Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԹԱՓԱՆՑԵԼԻՆ

Իրմէ չի կրցա՞ր դուն բառ մը առնել
Քու այս վիճակիդ համար սիրակէզ.
Չի տեսա՞ր իր մութ աչքին մէջ անել՝
Թէ սիրոյդ փոխան այն կը սիրէ՜ր քեզ ։

Երբեք չի կրցա՞ր աչերէն խոնաւ՝
Թափանցել հոգւոյն հուրքին մէջ անշէջ,
Եւ սակայն ճիշդ որ է՜շ մը չես բնաւ,
Ազնի՜ւ բարեկամ, այս գործերուն մէջ ։

1909