

Չայլտ (Հարօլտի դա՜ռն հարցումն)

Կեանքն եթէ բեռ մ՚է քո յուս»։

Թըւի հարցնել ինձ. «Հունկէն

Միթէ նըւա՞զ ես անյոյս.

Եւ դո՛ւ, գըրո՛ղ անուանի,

Գըրաշարէն նըւա՞զ քաջ»։

Անխուսելի այս հարցումն

Ուղղէ խուսող ինձ ուղին

Քու մահուանէդ ի վեր, Հուն՛կ։

 

Ե՛ւ անողոք պատասխան

Անշարժ ուղի է հարցմանցս.

Քանզի ե՛ւ ես` սրտաթունդ,

Մերթ զոյգ գըծին հարցընեմ.

«Ո՞ւր յանգիս, օ՛ձ անգըլուխ,

Որ չը կայիր դրախտին մէջ.

Ի՞նչ, ըստեղծուա՛ծ դու մարդոյն,

Մեզ պիտի տաս փոխարէն…»։

 

«Ես անդունդին կը յանգիմ…

Եւ, եթէ գլուխդ ինծի տաս,

Անմա՜հ կ՚ըլլաս փոխարէն…»։

(Մասիս, 20 Փետրուար 1893)