Սիրոյ գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՉԱՐ ԱՂՋԻԿԸ
       Իմ սիրականս խարտեա՜շ, խարտեա՜շ ,
Հուրերու պէս խարտեա՜շ էր.
Իմ սիրականս մատղա՜շ, մատղա՜շ ,
Ջուրերու պէս մատղա՜շ էր…։
       Վարդ փետելէն՝ թաթիկն անուշ
Վարդերու գոյնն էր առած.
Մարդ թունելէն՝ աչուկն անուշ
Մահերու թո՛յնն էր առած…։
       Բայց կը խնդար ան այնքա՜ն քաղցր՝
Որ զոհն ի՛նք իսկ կը նիրհէ՜ր.
Ու կը խնդար ան այնքա՜ն բարձր՝
Որ երկինքն իսկ կը ներէր…։
       Ու մեռա՜ւ փոքր աղջիկը չար.
—Թռչնի պէս կը տրտնջար.
Թէ խորհէր քիչ մը՝ անպատճառ
Աստուած ի՛նքն իսկ կը զղջար…։
       Թէ գիտնայի իր մեռնիլը՝
Թո՜ղ տայի զիս դեռ տանջէր ,
Թէ ի՛նք գիտնար իր մեռնիլը՝
Զի՛ս ալ իր հետ կը կանչէր…։
       Տէ՜ր Դատաւոր, ձեռքըդ նըժար,
Մի՛ փութար զայն դատելու.
Անոր արուեստն էր շա՜տ դժուար՝
Տանջել… Առանց ատելու։
       Հող մի՛ դընէք զայն, կը մսի ,
Մարմնին մետաքս հագցուցէք.
Դըրէք մահճի մէջ սնդուսի
Ժապաւէնո՜վ տաքցուցէ՜ք…։
       Ես կը հսկեմ աղջկան չար.
—Թէ երկի՛նքն իսկ չի զղջար ,
Զիս կը յիշէր, որ ա՛նպատճառ
Մեռնելուն ի՛նք կը զղջար…։
       Լօզան, [1912]