Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՓՈՂՈՑ ԱՒԼՈՂԸ 
       Սիկառ մը բերնիս, բաց պատուհանէս՝ 
Խոռոչ մը թաքչած ծեր բուի մը պէս՝ 
Կը դիտեմ փողոցը ամայի՜, լա՜յն
Անտերեւ ծառի զոյգ շարքը երկայն
Հալած ձիւնի ծոյլ անձրեւը բարա՜կ
Գոցուած հազուադէպ կառքերը արա՜գ
Ու ծառերուն վրայ, դողդո՜ջ ցըրտահա՜ր 
Որոնք աչերէս արցունք կը բերեն… 
Ա՜խ, մարդերն ի՜նչ նուրբ կենդանիներ են։ 
       Ճիշդ տանըս դիմաց, այս ցուրտ օրերո՜ւն
Հին համազգեստով ծեր մը երերուն
Այս անձրեւի տակ, աւել մը ձեռքին
Մինչեւ իրիկուն լո՜ւռ, դանդաղագի՜ն
Երկուքի կոտրած հասակն ալեւոր
Կը մաքրէ մայթին ցեխը՝ այնպէս որ 
Չաղտոտի կօշիկն ազնիւ անցորդին…։ 
Ի՜նչպէս թոյլ կու տանք այս բուքին, ցուրտին
Որ ծերերն այսքա՜ն կըռնակնին ծըռեն… 
Մարդերն ի՜նչ անգութ կենդանիներ են։ 
       Գըլուխն է կըքած թաց գըլխարկին տակ
Լա՜յն առատ մօրուք մ’ունի ըսպիտակ
Թագաւորի հին դէմք մ’ըլլար կարծես
Բայց ձեռքը կըմախք կը խըրտչեցնէ ձեզ։ 
Աչքերը թաց են. արցո՞ւնք մ’է ծերի
Անձրեւն է, ճակտէն վար կը կաթկըթի։ 
Բայց գոհ է, նոյնիսկ երգ կը մըրթմըրթայ
Որովհետեւ տուն գիշերն երբ երթայ՝ 
Որբ թոռներուն հաց պիտի տայ նորէն…։ 
Ա՜խ, մարդերն ի՛նչ սուրբ կենդանիներ են։ 
       Տէրն ինչո՞ւ կերտեց Մարդը ոչինչէն
Ա՞յս կեանքին համար…։ Իրեն համար չե՛ն 
Երկինքն աստղազարդ, պըլպուլը ցայգին
Զեփիւռն առտըւան, գինեբեր այգին
Կապոյտ երակները՝ թոնիրին մօտ
Իր ծեր հասակին՝ ձեռներ խընամոտ… 
Բաբէ՜, կեա՞նք է այս. աշխատիլ սովա՜ծ
Ուտելու համար գիշերը սոխ֊հաց…։ 
Մեռնիլը լաւ չէ՞ այսպէս ապրելէն… 
Մարդերն ի՜նչ անյագ կենդանիներ են…։ 
       Մինչեւ ճերմկցան իր մօրուքն ու մազ
Կեանքէն սորվեցաւ բան մը հազի՜ւ հազ,  
Ճակատագրական ուժը Արգանդին։ 
Իր խելքը չ’անցնիր այդ կէտէն անդին։ 
Աշխատութենէն ահա դարձաւ ծեր
Բայց իր հացը չոր շո՛ւն մը չի կրծեր
Մինչ անդին ոմանք ծնած վայրկեանին 
Իշխան են արդէն, կամ ոսկի ունին
Ու աղքատին բախտ կը տնօրինեն…։ 
Մարդերն ի՜նչ քոսոտ կենդանիներ են…։ 
       Վաղը եթէ քաղցը կամ ցուրտ քամին 
Յանկարծ մեռցնէ որբ թոռներէն մին
Ամբողջ ունեցած դրամը միասին 
Չը պիտի բաւեն մահուան հանդէսին…։ 
Բայց ի՜նչ փոյթ, կեցցէ՜ կառավարութիւն
Ի՛րն է անտունին դիակն անարիւն
Նախ կը սպաննէ, բայց կը թաղէ ձրի… 
Ծուռ խօսողին թող բերանը ծռի
Արքան խեղճերուն տէ՛րն է համօրէն
Մարդերն ի՜նչ գթոտ կենդանիներ են…։ 
       Կառավարութի՜ւն… ինչ բարի՜ , բարի՜…։ 
Աղքատին դպրոց բացեր է ձրի
Որ հոն սորվեցնէ կարդալ ու գրել
Օրէնքի առջեւ կռնակը ծռել… 
Գիտնալ որոշել չարը ու բարին
Սեփական փողէն տուրք տալ կեսարին… 
Ըլլալ հնազանդ մէկ կաթնատու կով
Զօրք գրուիլ, մեռնի՜լ արքային կամքով… 
Յարգել հարուստին վաստակն անօրէն… 
Մարդերն ի՛նչ խելօք կենդանիներ են…։ 
       Աւլէ՛, ծե՛ր, աւլէ՛, աշխատէ տքուն
Ձմեռուան ցուրտին , ամառուան տաքուն
Աւլէ՛ մարդկութեան աղտը ցնցոտի
Ու գիտցի՛ր, որ մի՛շտ պիտի աղտոտի… 
Գիտցիր որ հա՛ցդ է աւելի մաքուր
Քան ջոջին կարմիր հացը թաքթաքուր։ 
Գիտցիր դուն բաւե՛լ՝ քեզի որպէսզի 
Օգնեն , ըսելով, չի խեղդեն քեզի… 
Գիտցի՛ր, որ ինչ ալ ըլլան կամ ընեն
Մարդերը զազիր կենդանիներ են…։ 
       Ու սորվէ ատե՛լ նողկանքով անհուն
Անոնք որ «փրկչի » կը կրեն անուն 
Ու ճոխ խօսքերով տունըդ կը քանդեն
Սորվեցուր տղոցդ ատել արգանդէն՝ 
Քաղաքագէտնե՛րը ամէն գոյնի
Որոնք կը սպաննե՛ն քեզ առանց թոյնի։ 
Սորվեցուր իրենց խօսքը հետագայ՝ 
«Աղքատին համար բարեկամ չի՛կայ»
Փոքրերն անվրէպ մեծերուն կեր են
Մարդերը կատղած կենդանիներ են…։ 
       Աղքատասէր սիրտ մ’ունիմ ես ի՛նքս ալ
Թէ անկեղծ է այդ՝ քաղցր է ինձ յուսալ
Այդ ծերն եղբայրս է, գրա՛ծըս վկայ
Մէկ տարբերութիւն միայն եթէ կայ
Մինչ ես կը գրեմ տողեր խնամոտ
Սիկառ մը բերնիս, վառարանիս մօտ
Ու բիւր յանգերու մէջ քաղցրահնչիւն 
Կը փնտռեմ կեանքի «ինչպէսն ու ինչուն»
Ծերը այս ցուրտին կ’աւլէ խեղճօրէն… 
Մարդերն ի՛նչ ահեղ կենդանիներ են…։ 
       Ի՜նչ ատեններու հասեր ենք, Աստուա՜ծ
Փըշրեցինք ինչ որ կար վըսեմ կերտուած։ 
Կրօնքը բառ մ’է, իսկ հոգի չի կայ
Ով դեռ կը հաւտայ, խենթ մ’է անիկա
Իսկ Յիսուս ապուշ մըն է յետնագոյն 
Չունի ծրագիր, քաղաքական գոյն… 
Գութն ըզգացմունք մ’է գրեթէ մանկական
Պէտք է դաւանանք մը ընկերական
Այսպիսով կ’երթայ աշխարհք ինքիրեն… 
Մարդերը չէ՞ որ կենդանիներ են… 
       Ո՜վ փողոց աւլող, ո՜վ եղբայր, ո՜վ ծեր
Քու պարզ ներսիդիդ դժոխք են դարձուցեր։ 
Ու դուն կը խորհիս. ինչո՞ւ է այս կեանքը
Լաւ չէ՞, որ շուտով մեռնինք, հող դառնանք 
Թէ վարձատրութիւն չիկայ աղքատին 
Ոչ մահէն ասդին, ոչ մահէն անդին
Թէ պատիժ չիկայ հարուստ անգութին 
Ոչ մահէն ասդին, ոչ մահէն անդին
Ապա թող ամէնքն իրար յօշոտեն… 
Մարդերն ի՛նչ երկչոտ կենդանիներ են։ 
       Թէ Արդարութիւն, թէ միտք գերբնական
Թէ սուրբ իտէալ, թէ Աստուած՝ չի՛ կան
Ապա ո՞ր ուժով, ո՞ր օրէնքով , ո՞ր 
Արդարութեամբ, ո՞ր կամքով ահաւոր 
Կըրնան արգիլել քեզ ծերուկ բարի
Որ օր մ’երբ վըճիտ հոգիդ փըրփըրի
Թէ արժան չէիր դուն այս վատ կեանքին
Օր մը քու դողդոջ ձեռներդ մոլեգին 
Անխիղճ մեծերուդ աղիքը պատռեն…։ 
Մարդեր պատռելիք կենդանիներ են…։ 
       Սակայն ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ։ Ձիւնին, ցուրտին մէջ 
Աւլէ՛ մարդկութեան ցեխն ու կեղտն անվերջ
Աւլէ՛ ու գիտցիր որ միշտ կ’աղտոտի…։ 
Մի՛ խորհիր. Միտքը զարդ մ’է սնոտի… 
Աւլէ՛, որբիկներդ հացիդ կը սպասեն։ 
Աւլէ՛, սուրբ է պարտքն, ինչ որ ալ ըսեն։ 
Աւլէ՛, որպէսզի իրիկուան երբ տան 
Նիհար սակագին քու ըստրկութեան 
Նըզովես այդ ձե՛ռքը սըրտիդ խորէն… 
Մարդերն անիծած կենդանիներ են…։ 
       Ու ես գիտեմ որ, ցած խշտեակիդ մէջ 
Ձըմեռ գիշերներ գետնին վրայ գէջ
Լուռ մըտմըտանքով երբ որ կը դիտես 
Որբերըդ քնած հըրեշտակներու պէս
Որ կը հասուննան վաղուան գերութեան 
Ու անվաղորդայն անիմաստ Մահուան
Կը փղձկի ծեր սիրտըդ սուգով լեցուն՝ 
Ձեր միակ պաշտպան բարի Աստծուն…։ 
Որ մեռցուցին քու մէջդ անգթօրէն… 
Մարդիկ ինչո՞ւ վատ կենդանիներ են…։ 
       1911