Օգուտ Բժշկութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Որոյ սիրոյ տէր լինի վասն մերձենալոյ, ինքն լինայ ի սավտայէ

Պատճառ որ Բագարատն ասէ

Բագարատն ասէ, թէ այս ցանկութիւնս սրտի է, որ տեսանէ աղէկ պատկեր մն, եւ միտքն եւ սիրտն եւ խորհուրդն ի յայն լինի, եւ հանապազ ի մտացն չերթայ եւ իր ամէն բանն գումարի։

Նշան որ Բագարատն ասէ, թէ երեսին գունն դեղնի, եւ գիշերն ի քուն չի լինայ, եւ ի հոգալ լինայ, եւ հառջէ եւ սիրտն դողայ եւ որ խօսք ասէ՝ նա զբառն փոխէ։

Ստածումն։ Բագարատ ասէ, թէ իր ստածումն Բ ցեղ է. պէտ կու պիտի այնել եւ զմիտքն ստածել, եւ Բ զանձն ստածել։ Եւ մտաց ստածումն այն է, որ զխնտումն եւ զուրախութիւն յաւելցնէ. եւ հոգսին եւ տրտմելուն պէտ այնեն. եւ հանց որ աղէկ ձայներ լինի եւ աղվոր խօսվի եւ կանըչնի եւ ծաղկունաք լինի բոլորն եւ աղբրեզերք եւ ձագու ձայներ եւ անուշահոտ ծաղիկներ լինի։ Եւ յայնժամ տեսնուն, թէ խելքն ի վերայ է՝ նա խրատ տան, եւ զայնոք որ շատ ցեղ հիւանդութիւն է քաշել՝ եւ զանոք զրուցեն, եւ բարի խրատ տան, եւ զիր սիրողին անամօթ բաներն իրենն ասեն, եւ զինքն քամարհեն, եւ զցաւն եւ զպեղծ գործերն սիրողին ասեն իրենն, եւ հանց թպտիր արա, որ ի մտացն հանես։ Եւ անձին ստածումն այն է, որ տեսնուս զխառնուածոց նշանն, թէ որն է այրել, եւ թպտիր առնես, եւ թէ երակ առնելով եւ թէ դեղ տալով լուծումն առնելով եւ զանձն սրբես եւ յայն խլտէն որ պատճառ եղաւ այս ցաւուն։ Եւ այն որ զգիճութիւն յաւելցնէ՝ տուր, որ ի բաղնիս շատ մտէ յայնժամ որ կերակուրն մարսէ, եւ գինի խմէ ջրախառն, եւ մոռնայ զիր առաջի ձրի խորհուրդն։ Եւ այս մեծ ցաւերուն է, որ մարդուն ըռզակն եւ հաւատն եւ գլուխն ի յայս ճամպաս կու կորսվի. Աստուած պահէ։ Որպէս ասէ մարգարէն Դաւիթ, թէ Աստուած իմ, փրկեա՛ զիս ի կարճմտութենէ, զայրանալոյ, մրրկեալ ի նեղսրտութենէ։

Պատճառ

Ըռօֆօսն ասէ, թէ ինքն ի սէվտայի խլտէն որ ի յըղեղն է աւելցել, եւ սուր պուխարն սավտային ըստամոքն եւ ի յըղեղն լցվել է, եւ այս ցաւս որպէս մալախուլիայ է։

Նշան։ Ըռօֆօսն ասէ, այն որ աչվի՛ն ի փոսն ընկնի, եւ թէ զիր սիրողն ի յիր խէչն յիշեն՝ նա երակն փոխի առաջի բնութենէն, եւ մարմինն աւաղ լինի, եւ երեսին գունն դեղնի։

Ստածումն որ ասէ Ըռուֆօսն այն է, որ հանապազ տաք եւ գէճ իրվի ուտէ, որ եփեն նշի ձիթով, եւ անուշ հոտեր հոտայ, ղալիայ եւ յօտ եւ սանտալ, եւ որ նման է սոցա։ Եւ թէ պատճառն ցաւուն որ ի յանձն ի սէվտայէ լինի՝ լուծումն արա այսպէս. - Ա՛ռ շահմի հանդալ Ե դրամ, սապռ Ա մթխալ, խօլինճան Բ եւ կէս դրամ, սէքպինաճ եւ ճաւշիր Բ Բ դրամ, ֆաթր ասալիոն եւ զրեւանդ, սպիտակ պղպեղ, սալիֆայ, տարչինի, եւ զաֆրան, զանճապիլ, ջօտի մուռ կէս կէս դրամ. զամէնն ծեծէ՛ եւ մաղէ՛, եւ քիչ մի գինի խառնէ, եւ մեղրով շաղվէ՛ զոր ըռամսմն է, տո՛ւր ի ժմուն Բ կամ Գ դրամ ըստ հիւանդին ուժուն. եւ տո՛ւր մատպուխի աֆթիմոնն։ Եւ թէ ցաւն յաւելնայ եւ չի զերծանի՝ թէ այր է՝ թող կին առնու, եւ թէ կին թէ աղջիկ՝ էրիկ տան. եւ ամէն կերպով մերձաւորութիւն առնելն լաւ է եւ չառնելն զէն է։ Եւ այս ցաւուս անհոգ մի՛ կենար, պէտ արա, եւ թէ յաւելանայ՝ կամ մանիայ կու լինի եւ կամ ղուտրուպ. եւ յետոյ պէտն շահ չի այնել եւ դժար է։ Եւ պիտի որ անուշ եւ քնքուշ կերակուր ուտէ։ Եւ ամէն բժշկապետքն ասել են, թէ այս ցաւուս մերձաւորութիւնն շահ է եւ չանելն զէն է. եւ թէ այր է ցաւուն տէրն թէ կին՝ շատ օգտէ ինքն. լուծումն է անձինն։ Պատրաստէ՛ յայս ցաւէս, քանզի մարդն ի գլխուն եւ ի ըռզկէն եւ ի հաւատոցն կու հանէ. եւ Աստուած փրկէ զմարդն ի յայս ցաւէս. ամէն։

Եւ թէ զմեռելի վրայի պորփիւրն ծեծեն, որ ի վերայ գիր կայ, եւ տան սիրոյ տէր մարդուն որ խմէ՝ զսէրն խափանէ։