Մատենագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՁԱԿ ԱՅԼ ԷՋԵՐ

«Տխուր Րոպէ». Առաջին անգամ տպուած է Մ. Պարսամեանի Փարիզի մէջ լոյս տեսնող «Կեանք եւ Արուեստ» ամսագրի 1940 թ. ի թիւ 4-ին մէջ, էջ 61 ։ ԱՐտատպուած՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 369 ։

«Ռ. Պէրպէրեանի Հիւանդութիւնն ու Մահը». Առաջին անգամ տպուած է Թ. Ազատեանի Պոլսոյ մէջ խմբագրած «Աստղաբերդ» ամսագրի 1951 թ. ի Ա. տարի) թիւ 4-ին մէջ, էջ 82 ։ Արտատպուած՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 367 ։

«Շնորհքով Մարդիկ» (գրախօսական). Զ. Եսայեանի նոյնանուն հատորի առիթով գրուած այս գրախօսականը տպուած է «Բիւզանդիոն»ի 1907 թ. ի (ԺԱ. Տարի) թիւ 3234-ի (19 Մայիս) մէջ, էջ 1-2 ։

Հատորի մէջ կը մտնէ առաջին անգամ ըլլալով ։

«Տարի Մը Վերջ» (պատմուածք). Առաջին անգամ տպուած է «Արեւելեան Մամուլ»ի 1907 թ. ի թիւ 26-ին (27 Յունիս) մէջ, էջ 640-3 ։ Արտատպուած՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 363 ։

«Խարտեաշը եւ Թուխը». Առաջին անգամ տպուած է «Սուրհանդակ»ի 1908 թ. ի 16 Յունիսի թիւին մէջ ։ Արտատպուած՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 360 ։

«Շեղածները» («Ուսանողի Գիշերներ» ընդհ. խորագրի տակ). Առաջին անգամ տպուած «Սուրհանդակ»ի 1908 թ. ի . Տարի) թիւ 53-ի (1 Օգոստոս) մէջ, էջ 1-2 ։

«Տաճատ». Առաջին անգամ տպուած է «Սուրհանդակ»ի 1908 թ. ի թիւ 89-ն մէջ, էջ 1-2 ։ Տաճատը նոյնինքն Տաճատ Թերլէմէզեանն է, որուն վրիժառու բազուկին գործունէութիւնը ծանօթ է ։ Հատորի մէջ կը մտնէ առաջին անգամ ըլլալով ։

«Լալիք Զաւեշտը» («Հայուն Օրագիրը» ընդհ. խորագրի տակ). առաջին անգամ տպուած է «Սուրհանդակ»ի 1908 թ. ի թիւ 93-ի մէջ, էջ 1 ։

Հատորին մէջ կը մտնէ առաջին անգամ ըլլալով

«Խօսք Ռ. Սեւակի Արտասանուած Օտէօն Թատրոնին Մէջ». Առաջին անգամ տպուած է «Սուրհանդակ»ի 1908 թ. ի թիւ 64-ին (22 Օգոստոս) մէջ, էջ 1 ։

Հատորի մէջ կը մտնէ առաջին անգամ ըլլալով ։

«Խուլ Մը Կը Փնտռուի» («Հայուն Օրագիրը» ընդհ. խորագրի տակ. Առաջին անգամ տպուած է «Սուրհանդակ»ի 1908 թ. ի թիւ 100-ի մէջ, էջ 1 ։

Հատորի մէջ կը մտնէ առաջին անգամ ըլլալով ։

«Ուսանողի Նամակներ». Առաջին անգամ տպուած է «Ազդակ» շաբաթաթերթի 1909 թ. ի թիւ 23-ին (23 Յունիս) մէջ, էջ 323-4 ։ Արտատպուած՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 371 ։

«Հատուածներ Օրագրէն». Առաջին անգամ տպուած է «Աստղաբերդ»ի 1951 թ. ի թիւ 1-ին մէջ, էջ 10-1 ։ Արտատպուած 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 368 ։