Կարմիր լուրեր բարեկամէս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՈՅՐԸ

Ցուպին ծայրովն արեան ծարաւ ամբոխին մէջ իր ճամբան ճեղքելով,
Սպիտակով պատմուճանուած, մեռելաքայլ՝ անոնց առջեւը կանգնեցաւ.

Ինձ նայեցէք, ես օտար չե՛մ, ես ալ ձեզ պէս հաւատացեալ,
Ութսունամեայ ծերունի՝ խաւարէն դուրս ես հորիզոն չունեցայ…
Փայտիս վրայ խարխափելով, աշխարհներ ալ եթէ քալեմ,
Ինծի համար կեցած տեղէս տարբերութիւն բնաւ չունի։
Ամէն վայելք ձեզ համար է, կրնաք վճռել եւ պատժել
Եւ ձեր զոհը ձեր ձեռքովն իսկ դուք կարող էք մորթազերծել…
Ինչ որ օրէնքը կը հրամայէ արդարութեան այս օրերուն։
Չեմ գիտեր թէ ինչպէս է կերպարանքն իսկ անհաւատին,
Ո՞ր հրէշին, ո՞ր զեռունին, ո՞ր սեւ օձին կը նմանի,
Ո՜րչափ կ՚ուզեմ ձեռքերովս գոնէ մեռել մը շօշափել…
Մոխիրներուն հոտը առի, հազար ապրի՜ք, օրհնեալնե՛ր,
Քալած պահուս մուճակներս յանկա՛րծ հողին կը կպչին…
Ես գիտեմ թէ ինչ է այդ… արդէն հոտէն կը ճանչնամ,
Բայց մեղաւորին այդ արիւնը որչափ տա՜ք է, ճամբաներէն կարծես կրակ կը հոսի…

Ինծի ըսին, թէ դուք արդէն անոնց տուներն ամբողջովին այրեցիք…
Յետի՛ն դաշտն ալ, յետի՛ն գոմն ալ, խրճիթներուն հետ եւ գիւղերուն ու քաղաքին…
Բայց ե՞ս ինչպէս վայելեմ ծնած օրէս այս քարացած կոպերովս,
Միայն ականջս է երջանիկ, փառք Աստուծոյ, որ գոնէ
Ութ օրէ ի վեր կ՚իմանամ հոգեվարքի, հեծեծանքի աղաղակներն,
Որ ստապաշտ բերաններէն, ձմրան ծովուն մրրկին պէս…
Շնորհիւ ձեր յաղթութեան, մեր քաղքին մէջ բարձրացաւ.
Միայն ականջս է երջանիկ, մնացեալն ինձ ցնորք է…
Որչափ կ՚ուզեմ ես ալ ձեզ պէս սուր մ՚ունենալ եւ շարժել զայն.
Մանուկներո՜ւն, մե՜րկ կիներուն, ինձ տարեկից ծերերո՜ւն մէջ
Որչափ կ՚ուզեմ սուր մը շարժել եւ եղէգի պէս հնձել զանոնք…։
Ամէն վայելք ձեզ համար է, միայն ես եմ որ կուրութեանս մէջ լողալով,
Ես ինքզինքս իսկ անկարող եմ գոնէ րոպէ մը դիտելու։
Աղբիւր չի կա՞յ այս կողմերն, որ աչքերս քիչ մը լուամ,
Բարկութենէս աչուըներս բացուի՜լ կ՚ուզեն. տեսնե՜լ կ՚ուզեմ, տեսնե՜լ կ՚ուզեմ…
Ո՜ւր էք դիզած դիակները… եթէ զաւակս այստեղ ըլլար,
Անտարակոյս իր ծերունի հօրը վրան պիտի գթար,
Բայց անցեալ օր ես զինքը՝ ոտքէն գլուխ զինել տալով,
Օրհնութեամբս օծելէ ետք՝ սուրբ կռիւին ղրկեցի,
Չի կա՞յ ձեր մէջ, հազա՜րներ էք, բարեկամ մը, դրացի մը, որ այսօր,
Իր դաշոյնը ձեռքիս մէջը դնելով՝ խարտեաշ աղջիկ մը ինձ յանձնէր…
Ես ալ կ՚ուզեմ բարիքին մէջ բաժին առնել, կոյր ըլլալս պատճառ մը չէ…
Որ սուրբ օրէնքն անարգելով՝ արքայութենէս ալ զրկուիմ,
Խարտեաշ աղջիկ մը ինձ բերէք, որուն մարմինը թարմ ըլլայ,
Աղաւնիի մսին նման… իմ ձեռքերս դեռ անվարժ են…
Խարտեաշ աղջիկ մը, լսող չի կա՞յ, եւ դաշոյն մը աջ ձեռքիս…։

Պահ մը յետոյ երիտասարդ մը, հայ կոյսի մը ծամէն բռնած,
Կոյր հրէշին ակնածանքով մը մօտենալով, եկաւ ըսաւ.
Զաւակդ իմ բարեկամս է եւ հայրս ալ քեզ հին ծանօթ,
Թերեւս դուն իմ ձայնէս կարենաս զիս գուշակել…
ժամանակով ես Սուրբ գիրքէն ընթերցումնե՜ր ըրած եմ քեզ…
Այս աղջիկն ես ինձ համար ընտրած էի սա մօտակայ գիւղերէն,
Բայց հաւատքի դեռ չեկաւ ու կը մերժէ իմ կինս ըլլալ…
Եւ աչքերէն ես կը սոսկամ, կրնայ օր մը, գիշեր ատեն, անկողնիս մէջ զիս խեղդել…
Հազա՜ր ափսոս որ կոյր ես, բայց ձեռքերովդ իր մարմինը նախ շօշափէ,
Տե՛ս իր ձեւերն մանկամարդի, մտրուկի մը պէս դեռ կրակոտ,
Ահաւասիկ քու առջեւդ է մարգագետնին վրայ մերկ,
Ծունկի նստէ ճիշտ այդտեղ, ահա՛ այդպէս, ծալապատիկ. հանգի՞ստ ես հոդ,
Աջ ձեռքդ ինձ երկարէ, ահաւասի՛կ դաշոյնս, ա՜հ, կը տեսնեմ, որ անվարժ ես,
Չէ՛, այդպէս չէ, որ կը բռնեն, բթամատդ բունին վրայ,
Բոլոր ուժովը բազուկիդ, մէկ հարուածը, ես կը յուսամ, պիտի բաւէ
Երբ մերկ մարմինն աղջկան, ալիքի մը պէս կատաղի, մարգին վրայ կը փրփրէր…
Յանկարծօրէն կարմիր ձեռքեր զայն բռնեցին, որբ կարապին ճերմակ թռիչն այդ՝ հողին գամող,
Եւ լաչակովն իր սգաւորի անոր կապոյտ նայուածքները կապելով,
Ձեռք մըն ալ եկաւ, բերնին վրայ, կոյսին ճիչերն կոկորդին մէջ մեռցնելու…
Եւ ծերունին թեզանիքներն վեր թրջելէն, խռպոտ ձայնով մը ըսաւ.
Հազար ապրի՛ք։ Կարծեմ թէ ես պատրաստ եմ; Արդեօք դաշոյնս կը դողա՞յ…։
Սիրտը ո՞ւր է, զաւակնե՛րս, ո՜րչափ կ՚ուզեմ սրտին ուղղել, ո՞ւր է սիրտն այս աղջկան…

Սպասէ՛, որ ձեռքդ ճշտեմ, ահաւասիկ, ձախ ստինքէն քիչ մը վա՛ր…
.................................................................................................................
Եւ աստուածային արիւնն անտիրական հայ աղջկան,
Բոցավառուած ծաղիկներու փունջի մը պէս,
Երբ իր սրտէն դէպի դէմքը դժոխածին ծերունիին ժայթքեցաւ,
Թշուառական ութսունամեան ոտքի ելած՝ ամբոխին մէջ աղաղակեց.
Ա՜խ, կարծեմ թէ լուսը տեսա՜յ, ես այսօր իսկ լոյսը տեսայ…
Կարծես կոպերս կը բացուին. մեռա՞ւ աղջիկը, շո՛ւտ ըսէք,
Իմ քարացած աչուըներուս սեւ թաղանթն անօսրացա՜ւ…
Ահաւասիկ թէ ի՜նչ է բարիքը. զաւակնե՛րս, արդեօք լո՞յսն էր, որ տեսայ…։