Հոգեւարքի եւ յոյսի ջահեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍՈՒՐԻՍ ԿԱՅԾԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ

Էժտահարին

Անցեա՜լ, անցեա՜լ եւ իր օրերն եւ իր արեւն անդորրութեան,
Երբ դահլիճին կապոյտ պատերէն, տիրականօրէն առկախ,
Քու պաշտպանի հպարտ նայուածքներովդ ադամանդէ
Իմ մանկական հոգիս յոյսով կը ծորէիր, երկիւղներս հաւածելէն։

Նախնիքներէս մինչեւ ինձ քու շողիւններդ ահա՛ կ՚երկարին,
Ո՜վ իշխանական, ահաւոր, ճշմարիտ եւ բարեկամ Սուր,
Ու սնարիս, երազներուս եւ կեանքիս երջանկութեանցը մէջէն
Միշտ մահավճիռը գտած եմ քեզ դարանակալ ոճիրին…

Եւ կը սիրեմ զքեզ, դո՛ւն, Արդարութիւն եւ Բարբարոս,
Դո՛ւն, որուն կայծկլտուքը սոսկում մըն է եւ խրախոյս մը միանգամայն,
Դո՛ւն, որուն ժանգը անքաւելի պարտութիւն մը ամօթաբեր,
Դո՛ւն, որուն դադարը ստրկացում մըն է զքեզ պաշտող ձեռքերուն…։

Թէեւ քու ոսկեքանդակ պատեանդ արտացոլումն է կեանքիդ,
Բայց դուն մերկութեանդ մէջ միայն կրնաս աստուածօրէն գեղեցկանալ…
Պատեանէդ դո՛ւրս միայն քու ծարաւդ կը յագենայ եւ ցասումդ կ՚ամոքի
Անկեց դո՛ւրս միայն քու տիրոջդ ճակատը պիտի կրնայիր պսակել…

Եւ այսպէս մերկ՝ ինչպէս հիմա, իմ դողդոջուն եւ զայրացկոտ ձեռքերուս մէջն յաճախ,
Քու լռութեան կայծերովդ երգերուն է՛ն յաղթականը կ՚երգես,
Եւ շարժումէդ եւ շունչէդ եւ շողիւնէդ ահաւասի՛կ որ դուրս կը ժայթքի
Եւ կռուին քարոզը, ազատութեան բուրմունքը եւ փառքը կտրիճ մարդուն…

Բայց, խորհրդաւոր սուսե՛ր, զարհուրանքով կը տեսնեմ որ այլեւս կ՚ատես զիս,
Այսօր մահուան եւ կեանքի օր, հարուածի եւ վրէժի եւ պատիժներու օր,
Եւ երբ քու կայծակնակերպ հասակդ շրթունքներուս կը տանիմ կամ ձեռքովս քեզ կը շոյեմ…
Բարկութեանդ կայծերը, աչքերուս մէջէն, նզովքներուն է՛ն ահեղը ինձ կ՚ուղղեն…։

Մեղա՜յ, մեղա՜յ եւ ըսէ՛, ի՞նչ գրերով է գրուած իմ ճակատագիրս քու ճշմարտութեանդ վրան,
Արդեօք ստրուկի՞, թէ՞ յաղթողի արիւնս է որ քու վրադ պիտի ցոլայ…
Թէ՞ հայրենիքիս անիծապարտ թշնամիներուս սեւ արիւնն է որ պիտի վազէ
Քու բերանէդ վար աղբիւրներո՜ւ նման յորդահոսան…։
Մերկացի՜ր, մերկացի՜ր, մերկացի՜ր, օրերուն Օրն է, ո՜վ իմ սուրս աղէտաւոր…։