Արձակ այլ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՐԻ ՄԸ ՎԵՐՋ
(ՊԱՏՄՈՒԱԾՔ)

Շքեղ նուագահանդէս մը սարքեր էին այդ գիշեր Conse toireին աշակերտուհիները։ Խո՛ւռն էր բազմութիւնը որ լեցուցեր էր թատրոնին մեծ սրահը։ Շրջանաւարտուհիները ամէնքն ալ, մետաքսի սպիտակ շրջազգեստներու մէջ, բեմին վրայ ելան ցուցադրելու համար իրենց հագագին արուեստը, դեռ անփորձ ու յայտնապէս դողդոջ։ Ու հիմա՝ հանդէսը աւարտած՝ բազմութիւնը կը քակուէր մեծ փողոցներու երկայնքն ի վար։

Էնրիքէթթա, թատրոնին մեծ դրան առջեւ, իր թեւը Պրանտի թեւին մէջ՝ կանգներ էր յաղթական։ Որքա՜ն երջանիկ էր. ի՜նչ եռանդով ծափահարած էին զինքը այդ գիշեր. ու մետաքսի շրջազգեստը, ճեփճերմակ, երկա՜ր, ի՜նչ լաւ վայլած էր իր նրբակիր հասակին։

Անդադրո՜ւմ, յուսահատակա՜ն, բարակ անձրեւ մը կը տեւէ շարունակ։ Ելեկտրական լամբարները իրենց խոնաւ լոյսը կը դողացնէին թաց պատերուն երկայնքն ի վար. ու ամբոխը, սեւ հովանոցներու տակ, փութկո՜տ, փողոցներու մութին մէջ կը հեռանայ։

Էնրիքէթթա զինքը ծափահարելէ յոգնած բազմութիւնը կը դիտէր տակաւին, ու Պրանտ, երջանկութենէն գինով, բա՛ռ չէր գտներ արտասանելու։

Երբ երջանիկ զոյգը սանդուխներուն աստիճանէն վար իր տունին ճամբան բռնելու համար՝ ցնցում մը կասեցուց Պրանտին քայլը։

-Էնրիքէթթա՜, - ըսաւ, - տե՛ս, Սաէթն է, խեղճը։

Երբեք Պրանտ այսքան չէր մեղքցած Սաէթին. անոր թշուառ ստուերը, անձրեւին տակ կծկտած՝ ընկճեց Պրանտին սիրտը. ու մտքի մէ՛կ շարժումով ան յիշեց Սաէթին ամբողջ պատմութիւնը, շա՜տ պարզ ու շա՜տ միամիտ՝ սիրային բոլոր պատմութիւններուն նման, եւ որ սակայն չեմ գիտեր ինչո՞ւ այդքան խոր ազդեց իր վրայ այդ գիշեր։

Սաէթ սպանիացի երիտասարդ մըն էր, գրականութիւն ուսանելու համար Նէօշաթէլ եկած. հոն ծանօթութիւնը ըրած էր Էնրիքէթթային, զմայլելի իտալուհիի մը, Conservatoireի աշակերտ։ Երեք տարի սիրեցին անոնք զիրար, թեւ թեւի ապրեցան, ապագայի երջանիկ երազներ հիւսեցին, ու շրթունքնին միացուցին իրարու - այս աշխարհքին բոլոր սիրահարներուն պէս - ու օր մը, առանց պատճառի, Էնրիքէթթա լքեց անոր թեւը՝ Պրանտին միանալու համար։ Բաժանումի յանկարծական այս հարուածը տրտմեցուց Սաէթին սիրտը։ Բայց յամառ եւ կամքոտ տղայ մըն էր ան։ Ի՛նք ալ հարկաւ արտասուեց երբեմնի կորսուած երջանկութեան վրայ. ի՛նք ալ հարկաւ բոլոր դժբախտ սիրահարներուն պէս մտածեց անգամ մը այն ահաւո՜ր երջանկութեան վրայ, զոր կրնար հայթայթել կապարի փոքրիկ գնդակ մը ճիշդ ճակտին մէջտեղը. բայց ամէնքէն առաջ՝ հաշուելու, յարատեւելու եւ յաղթելու զգացումը կար իր մէջ։ Ապահովաբար բանաստեղծի հոգի մը չէ՜ր իրենը… ու այդ գիշեր անձրեւին տակ կը սպասէր ան, որպէսզի Էնրիքէթթան տեսնէր, բա՜ռ մը թոթովէր անոր, ու թերեւս, ո՜վ գիտէ, վերսկսէր կտրատուած պատմութիւնը իր երբեմնի սիրոյն։

-Էնրիքէթթա, - հծծեց Պրանտ, - տես, Սաէթն է, խե՜ղճը։

Էնրիքէթթա դողաց, աւելի՛ վար քաշեց հովանոցը, ու ջղայնօրէ՛ն Պրանտին բազուկը սեղմեց իրենին մէջ։

-Երթա՜նք, երթա՜նք, - ըսաւ, - ուշ է ժամանակը։

***

Պրանտ աղքատ ծնողքէ էր. դեռ նոր լքեր էր հայրենի տունը՝ mathռmatiqueի հետեւելու համար։ Ազնուականի նուրբ դիմագիծ մը ունէր, ու երկա՜ր, խարտեաշ մազեր։ Հիւսիւսի զաւակ՝ իր երկրին լա՜յն հորիզոններուն խաղաղութիւնը կը կրէր իր կապո՜յտ, աղուո՜ր աչքերուն խորը։ Ան դեռ չէր ճանչցած կեանքը եւ կինը, ահաւասիկ թէ ի՛նչ կար մասնաւորապէս գեղեցիկ այս տղուն հոգիին մէջ եւ դէմքին վրայ։ Չէր գիտեր այն արուեստը որով մարդ կը սիրէ ժամանցի համար կամ շահու համար։ Իրեն համար սիրելը յաւիտենականութիւն մըն էր, աւելի մեծ քան յաւիտենականութիւնը։ Պրանտ այն հոգիներէն էր որոնք կը սիրեն ու կու լան։ Խե՜ղճը, որքա՜ն կը սխալէր…։

Անշուշտ սակայն այս տղուն սէրերը դատելու միամիտ եղանակը տագնապի ցնցող շրջան մը ունեցաւ՝ այդ վայրկեանէն երբ ճանչցաւ Էնրիքէթթան։ Այս աղջիկը կը սիրէր Պրանտին աղուոր մազերը իր կուրծքին վրայ հանգչեցնել, ու հրճուանքո՜վ պատմել անոր - աղջիկներու տարօրինա՜կ հոգեբանութիւն - պատմութիւնը այն բոլոր հոգիներուն որոնք իր սեւ աչերուն եղկելի զոհերը եղան։ Ու ամէնէ՛ն առաջ խե՜ղճ Սիլվէսթրիին պատմութիւնը, է՛ն մանկականը. այս տղան էր որ առաջին անգամ սիրեց զինքը, իր հայրենի գիւղին մէջ, Թոսքանայի կապոյտ երկինքին տակ։ Ու յետոյ՝ երաժշտութեան իր երիտասարդ professeurը։ Ու յետոյ, դեռ նո՜ր, Ալպէոր, գրականութեան ուսանող, զոր բժիշկները Նիս ուղարկեցին կուրծքի տկարութեան մը պատճառով։ Ու դեռ շատե՜րը, շատե՜րը, ու Սաէ՜թն ալ…։

Էնրիքէթթա կը պատմէր ասոնք սիրուած ու ցանկացուած աղջիկի հպա՜րտ գիտակցութեամբը լեցուն, յաղթակա՜ն, կարծես երջանի՜կ։ Ու ամէ՛ն անգամ որ Պրանտ երազօրէն կը մտածէր այն բոլո՜ր տառապագին հոգիներուն վրայ որոնք իրեն պէս, երբե՜մն, այս աղջկան դիւթիչ կուրծքին վրայ հանգչեցուցին իրենց գլուխը, Էնրիքէթթա, բարկացած, Պրանտին ձեռքերը կ՚առնէր իրենին մէջ, ուժգի՛ն կը ցնցէր զանոնք, ու յետոյ գրեթէ՜ լալով.

-Աղուո՜րս, - կ՚ըսէր, - սիրէ՛, սիրէ՛ զիս…։

Սիրե՜լ։ Բայց աղքատութի՞ւնը, բայց աշխատութի՞ւնը, ու ծերունի հա՞յրը որ իրեն կը սպասէր։ Պրանտ կը մտածէր այս բոլորին վրայ։ Բայց շատ անգամ կը պատահէր որ, ձմեռ գիշերներ, իր դասագրքերուն վրայ ժամերո՜վ կքելէ յոգնած, երկար մազերով տղան բարձին վրայ նետէր իր գլուխը, վերմակին տակ կծկտած՝ Էնրիքէթթային վրայ մտածելու ու արտասուելո՜ւ համար…։

Ո՛չ, ո՛չ, աղքատ ուսանողը պէտք չէր սիրեր, ու Պրանտ կը սիրէր, ա՜խ, տղու պէս կը սիրէր Պրանտ։

***

Տարի մը վերջ։

Ձմեռ ատեն, գիշերուան այդ պահուն, շատ խորհրդաւոր կերպարանք մը ստացած էր պարտէզը։ Մերկ ծառերը իրենց ճիւղերը կը ցցէին մութին մէջ. պարտէզին քովէն քաղաքին լայն ճամբան կ՚երկարէր ամայի, վարը լիճն էր. աւելի հեռուն՝ Ալպեանները։

Էնրիքէթթա ծառի մը բունին կռթնած, երկա՜ր ու երկար կը դիտէր լիճը, Նէօշաթէլի չքնաղ լիճը, անշարժ, մեռած։ Անոր քովը՝ Էնրիքէթթայի ուսին դրած իր գլուխը՝ Սաէթն էր։

Ու այնքա՛ն անշարժ էին պարտէզին չորցած ծառերը, ու այնքա՜ն հանդարտութիւն կար գետինին քնացող ձիւներուն վրայ, որ կարծես ծառերուն ճիւղերը՝ վար հակած՝ երկիւղած հիացումով մը կը դիտէին սիրահար հոգիներու այս կենդանի արձանը։

Խռնթիւն մը։

Մարդկային ստուեր մը երեւցաւ պարտէզին քովէն անցնող ամայի ճամբուն վրայ։ Երբ ստուերը բաւական մօտեցաւ՝ երկու սիրահարները տարտամօրէն կրցան որոշել անոր գծագրութիւնը։ Սեւ վերարկու մը գրկած էր անոր վտիտ մարմինը. գլխարկը ճակտին վրայ շա՛տ առաջ ինկած՝ ծածկեր էր անոր դիմագիծը. ու խռուած, այլանդա՛կ երկու երեսներէն վար կը կախուէին երկա՜ր-երկա՜ր իր մազերը։

Մէկ թեւին տակ հինցած գիրքերու դէզ մը գրկած, միւս ձեռքին մէջ ալքոլի շիշ մը, գայթ ի գայթ, անկայո՛ւն, խռնթալո՛վ, գինովը կը քալէր իր ճամբան։ Ու ամայի ծառուղին անոր կողը հեռունե՜րը կ՚երկարէր՝ սուգի աղաղակի մը պէս։

-Էնրիքէթթա՜, Էնրիքէթթա՜…։

Ոչ ո՛ք պիտի կրնայ ըսել թէ ի՛նչ բան անցաւ այդ պահուն Խաբող Աղջկան երակներուն մէջէն։ Միայն Սաէթ զգաց թէ Էնրիքէթթային սառած մատներուն մէջէն կը սահէր, կ՚իյնար իր ձեռքը։

Ու զառամած, ու տատանող, կարծես յաւիտենօրէն իյնալու դատապարտուած, ու լալագին, ու անճո՛ռնի, գինովը իր թշուառ ստուերը կը քաշէր քաղաքին ամայի ճամբուն վրայէն։

Ու ձմեռ գիշերներու տրտմաւէտ հանդարտութիւնը, ու երկար ծառուղիին խորհրդաստուեր մթութիւնը, ու պարտէզին ծառացած կմախքները, ու, ո՜վ գիտէ, թերեւս Սաէթին քարացած սիրտն ալ, ամէնքն ալ, կը կրկնէին գինովին կերկերող, տանջուող, գալարուող ձայնը.

-Էնրիքէթթա՜, Էնրիքէթթա՜…։

Այսպէ՛ս կ՚անցնէր Պրանտին ստուերը գիշերին մէջէն։

[1907]