Սուրբ Մեսրոպ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԵՐԲՈՂԱԿԱՆ

Օշականի ամենասո՜ւրբ գերեզման,
Հանճարի հող՝ ուրկեց այսօր,
Տասն եւ հինգ մրրիկեան դարերու
Պատմութիւն մը պերճաշուք,
Արեւելքէն Արեւմուտք, երկու Հայքն բովանդակ
Դէպի զՔեզ, ազատօրէ՜ն կը շարժէ…

Օշականի անհո՜ւն մեռեալ,
Դո՛ւն՝ բիւրաւոր ճիւղերով
Ոսկեհոս գետ գիտութեան,
Մտքի Փրկիչ, յոյսի Հսկայ, կեանքի Կեդրոն,
Դո՛ւն՝ անվախճա՜ն փոշիացեալ,
Դո՛ւն՝ ջահերու անկարելի շտեմարան,
Ուրկեց ուղեղս, մանկութեանս օրերուն,
Ես աղքատօրէն եկայ վառել…։

Օշականի վսեմական վարդապետ,
Դո՛ւն՝ վեհիմաստ վանական եւ Աստծո՛յ բաժակ,
Դո՛ւն՝ Յիսուսի բազմաբուրեան պատմուճան,
Խօսքի՛ աղբիւր, բանի՛ բարձունք,
Կարողութեանց անվե՛րջ կատար,
Դո՛ւն՝ իմաստի աւազան եւ աղօթքի կապոյտ անձրեւ,
Ափ մը հողէդ ամբողջ երկինք մը դեռ կը բուրէ…

Օշականի Դուն՝ անկորուստ կրօնական,
Անապատին մէ՛ջ մխրճուող ճգնաւոր,
Դո՛ւն՝ անբասիր եւ մեհենական մենակեաց,
Խունկի՜ անտառ, կնդրուկներո՜ւ բուրաստան,
Քրիստոսի ազնիւ խօսքին դուն՝ տիրական տարածիչ,
Եւ կրանիթեայ ուղղափառ սիւն,
Եւ մտքի գմբէթ եւ հոգիի անծայրածիր հորիզոն,
Դո՛ւն՝ շնորհքի աշնանային շատրուան,
Քու հաւատքէ՛դ հաւատացեալ՝ ե՛ս ալ լացի…։

Օշականի մէջ անմա՜հօրէն մահացեալ,
Անճառելի եւ անդրանիկ դաստիարակ,
Ես՝ երազային երախայ մը վեցամեայ,
Այբբենարանդ ի ձեռին, անմեղօրէն զայն հեգելով,
Առաջին խաչը, ճակտէս սրտիս,
Հաւատա՛ ինձ, ո՜վ հայութիւն…
Պատկերիդ դէմ է որ հաներ եմ…
Եւ լսէ՛ այսօր, թոթովախօս ծաղկոցի
Շուշանմարմին մանուկներէն
Մինչեւ ծերերն հողաբոյր,
Քու Սուրբ անունդ կ՚օրհներգեն…։
Օշականի հանճարանի՜ստ հողակոյտ,
Եկեղեցւոյ խորանին քով անշո՛ւքօրէն մրափող՝
Եւ Եհովայի պատգամախօս մեծ Մատեանին
Դո՛ւն՝ սրբագիր թարգմանիչ,
Ոսկեդարու ադամանդեա՜յ բանալի,
Դո՛ւն՝ հայ դպրութեանց անշրջանակ լուսամուտ,
Դո՛ւն՝ ճեմարան մարմարային մտածումի,
Ներէ՛ որ քու աշակերտդ արբեցեալ
Տասն եւ հինգ դարեր յետոյ զքե՛զ պաշտէ…։

Օշականէն մեզի հսկող Մտքի Աստուած,
Դո՛ւն՝ հասողութեան հիմնաքար,
Աստղերէն մեզ լոյս լեցնող ոսկեհասակ աշտարակ,
Ուր մեր ուղեղը մեզ կը ժպտի…
Դո՛ւն՝ մտածման ծարաւներու արծաթեայ ծով,
Դո՛ւն՝ Տարօնածին հսկա՜յ Մովսէս,
Դո՛ւն՝ անհպելի մատենագիր մայր—բարբառի,
Թո՛ղ իմ գանկս, վերջալոյսին,
Քնարիս հետ, մոխիրովս առլցուն,
Յուղարկաւորներս՝ խնկատուփի մը փոխարէն
Հողակոյտիդ վրայ վառեն…։