***
Աւազուտին
վրայ
համայն
Գիշերն
իջեր
է
լռելեայն
։
Կը
ծաթի
լոյսն
ամպին
մէջէն
։
Ալիքները
կը
մրմնջեն
«Այս
մարդը
խենթ
մը
չէ՞
իրաւ,
«Կամ
սիրահար
մը
մտագրաւ.
«Ան
տխուր
է,
զուարթ
այնքա՜ն,
«Այնքա՜ն
զուարթ,
տխո՜ւր
սակայն
…
»
։
Բայց
շէն
լուսնակը
հեգնօրէն
Վճիտ
ձայնով
կ՚ըսէ
վերէն.
«Թէ՛
սիրահար,
թէ՛
խենթ,
տխեղծ,
«Ամէն
մեղքիս
վրայ՝
բանաստե՜ղծ
…
»
։