Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՍՊԵՏԻՆ ԵՐԳԸ

Ա

Արեւն ելաւ, երիվա՛ր, եւ մեկնելու ժամն է այս,
Սպասէ՛ որ ոտքս անցընեմ ասպանդակէդ շողարձակ,
Աչքերուդ մէջն իմաստուն՝ Նպատակս կը կարդամ,
Օ՜հ, ինչ ցնծութիւն ցնծութիւնս, օրհնեա՛լ ըլլաս, երիվա՛ր…

Բ

Երիտասարդ իրանս դեռ թեթեւ է եւ ճկուն,
Վարաւանդիդ վրան ես արծուի մը պէս պիտի թառիմ…
Եւ ոսկեգարին, զոր ես քեզի առատօրէն ջամբեցի,
Մարմնոյդ մէջը հրավառեց կենդանութիւն մը խօլաթեւ։

Գ

Միշտ քառարշաւ պիտի սուրաս, ո՜վ երիվար,
Եւ պղինձէ պայտերէդ կայծեր են որ պիտի ծաղկին,
Ու մեր վազքը թո՛ղ զմեզ հերոսներու պէս արբեցնէ,
Ու հո՜վ խմենք, հովուն նման անհունօրէն թեւաւոր։

Դ

Անջրպետն անծայրածիր թռիչքիդ առջեւ կը մեռնի,
Ու քաղաքներն մեղաւոր քայլերուդ տակը կը խոնարհին,
Ագռաւներու սեւ երամներ քու հոսանքէդ դողահար,
Ամպերուն մէջ, ամպերուն մէջը կ՚ապաստանին։

Ե

Կարծես վարն է տրտում հողը ու մենք վերն ենք աստղերուն հետ,
Դուն ո՛չ անդունդ կը ճանչնաս, ո՛չ առապար,
Արգելք չի կայ, խութ չի կայ քու արշաւդ կասեցնող,
Եւ անհամբեր՝ նպատակին կատարներուն կ՚ուզես կառչիլ։

Զ

Երիվա՛րս արագասոյր, ո՜վ իմ կուռքս մարմարեղէն,
Գիտես որ ես զքեզ հոգեւի՜ն է որ կը պաշտեմ,
Գաղափարիս բոցերէն երազկոտ ճակատս կ՚այրի՜…
Նպատակիս նետէ՛ զիս, ես քայլերուդ գերի՜ն եմ։

է

Ես քայլերուդ գերի՜ն եմ, ո՜վ դուն, որդիդ մրրիկներու,
Արագաթռիչ երիվա՛ր, քինախնդիր՝ պէտք է սուրաս,
Ես ապարդիւն դադարը ցասումներովս կ՚ատեմ,
Կատարները մեզի են եւ յաղթանակը քուկդ է…։

Ը

Քու կաթնաթոյր մարմինդ կեանքիդ կրակէն կ՚եռայ,
Եւ քու ագիդ ջրվէժ մըն է, գաւակէդ վար մրրկահոս,
Աչքերուդ մէջն երկու, բռնկած աստղեր կը շողան,
Ու պայտերուդ դռոյթը զարհուրանք է որ կը կռանէ։

Թ

Քեզի ըսի, որ ես քու ազատածարաւ գերին եմ,
Սա սահմանէն դէպի հարաւ երազաբար հասցո՛ւր զիս,
Արարատին փառքերէն, Արագածէն ալ անդին,
Մենք արեւներ պիտի հագնինք եւ արիւննե՜ր, սուրա՛ դուն։

ժ

Մտրակ չունիմ ձեռքերուս մէջն, ազա՛տ ես դուն,
Ես միմիայն լանջքիդ վրան շուշանափայլ,
Մատուըներուս քաղցրութիւնն է որ կը թափեմ,
Մեղրերու պէս՝ միսիդ վրան յորդահոս։

ԺԱ

Ո՛չ սանձ ունիս, ո՛չ երասան երախիդ,
Առատ բաշէդ ալի՜ք մը վարս ձեռքերուս մէջը կը բաւէ,
Ոտուըներս զքեզ գրկող ասպանդակի պէտք չունին,
Միայն թամբդ է քու վրադ, արծաթ թամբդ մարգարտայեռ։

ԺԲ

Ես հայրենի հովիտներուն կարօտն ունիմ, կարօ՜տն ունիմ,
Բայց աստղածոր երկնքին տակ կանգ մի՛ առներ, երիվա՛ր,
Քարայրներուն առջեւէն ստուերի մը պէս, պէ՛տք է անցնիս
Անտառներէն, հնձաններէն, այգիներէն ալ անդին։

ԺԳ

Եւ ո՜վ գիտէ, թերեւս, գեղուհի մը, պուրակի մը եզերքէն
Ոսկի ողկոյզ մը եւ սափորով՝ ումպ մը գինի մատուցանէ,
Թերեւս հոգիս հասկնայ եւ քրոջ մը պէս ինծի ժպտի…
Բայց չե՛մ ուզեր ես երազել, կանգ մի՛ առներ, երիվա՛ր։

ԺԴ

Ծննդավայրիս դրախտային ծմակներէն պիտի անցնիս,
Պլպուլին խօ՛սքը, պլպուլին խօ՛սքը կ՚ուզէի խմել…
Վարդին բուրմունքը տարինե՜ր պանդխտօրէն երազեցի…
Կարօ՜տ ունիմ, կարօ՜տ, բայց մի՛ կենար, կանգ մի՛ առներ։

ԺԵ

Ճամբուս վրայ թերեւս հին մեռելներ ոտքի ելլեն,
Իրենց պատանքը ուսերնուն եւ ձեռքերնին ինձ երկարուող,
Ու մօտենան տառապեալիս՝ ականջէս վար փսփսալու
Իրենց սէրերն ու վրէժնին անմոռաց, բայց մի՛ կենար, երիվա՛ր։

ԺԶ

Ես կը սոսկամ աւերակներէն եւ անկարող ցաւերէն,
Կանգ մի՛ առներ քաղաքներու մոխիրին քով,
Օ՜, արցունքը, ուրիշին արցունքը զիս անգթօրէն կը խեղդէ,
Ուրիշին ցաւը, ուրիշին կոծը զիս խենթութեան կը տանի։

Ժէ

Օ՜, կանգ մի՛ առներ դիակներուն դէմ այս ցիրուցան,
Հեռու փախի՛ր գերեզմաններէն եւ սպիտակ շիրիմներէն,
Որովհետեւ ինծի համար, կարելի չէ, քեզի կ՚ըսեմ, երիվա՛ր.
Հայրենիքիս մահացումը մահուանը մէջ անգամ մըն ալ սեւեռել։

ԺԸ

Ահաւասի՛կ բնութիւնը, ուր ես օր մը ծնեցայ,
Թարթիչներս կը թրջուին արտասուքի կաթիլներով,
Բայց չե՛մ ուզեր զանոնք թափել, կանգ մի՛ առներ,
Սրաթռիչ երիվա՛ր, նպատակս տկարութիւն չի՛ ճանչնար։

ԺԹ

Ահաւասի՛կ Եփրատին ձայնը։ Ի՜նչ կ՚որոտաս, ո՜վ Եփրատ,
Քու զաւակդ է քովէդ անցնողը, ինչո՞ւ ջուրերդ մթին են,
Քու որդիդ եմ, մոռցա՞ր զիս, մի՛ մրրկիր, մոռցա՞ր զիս,
Ես քեզի հետ կ՚ուզեմ սուրալ, ալիքնե՜րդ կոտորէ՛…

Ի

Օ՜, մանկութեանս յիշատակն է որ կ՚արիւնիմ ես հիմայ,
Պարմանի՜ մը երազկոտ ափերուդ վրայ թափառուն,
Յոյսով զեղուն, արեւով խենթ եւ անուրջով երջանիկ,
Բայց ի՛նչ կ՚ըսեմ… կանգ մի՛ առներ, լուսաթռիչ երիվա՛ր։

ԻԱ

Տե՛ս շքեղ աշունը, որ շուրջերնիս տարտամօրեն կը մեռնի,
Ահաւասի՛կ դեղին տերեւ մը ճակտիս վրան ինկաւ վար,
Խորհրդանի՞շն է մահուանս, թէ՞ պսակումը հաւատքիս,
Բայց ի՜նչ փոյթ մեզ, դուն վրնջէ՛ Եփրատին հետ սուրալէն։

ԻԲ

Թերեւս վերջին տերեւն էր ժանտատեսիլ ճակատագրին,
Որ մեր վրան ինկաւ վար, ի՜նչ փոյթ մեզ՝ կանգ մի՛ առներ,
Հողին բոլոր ծագերէն այս խօսքն է որ կը կրկնեն.
«Կանգ մի՛ առներ, կանգ մի՛ առներ, ազատարշաւ Գաղափա՛ր»։

ԻԳ

Ա՜հ, կը պաշտե՜մ ես զքեզ, ահաւասի՛կ, որ աստեղօրէ՜ն կը թռչիս,
Կայծակին չափ արագ ես եւ անոր չափ ալ ազատ,
Հովին մեջէն հովին հետ, արծիւներ ենք ճախրի մէջ,
Ես ասպետդ եմ եւ գերիդ, նպատակիս բարձրացո՛ւր զիս։

ԻԴ

Ապառաժին կատարներէն ամեհօրէն ամպամած,
Տե՛ս, ջրվեժները, ջրվէժները վար կը նետուին,
Մարմինիդ պէս անգայտ է անոնց հորձանքն սպիտակ,
Եւ վազքիդ պէս բարբարոս՝ իրենց էջքը տիրական։

ԻԵ

Բայց ինչո՞ւ քու մարմինդ մարմնոյս տակը սարսռաց.
Ի՞նչ կա, ըսէ՛, ո՜վ դիւցազուն, ինչո՞ւ համար մռայլեցար,
Ա՜հ, աչուըներդ ինձմէ դարձո՛ւր, յուզեալ աչքերդ հեռացո՛ւր,
Հորիզոններ միայն կտրէ՛, կը պաղատի՜մ, երիվա՛ր…

ԻԶ

Աղերսանքներն ես իմացայ, լաց ու կոծեր ու ողբեր,
Խրճիթներէ, փլատակէ, քաղաքներէ մեզ հասնող,
Բայց ի՜նչ օգուտ ցաւին առջեւ անզօրօրէն կանգ առնել,
Միայն պէտք է փրկել զանի, կանգ մի՛ առներ, երիվա՛ր։

Իէ

Հոգեվարքին մէջէն անցանք, աչուըներնիս անարցունք,
Սրտազինուէ՛, երիվա՛ր, կանգ մի՛ առներ, մի՛ առներ,
Այսուհետեւ ես Յոյսին Ջահերն է որ պիտի վառեմ,
Դադարը մա՛հ է մեզ համար, կանգ մի՛ առներ, երիվա՛ր…

ԻԸ

Ես լսեցի քառասմբակ շքեղ մարմնիդ կատարէն,
Որ կայծարձակ պայտերդ, մեր վազքին մէջն մինչեւ այսօր,
Քանի՜ անգամ, քանի՜ անգամ ոսկորներ էր որ փշրեցին,
Եւ բաց կոպերը գանկերուն ինձ նայեցան, տեսա՞ր դուն…

ԻԹ

Ես լսեցի քեզի կ՚ըսեմ, երկաթներէդ՝ ճարճատիւնը կմախքներու,
Բայց լռեցի։ Ես անխօս եմ։ Կանգ մի՛ առներ, երիվա՛ր,
Հոգիիս մէջ հեծեծանքս ես կը թաղեմ անդնդախոր,
Թո՛ղ զայրոյթս միայն ապրի՛, կանգ մի՛ առներ, երիվա՛ր։

Լ

Մի՛ վարանիր, ո՜վ սպիտակ բարբարոս մարմարեայ,
Կեանքին ցաւը արցունքով չէ՛ որ կ՚անհետի,
Իտէալը պիտի հնչէ՛, պիտի հնչէ իտէալը իր զանգերն ցասումի,
Կռունկները մեզ պիտի կանչեն, անոնց երգին հետեւի՛ր…

ԼԱ

Բայց ո՞ւր է ճամբադ, ի՞նչ է այս, ցնորեցա՞ր, ո՜վ նժոյգ,
Ա՜հ, մոխիրներ են, մոխրադաշտե՜ր, աւերակնե՜ր են ասոնք,
Մշուշին պէս գորշ փոշին մեր շունչերը կը սպառէ,
Ճեղքէ՛ անցիր, զարհուրանքի այս լեռներն ճեղքէ՛ անցիր, երիվա՛ր։

ԼԲ

Օ՜, վե՛ր առ ճակատդ, վե՛ր աչքերդ, որ ձեռքովս փակե՜մ զանոնք,
Կանգ մի՛ առներ, Կարմի՜րն է, Կարմիրն է, Կարմիրն ահեղ արիւնին։
Ես իմ գլխուս ծածանող վարշամակս վա՛ր քաշեցի…
Կանգ մի՛ առներ, ի՞նչ օգուտ կար մեր անօգուտ հառաչէն։

ԼԳ

Իմ քնարս ցաւերուս հետ ժամանակով արի՜ւն լացաւ,
Այսուհետեւ լացը կ՚ատե՜մ, դուն ես միայն իմ Ոգին,
Փառապանծ ես եւ մարտաշունչ, ես իշխանդ եմ եւ գերիդ,
Քու ձեւերդ էր որ պաշտուեցաւ Ելլադայի փառքերէն…

ԼԴ

Հովին ձայնը շեփոր մըն է, որ կը հնչէ հեռուներէն,
Անտառները ոտքի ելան պատերազմի վաշտերու պէս,
Դռոյթիդ տակ կատաղի հին յոյսերն իբր հսկաներ կը զարթնուն…
Հին օրէնքը կը փշրի՛, հին արցունքը կը թափի՛, հին ձայները կը մեռնին…

ԼԵ

Լուսածագին՝ վազգիդ մէջ, լեռնադաշտի մը վրայ,
Նո՛ր ըմբոստներ պիտի տեսնենք, նո՛ր հսկաներ, նո՛ր հերոսներ
Որդիները տառապանքին, որ թշնամութեան այս դարուն հետ,
Արիւնին մէջ են ծնած, եւ անոր մէջ զայրացած եւ արիւնո՜վ կ՚ուզեն մեռնիլ։

ԼԶ

Եւ երբ տեսնենք ծովացումը մրրկազէն վաշտերուն,
Անոնց հետ է որ պիտի քալենք Նպատակին ճանապարհէն,
Եւ ես փա՜ռքը պիտի երգեմ եւ պսակումը մարտիկներուն,
Զի բամբիռս պիտի հնչէ եւ ջահերս ալ պիտի վառին։

Լէ

Օ՜, արշալոյսը ծաղկեցա՜ւ, ես ասպետդ եմ եւ գերիդ,
Զառիվերը դժուարին է, բայց հագագդ՝ հողմաշունչ,
Պէտք է թռչիլ, ճիգ մըն ալ, հուրերուն հետ առաւօտին,
Կանգ մի՛ առներ, ես ծարա՜ւ եմ, ինչպէս եւ դուն, յաղթութեան։

ԼԸ

Տրոփիւն մ՚ա՛լ, վերջին ցայտ մ՚ալ, գերի՜դ եմ ես,
Տե՛ս, ի՜նչ թիւ է, ի՜նչ թափօր, ի՜նչ երջանիկ զօրութիւն,
Ազատութեան ռահվիրաները, սուրերովնին կենսաշող,
Առաւօտին լոյսերուն մեջ Եղբայրութիւնը կը տօնեն…

ԼԹ

Կա՛նգ առ այստեղ… եւ օրհնեա՛լ ըլլաս, աստուածավայել երիվա՛ր,
Իտեալին ի տես մտածումս եւ հոգիս արցունքներով ծանրացան…
Յաղթանակը մեծ օրէնքն է անկշռելի գեղեցկութեան,
Ահաւասի՛կ՝ հո՛ն, վեց դարերն՝ մռայլօրէն հրազինուած։

Խ

Պիտի զքեզ ասպազինեմ։ Ես զինուեցայ։ Ջահս ուսիս՝ կը վառի,
Փոթորիկի պէս քալել կ՚ուզեմ։ Արդարութեամբ բեռնաւոր՝
Արշալոյսին հուրերուն տակ Հողը մե՜րկ է եւ ծարա՜ւ,
Եւ մեր վազքէն հսկայ Յոյսն է որ իր կայծերը պիտի ցանէ…։