Օգուտ Բժշկութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Health  

Որոյ գլուխն կոտրի եւ կամ ոսկր եւ կամ զախմի անձն

Պատճառ որ գլուխն կոտրի

Էհանան ասէ, թէ ի գլուխն որ զախմն հասնի, կամ բարձր տեղաց ընկնի եւ կամ կռիւն իրք մն դիպնու եւ վնասի։

Նշան գլուխն կոտրի։ Այսոր նշանն երեւելի է, եւ աղէկ աշես եւ տեսնուս զկոտրածն եւ իմանաս։

Ստածումն որ գլուխն կոտրի։

Էհանան ասէ, թէ գլուխն ոսկր որ խոշորեր է թէ կոտրած ոսկր կայ՝ նա հանէ՛, եւ թէ ոչ՝ որ զարկեր որ եարայ է բացվէր՝ յիրար բեր եւ պողպատ ասղով կարէ՛ եւ զայս դեղերս ի վերայ ցանէ. - ա՛ռ սապռ եւ խունկ Ա Ա բաժին, անծրութ կէս բաժին, աղբրաց արիւն կէս բաժին. զամէնն աղա՛ եւ մաղէ՛ եւ ի ժմուն ի բան տուր։ Եւ թէ ուռեց ունենայ եւ ցաւ լինայ՝ լաւ դեղն այն է, որ երակ առնուս. եւ թէ քաղցր նուռն գինով եփես եւ յետոյ ծեծես եւ ի վերայ ուռեցին դնես՝ օգտէ։ Եւ թէ արիւնն չկտրէ՝ զասքարին ի վերայ ցանէ, եւ կամ գխտոր եւ կամ այրած կտաւ ի վերայ դիր, դրջած ջրով կամ քացխով։

Մասրճուէն ասէ, թէ դեղ զախմին որ անձն հասնի՝ մոմիեայ եղով եւ կամ ըռովանդ եւ աղբրաց արիւն տաք գինով. օգտէ, եւ տո՛ւր զրովանդին մաճունն, եւ զցաւն խաղեցնէ։ Եւ թէ ի զախմէն ընկնելուն լինի եւ փողէն արիւն գայ՝ հայկաւ եւ կուրս քահրուպար տուր, եւ ի յայն դիհն որ ցաւ չկայ՝ երակ առ, եւ քահրուպար եւ մատնէհար կաւ եւ հայկաւ եւ աղբրաց արիւն եւ խունկ Ա Ա դրամ, եւ Ա կուտ աֆիոն խառնէ. շատ օգտէ. եւ վաղվնէն գարէջուր տուր, եւ միս եւ գինի մի՛ տուր։ Եւ թէ գլուխն լինի զախմն եւ ուռեց լինայ՝ կիֆալէն երակ առ եւ լուծումն արա մրգաջրով, որ պուխարն ի գլուխն չի հասնի, եւ օգտէ կամօքն աստուծոյ. ամէն։

Պատճառ որ ի զախմէ լինի

Էհանան ասէ, թէ զախմն ազգի ազգի է, կա՛մ դանկով եւ կամ թրով, կամ նետով, եւ որն որ լինայ։

Նշան որ զախմն հանդիպի անձն։ Եւ այն որ երեւելի է՝ երեւնայ. եւ այն որ չերեւնայ՝ հարցիր հիւանդին թէ որպէս է, եւ ստածէ՛ շուտով։

Ստածումն զախմին այս է։

Էհանան ասէ, թէ զախմն որ յիրմէն արիւն շատ գայ՝ գուշակէ, որ մեծ երակ է կտրեր այն տեղն. եւ դեղն այն է, որ զան տեղն ճղքես եւ զերկին բերանն բռնես եւ բարակ քթանով պինտ կապես. եւ դնես զան դեղն, որ զարիւնն բռնէ, որ է սապռ եւ աղբրաց արիւնն. ծեծէ՛ եւ շաղվէ՛ հաւկիթի սպիտակուցով ի վերայ դիր Գ օրն. հապա բանտս։ Եւ թէ շիրիանին երակն կտրի՝ դժվար է բռնելն, եւ լաւն այն է որ զինքն պինտ կապես եւ կամ խարես զտեղն։ Եւ այս դեղս շատ օգտէ. - ա՛ռ անծրութ եւ մուռ եւ սապռ եւ աղբրաց արիւն. զամէնն խառնէ՛, ի վերայ դիր. օգտէ աստուծով։

Մասրճուէն ասէ, թէ որոյ անձն ծեծած լինի՝ ա՛ռ զհաւու կիթն, կեղեւովն ծեծէ՛, ի վերայ դիր. օգտէ. եւ թէ ակակիայ եւ ֆուֆել մանր ծեծես եւ իսպիտաճով եւ հաւու կիթի սպիտակուցով շաղվես եւ ի վերայ դնես՝ օգտէ։

Սահակն ասէ, թէ զախմն որ ի կուրծքն հասնի՝ բասիլիկէն երակ առ եւ զառաջին թպտիրնին արա, եւ կուրսի քահրուպայ եւ կաւհայ առ, ի բան տար. եւ ի տաք իրաց պատրաստէ՛, եւ կերակուր հաւու ձագ տուր, որ լինի զերվայ եփած, եւ աղէկն այն է, որ ի տաք մորթին փաթեն եւ ի պաղէ պահեն, որ թաշանուճ չի լինի։ Եւ թէ զտաղօն աղաճուն տակն թեփով եւ ջրով եփես եւ դնես այն զօդվածին վերայ որ կոտրեր է եւ ծուռ է բուսեր՝ կակղացնէ խիստ։