Օգուտ Բժշկութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Health  

Զուգամ եւ նուզլայ որ ի տաքէ լինայ եւ կամ ի հովութենէ

Պատճառ ի տաքէ լինի

Այն է, որ տաք խառնուածոց լինի որ ժողվի ըղեղն, եւ բնութիւնն զինքն ի վայր ղրկէ դէպի զանկիկն. եւ Ա պատճառն այլ ի արեգական ի տաքութենէն լինի։

Նշան ի տաքէ լինի եւ ի պեղծ եւ ի տաք խառնուածոց, որ գլուխն տաքնայ, որ երեսն կարմիր լինի, եւ ճակատն քրտնի։ Եւ այն որ ի յարենէ լինի այն է, որ քիթն կծայ եւ քորի եւ կսկծէ, եւ աչքն կարմրի։

Ստածումն որ ի տաքէ։

Մատային ասէ, թէ այն որ ի քթէն ի վայր իջնու՝ այնոր զուգամ ասեն, եւ այն որ ի կուրծքն իջնու՝ նուզլայ ասեն, եւ բաժանումն զուգամին եւ նուզլային մէջն այն է որ ասացի։ Եւ դեղն զուգամին որ ի պեղծ տաքութենէ լինի այս է, որ անօթուց ի բաղանիս մտէ եւ ծոմ կենայ. եւ կամ ուտելն եւ խմելն պակաս լինայ. եւ յառաջն երակ առնու ի կիֆալէն. եւ մաշ եւ սպանախ եւ գարէջուր նշի ձիթով. եւ զխաշխշին շարապն տուր եւ ճուլապ. եւ խաշխշի կեղեւ եւ մանուշակ եւ հազար եւ գինծ դալար եւ նոնոֆարի ծաղիկ եւ դդում եւ շնխաղող ջրով եռցո՛ւ եւ զերեսն ի շոգին բռնէ, եւ մանուշկի շարապ տուր գարէջրով եւ բակլայի ջուր առանց եղ. եւ ի վերայ քովուն պառկի որ ցաւն նուզլայ չլինայ։

Էհանան ասէ, թէ ցաւուն յառաջն Գ օրն խաղաջ արա անօթեց վարդէջրով եւ զգլուխն ի բաց թող. եւ քաղցր եւ եղլի իրաց պատրաստէ՛. եւ այն որ ի քիթէն իջնու որպէս ջուր լինի՝ զքարն ի կրակն ձգէ որ տաքնայ եւ հա՛ն ի քացախն ձգէ եւ զերեսն ի շոգին բռնէ, որ կտրէ զջուրն. եւ յետոյ մո՛ւտ ի բաղանիս։ Եւ այն որ ի արեւու տաքութենէ լինի՝ այնոր հանապազ մանուշկի ձէթ ի քիթն կաթեցու, եւ վարդէջրով քաֆուր հոտայ. եւ զքացախն դրջէ՛ թեփով եւ ի քիթն ծխէ։

Եւ Բագարատն ասէ, թէ նուզլայ որ տաքէ լինի՝ նշան այն է, որ չոր հազայ եւ գէճ իրք չգայ, եւ թէ դեղնագուն լինի՝ զոր վերոյգրեալ է՝ ամէնն օգտէ։

Պատճառ որ ի հովէ լինի

Սապիթ Կուռանն ասէ, թէ ինքն ի պեղծ գիճութենէ, որ ժողովի ի գլուխն, եւ բնութիւնն զինքն ի վայր ղրկէ. եւ այլ լինի ի հով քամու եւ ցրտու, որ պաղի գլուխն։

Նշան որ ի հովէ լինի՝ որ ճակատն քաշվի. այն որ ի քիթն իջնու՝ թանծր եւ իսպիտակ լինի, եւ ճակատն պաղ լինի. եւ այս շատն ի ձմռան աւուրքն լինի, եւ այն որ ի տաքութենէ լինի՝ այսոր հակառակն է։

Ստածումն որ ի հովէ լինի։

Սապիթ Կուռանն ասէ, թէ ա՛ռ պապունաճ եւ աքլիլմէլիք եւ մարզանկօշ եւ սամիթ եւ եփէ՛ ջրով, զգլուխն եւ զերեսն բռնէ՛ ի շոգին. եւ շոնիզ տապկէ եւ տո՛ւր որ հոտայ. եւ պապունաճի եւ մարզանկօշի ձէթն եւ որ նման է սոցա՝ օգտէ որ օծես. եւ յօտ եւ զսօտն մէկ տեղ ծխես. եւ զտաք դեղերն, եւ զանուշ հոտալիք հոտայ, որ է մուշքն եւ ղալիան. եւ հով կերակուր մի՛ ուտեր, եւ սիսռան ջուր եւ աղէկ կերակուր կեր։ Եւ զուգամն որ թանծր լինի՝ շատն ըղեղին հովութենէն լինայ. եւ օգտէ շոնիզ հոտալն. եւ անիսոն մեղր եւ ղուստ կեր. օգտէ. եւ տո՛ւր զուֆային մտպուխն որ եփի հիւանդութիւնն, եւ զկտաւատն ծեծէ՛ եւ խունկ խառնէ եւ մեղրով շաղվէ՛ եւ տո՛ւր. օգտէ. եւ տո՛ւր զքարնապին լուուխն որ զկուրծքն կակղացնէ, եւ ցաւուն վերջին ի բաղանիս մտէ։ Եւ դեղ որ լինի ի ցրտու եւ ի քամու. - եւ զկորեկն տաքցո՛ւ եւ ի գլուխն դիր. եւ ի տաք բաղանիս մուտ. եւ գինի մի՛ խմել. զթուղթն եւ զկտաւն ծխէ՛ ի քիթն, որ ջուրն կտրէ։

Ըռուֆօսն ասէ, թէ նշանն նուզլային որ ի հովութենէ լինի՝ եւ գէճ հազայ, եւ այն որ գայ ի փողիցն գէճ լինի։ Եւ տո՛ւր խաշխշի շարապ մուսալասով եւ մեղրով. եւ մանուշակ սնուցած տուր, եւ ամէն օր անօթեց Բ Գ գդալ մեղր կեր. եւ հանապազ տաք ջուր խմէ քիչ քիչ. եւ զայս հապ տուր. - ըռազիանայի հունտ եւ նուշ եւ քիթրայ եւ շաքար իսպիտակ հապ արա եւ տուր. օգտէ աստուծով։