Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
5. ՉՂՋԻԿԸ 
       Քու սուգըդ ո՞վ պիտի լայ, Չղջի՛կ, զազիր ու մութ քո՜յր։ 
Ահա իջնող մութին մէջ կը խարխափի վազքըդ կո՜յր
Ո՞ւր Չղջիկ քո՜յր։ Ինչո՞ւ լուռ կը հեռանաս երդիքէս
Ո՞ր թարշամած վարդն յետին պիտի հաճի՜ ժպտիլ քեզ…։ 
       Եւ ո՞ր սարեակը պահուած թաւուտին մէջ հեշտաբոյր
Քեզ դայլայլովն իր հրաւէ՜ր պիտի երգէ ի համբոյր…։ 
Դուն ի՞նչ ունիս. ո՛չ փետուր, ո՛չ իսկ ձայնիկ մ’որ երգես
Ո՛չ իսկ լոյս մը մտերմիկ՝ փոսուռայի բոցին պէս։ 
       Մերկ թեւերըդ որ հէգ կո՛ղըդ կը ծեծեն անընդհատ
Քնած Կեանքը թունելու շարժումն ունին յուսահատ
Ու միջոցին մէջ Անէծք ցանելու տե՜նդը անշէջ։ 
       Եղո՜ւկ. դուն չե՜ս սաւառնիր. կը տապալի՜ս մութին մէջ։ 
Դարձի՜ր, դարձի՜ր, Չղջիկ քոյր, եկուր անխօս ու հըլու
Երդիքի՜ս մէջ, հոգւո՜յս մէջ, Սեւ Նզովքըդ խոկալու…։ 
       Լօզան, [1909]