Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՒՂԱՑՈՒ ՍԷՐ

- Կը տեսնէ՞ք, Պարոն, սէրըս՝ կրակի
Շապիկի մը պէս զիս կ՚այրէ ուղղակի.
Ձեզ ճանչցած օրէս՝ սիրտս կը մրրկի.
Ըսե՞մ, թէ չըսե՞մ… Վարդը շրթունքիս՝
Բոցէն չէ՛ սիրոյս, արիւնն է թոքիս…
Իմ ճամբաս կարճ է… Բաժնուինք, հոգիս…
- Գիւղացին լացաւ։

Ժամանակն անցաւ։ Այդ թոքախտաւոր
Աղջիկը՝ Սուրբի կ՚երթար ուխտաւոր,
Երբոր գիւղակին մը մէջ հեռաւոր
Տեսաւ այն գեղջուկն իր հին սիրահար
Որ ամուսնացեր, տըղով կը խաղար…
Բայց գեղջուկն ինչո՞ւ այնքան էր նիհար…
Ու ինչո՞ւ լացաւ…։

Գիւղացին մեռաւ, գաղտնիքով լեցուն։
«Գէշ հունձքերէն է», - ըսաւ տիրացուն…
Հիւանդ սիրուհին մեռած գիւղացուն
Որբիկը առաւ, գնաց թաղուածին
Հողէ բլրին վրայ չոքեց առանձին
Ու այսպէս երկուքն ալ լռիկ լացին…
Գիւղացին լացա՞ւ…։

Սիլիվրի, 21/4 Օգոստոս 1909