Հոգեւարքի եւ յոյսի ջահեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀՈԳԵՎԱՐՔԻ ԻՐԻԿՈՒՆ

Սոսկումներու անտառին բոլոր ծառերն անհունօրէն,
Զիրենք հալածող ահաւոր ցամաքահովէն,
Իրարու մէջէն դէպի ջուրերն եղերական
Խելայեղօրէն քալել կը սկսին…։
Ու բոլոր տրտմած անասունները հեռաւոր ճամբաներուն,
Անշարժ, իրարու ետեւէ,
Ձիւնին մէջէն, լուսնին դիմաց ոռնալ սկսան…
Ինծի այնպէս կու գայ որ սովալլուկ բորենիներ,
Գերեզմանոցին անկիւնը,
Աճապարանքով,
Հողէն հանուած մեր մեռելները բզկտեցին…
Ու ալիքները մինչեւ աշտարակը բարձրացան…
Այրի աղաւնիները մոլեգնաբար ահաբեկելով.
Ու կամուրջներուն տակի բոլոր թափառիկները,
Հովերուն մէջէն, յուսահատօրէն,
Թիարանին դուռներն ապաստանեցան։
Ո՞վ գիտէ, հովերը ե՞րբ, ե՞րբ պիտի դադրին,
Ու մինչեւ ե՞րբ աղաղակները պիտի շարունակուին
Լքուած անասուններուն,
Հեռաւոր ճամբաներէն անդին։
Փլած կամուրջէ մը հարսնեւորները կ՚անցնին…
Ու փայտէ սրունքներով կոյրեր կ՚աճապարեն
Ջրանցքին քարափներէն, տաժանօրէն դէպի վար,
Վերջապէս հասնելու համար
Սահանքներուն բերանը,
Ուրկէ՝ խեղդուողներուն ձայները բոլորը մէկէն
«Օգնութիւն, օգնութիւն» կ՚աղաղակեն…

Ու կարծեմ թէ բոլոր կրօնաւորները վանքերուն,
Այս իրիկուն,
Երկարօրէն աղօթելէ ա՛լ յուսահատ՝
Բոլորը մէկ՝ մոլախինդէ գինով՝ կը վախճանին։
Ու դարմանատան բոլոր անբուժները
Մութ երկինքին վրայ անօգուտօրէն ու երջանկօրէն
Գիշերներով իրենց յոյսին աստղերը փնտռեցին…
Ո՞վ գիտէ, հովերը ե՞րբ, ե՞րբ պիտի դադրին,
Ու մինչեւ ե՞րբ նայուածքները պիտի շարունակուին
Լքուած հիւանդներուն,
ժամանակներէ ի վեր արդէն մեռած աստղերէն անդին։
Ու այս բոլորին, այս ամէնուն
Հոգեվարքներն ամբողջովին
Ու ցաւերը տրտմած անասուններուն,
Դանդաղօրէն, իմ ներսիդին կը սուզուին…։