Հայորդիներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ


Դառնապէս կու լար մենախօսը, իր սուրը, իր ճակատը եւ իր մենութիւնը հողին հակած՝
Աղէտաւորօրէն կու լար տառապանքի եւ պայքարի ճակատագիրներն իր հայրենի երկու հողերուն,
Եւ հսկայատեսիլ մէկը, ծանրօրէն զինեալ, իր հրաշող խումբերէն անջատուելով,
Քայլը դղրդող, ձայնը բարբարոս, շունչը անսպառ, եւ քաղցրութեամբ ըսաւ իրեն.
«Արցունքներուդ շիթերը եւ սարսափդ եւ հառաչանքներդ գետնէն վեր բարձրացուր,
Ո՜վ հեռաւոր, ո՜վ տանջուած, ո՜վ հայրենառաք եւ իմաստուն եղբայր,
Եւ ոտքի կեցիր հասակիս քով, որպէսզի հոգիիդ վէրքերը մտածումովս հայրօրէն քրքրեմ… Գիշերուան կապոյտին մէջէն մենախօսիդ հեծեծանքները ես դառնութեամբ իմացայ 
Եւ կը տեսնեմ որ քու մեջդ, տարիներ, տառապանքի եւ պայքարի ապառաժներ են սնուցեր.
Սրբէ՛ աչուըներդ, եղբա՛յր, եւ ոտքերուդ մոխիրը թօթափէ՛ եւ սուրդ ամեհօրէն բարձրացո՛ւր
Ու յառաջացի՛ր, որպեսզի բոլորս ալ հայրենիքին Արիւնը քու ճակտիդ վրայէն համբուրենք…
Որովհետեւ դուն մե՛րն ես այսուհետեւ, ինչպէս քուկդ են եւ մեր դրօշը եւ մեր ճամբան…
Եւ երգերովդ կրկնէ՛ մեզի, ինչ որ Հայաստանի մեռելական հողմերը քեզի պատմեցին,
Երգէ՛ արցունքներու հովիտին, յուսահատ քաղաքներուն եւ ջախջախուած ժողովուրդին համար,
Երգէ՛ եւ Եղբայրութեան հրաւէրդ եւ քու կարմիր Կոչդ Ատելութեան,
Աղաղակէ՛ եւ մեռելներուն եւ ընկճուածներուն եւ վրէժին եւ դեռ քնած զօրութիւններուն,
Ջատագովէ՛ զանոնք, որոնք առաջ են անցեր, եւ փնտռէ՛ զանոնք, որոնք անստոյգ մութին մէջ կը խեղդուին…
Երգէ՛ նոյնիսկ անոնք, որ պարտուեցան, անոնք, որ մեռան եւ անոնք, որ պիտի ծնին,
Եւ խարազանէ՛ անգթօրէն բոլոր հայրենադրուժները եւ դաւաճանները, եթէ դեռ կ՚ապրին…։
Հողին խորերէն ես այստեղ հասած, եւ շունչդ յիշատակին եւ անցեալին բուրմունքն ունի,
Օ՜, աչքերուդ մէջ հարիւր հազար զոհերու հոգեվարքին խենթեցնող մահանկարը կ՚ընդնշմարեմ…
Ըսէ՛ անոնց գալարումը, անոնց հոգեդարձը, անոնց մեռեալի քրքիջը եւ կտակը, զոր քեզ ըրին,
Ըսէ՛ անոնց դիակներուն մխրճումը հողին մէջ, քաղաք առ քաղաք, առանց դագաղի եւ առանց պատանքի…
Ռազմակոչէ՛ բոլոր անոնք, որոնց մէջ դեռ Յոյսը իր մարմարէ թեւերը չէ բացեր,
Հրահրէ՛ այն բոլորը, որոնք ցեղին այս արփաթեւ վերածնումը կ՚անգիտանան,
Եւ թշնամին զարհուրեցո՛ւր եւ մեր աչքերուն մէջէն տե՛ս պայծառութիւնը մեր նպատակին,
Եւ այս բոլորէն յետոյ յառաջացի՛ր, փառքին շրթունքները քե՛զ ալ կ՚ուզեն համբուրել…»։
Ոտքի էր մարտախումբերուն քով, իր անդրիակերպ հասակովը բոլորովին սարսռուն…
Նայուածքին մէջ ցօղեր կային երջանկութեան եւ դեմքին վրայ ժպիտ մը անպատմելի,
Վասնզի տեսած էր որ սիրտը հազարաւոր կուրծքերու տակ նոյն վրէժը կ՚որոտար,
Եւ խօսեցաւ վարդագոյն այգին մէջ եւ երէկի ուխտանուէր Դագաղներուն դիմաց.
«Յարութի՜ւն ձեզ, մեռեալնե՛ր, յարութի՜ւն ձեզ, պարտուածնե՛ր, յարութի՜ւն ձեզ, յուսահատնե՛ր,
Եւ դուն, ո՜վ մոխիրներու եւ մարտիրոսութեան անծայրածիր եւ մոռացեալ հայրենավա՛յր,
Ո՜վ հայրենիք, ո՛վ սքողեալ Յոյս, ո՜վ երկաթակամ Սպասում, ո՜վ Ապագայ
Եւ դուք, հեռաւորնե՛ր, ապերախտնե՛ր, տարագիրնե՛ր, մոլորեալնե՛ր, զայրացկոտնե՛ր,
Ձեզի ե՛մ, ձեզի է իմ աղաղակս, իմ ռազմակոչս, իմ հրաւէրս, իմ քարոզս ազատագոռ,
Ձեզի ե՛մ, անարեւ լեռնե՛ր, թառամած բլուրներ, ոսկորներու հովիտներ ու կածաննե՛ր չուառութեան,
Քեզի ե՛մ, պատմութի՛ւն՝ արդարադատ կամ ստապատիր, դիւցազներգակ կամ ստրկաբան,
Քեզի ե՛մ, տրտմաթախիծ անցեա՛լ, գերեզմանակերպ յիշատա՛կ եւ դուն, վեհաշուք Ցե՛ղ,
Կռիւներու վրիժազանգերն ահաւասի՛կ արհաւիրքով եւ ժամ առ ժամ կը հնչեն…
Արթնցէ՛ք, հրազինուեցէ՛ք, յոյսով գերազօրուեցէ՛ք եւ յուսահատութեան մուրճերովը հարուածեցէ՛ք…
Եօթը դարերու մահացնող ճակատագիրը այսօր մեր գարշապարներուն տակ կը փշրուի… Ազատութեան մուրացկանները գերեզմանուեցան սա՛ անողորմ ըմբոստները ծնցնելու համար,
Եւ Դահիճները ասոնց առջեւ կը սարսռան, ինչպէս թշնամին ասոնց առջեւ ծնրադիր է որ կ՚ոգեվարի…
Եւ դո՛ւք, մտածումի վարպետնե՛ր, իմաստութեան մատեաններնիդ փոշիներուն յանձնեցէ՛ք,
Եւ ձգեցէ՛ք ձեր արժէքները, ձեր խորհուրդները, ձեր կանոնները եւ ձեր երազանքի սրահներէն դուրս ելէ՛ք,
Եւ լայնաձեռն ցանեցէ՛ք պայքարի հողին վրայ՝ ինչ որ ունիք հերոսական, ինչ որ ունիք ազատաշունչ…
Եւ դո՛ւն, միստիք վեղարաւո՛ր, քու քառաթեւ խաչիդ երկու թեւերը փշրելէն՝ զինուէ՛ անով,
Թշնամիիդ եւ խոնարհութիւն հրամայող Աստուծոյդ առջեւը ծառանալու համար…
Եւ դո՛ւն, անթուելի թշուառութեան եւ անօրինակ տառապանքի տրտում ժողովո՛ւրդ,
Բոլորդ մէկտեղ դուրս նետուեցէ՛ք ամէ՛ն դուռէ, ամէ՛ն քաղաքէ, ամէ՛ն գիւղէ եւ ամէ՛ն աստղի տակէ,
Որովհետեւ ալ կը բաւէ՛ որչափ որ մեր թշնամին իր ափերովը օ՜ դժոխային բաժակ
Մերիններուն ազնուական արիւնը, մեր սեղանին առջեւ նստած՝ գազանաբար խմեց…
Ալ կը բաւէ՛ որչափ որ անոնց պատրաստ դաշոյնները եկան մեր բերաններուն մէջ մխրճելու…
Ամէն ստրկութեան, ամէն ծնրադրումի եւ ամէն աղաչանքի մինչեւ մրուրն այլեւս քամեցինք…
Օ՜, ալ կը բաւէ՛, սեւաթռիչ ագռաւներուն երկաթէ կռինչը մեր ցաւոտ երդիքներուն վրայ,
Օ՜, ալ բա՛ւ է, թո՛ղ ժանիքաւոր անգղերը քիչ մըն ալ ուրիշ կուրծքեր կտցահարեն…
Թո՛ղ քիչ մըն ալ թշնամիին արիւնը գայ մեր այգին ոռոգել եւ մեր սրունքները թրջել…
Թո՛ղ քիչ մըն ալ մեր առջեւ թշնամիին կմախքները դիզուին, ինչպէս արմատախիլ անտառներ…
Թէեւ գիտեմ որ Ատելութեան Կոչս ահաւոր է եւ ռազմի հրաւէրս ամեհական,
Բայց եօթը դար է որ մայրագութ Հայրենիքը մեր յաղթական այցելութեանը կը սպասէ,
Եւ դեռ մտիկ ըրէ՛ք, ըմբոստ եւ Անվրէժ Տարօնն է որ իմ մէջէս կը գոռայ,
Արիւնլուայ Վասպուրականին մահուան հոտը ահաւասի՛կ եւ մոխիրի մրրիկներն Ակնայ հովիտներուն,
Ահաւասի՛կ ասպետական ձեռքը Կիլիկիոյ, որ ձեզի կը մեկնի եւ ապառաժէ կուրծքը բարձրաբերձ Կարինին,
Ահաւասի՛կ հազարաւոր աւերակներու անէծքը Հայրենիքին պատգամին մէջ արիւնագծուած…
Եւ շունչիս մէջ մահամերձի հռնդիւն, նզովքի խօսքեր, պայքարի վճիռ եւ ապրելու անսահման սէր կայ…»։