Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՂՋԵՐՈՒԻՆ ԵՐԳԸ

Եղջերուիդ ըզհետ լեռնէ լե՜ռ ինկար.

Սիրոյդ հրաշքով դար ու փոս անցա՛ր…

Արտասուացըդ շիթք ժայռե՜ր ծակեցին,

Արցունք կաթեցան աչքէն առիւծի՜ն…

Սէրդ ու ցաւդ ըզքեզ անմահացուցին,

Վշտաց ու փառաց կոչեցեալ վեհ կին…։

 

Լեռնէ՜ լեռ ինկար եղջերուիդ ըզհետ,

Որ այգն արթննար աչքիդ լոյսին հետ.

Արցունքն աչքերուդ ու այտիդ արիւն

Ծաղկանց թուփք եղան ոտիցն հետքերուն…։

Սէրդ ու ցաւդ ըզքեզ անմահացուցին

Վշտաց ու փառաց կոչեցեալ վեհ կին։

 

Եղջերուիդ ըզհետ լեռնէ լեռ ինկար,

Ծունկերդ ա՛լ կըթոտ, ա՛լ աչուիդ տըկար,

Պարապ տեղ, եղո՜ւկ, հարցնես անցորդին.

«Եղջերուս արդեօք ո՞ւր գընաց, ո՞ր դին»։

Սէրդ ու ցաւդ ըզքեզ անմահացուցին,

Վշտաց ու փառաց կոչեցեալ վեհ կին։

 

Լեռնէ լե՜ռ ինկար եղջերուիդ ըզհետ.

Հետքերն համբուրես, այլ ինքն է անհե՜տ։

Կարծէ, խօ՜լն, յաւէտ` ետեւէդ վազել.

Խօ՜լ, յուսաս եւ դու յաւէտ` զայն գտնել։

Սէրդ ու ցաւդ ըզքեզ անմահացուցին,

Վշտաց ու փառաց կոչեցեալ վեհ կին։

(Մասիս, 19 Յունուար, 1908)