Կրկէսին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՏԻԿԻՆԸ

(Օսմանեան Սահմանադրութեան առթիւ)
Պողպատ սալէն` որուն վըրայ դարբնեցին
Ազատութիւնն երիտասարդ բազուկներ`
Յանկարծ վարսամ մ’ելաւ ու վե՛ր խոյացաւ:
Բոց մազերէն անձրեւելով կըրակներ
Սաւառնեցաւ հորիզոնէ հորիզոն.
Մերթ իջնելով տըւաւ համբոյր մայրենի
Ըստրուկներուն բերաններուն եւ ճակտին.
Մըրըրկումին մէջ կայծաբորբ էութեան
Կարծես երկինքն երկրիս վըրայ թօթափեց.
Եւ ձիւնի նման, օշարակի հանգունակ
Լոյս մը ծորեց ամբոխներուն աչքերէն
Մինչեւ սըրտին խորն անոնց:
Այն ատեն շռինդ մը շըղթայի շառաչեց`
Որ վար կ’իյնար առյաւէտ
Հոգիներուն եւ վիզերուն վըրայէ,
Եւ Թուրքիոյ լայնապեղ կուրծքն անսահման
Ուրախութեան ժայթքեց անա՛նկ աղաղակ
Մ’որ շիրիմներ հըսկող բուերն իսկ դիւթուած
Պահ մ’ըսկըսան տատրակներու պէս մընչել:
Ո՜վ Բըռնաւոր, նըստած ոսկրէ գահոյքի,
Փակէ՛ աչքերդ, աչքերդ փակէ՛ ափիդ մէջ.
Ամբոխն է` որ կ’արթըննայ
Դրանն առջեւ պալատիդ:
Ո՛վ Բըռնապետ, սուիններուն ծա՛յրն է այսօր`
Որ փըռիւգեան գըլխարկը վե՛ր կը ցըցուի…
Ազատութեան տօնն ահա՛.
Ժողովուրդներ կանանչին վրայ Վոսփորին
Եղբայրութեան խըրախճանքին են նըստեր.
Երկընքէն վար Տօթաբերի արեգակն
Յար կը լեցնէ բաժակներուն մէջ անոնց
Արիւն մը հին հերոսներու մորթըւած:
Այն ժամանակ Կին մը կապոյտ աչքերով`
Որ դարերով նըստած էր
Աւերակի մը սիւնին վրայ թաւալած,
Որ կ’անիծէր, կամ կ’աղօթէր, կամ կու լար.
Քուրձ կը հագուէր, մոխի՜ր կ’ուտէր,
Եւ մայրօրէն ծիծերն ափին մէջ բըռնած`
Անմահութիւնն իր անոնց մէջ կ’օրօրէր,
Յանկարծ լըսեց հըրաւէրն
Ամբոխներուն ծովածուփ.
-»Տիկի՜ն, Տիկի՜ն, եկուր կարմիր խընջոյքին.
Աքասիաները Վոսփորի ափերուն
Ամէն գարուն ուսերուդ վրայ կոշկոճուած
Պիտ’ անձրեւեն ծաղիկներն իրենց քաղցրաբոյր.
Պիտի գայ ծովն համբուրել
Մինչեւ ծունկերդ ըսպիտակ,
Եւ վիհերէն քեզ գոհարներ պիտ’ բերէ.
Սիրենաներ` քեզի նաժիշտ պիտ’ բերէ.
Տիկի՜ն, Տիկի՜ն, եկուր ճերմակ խընջոյքին:
Քեզի քացա՞խ, քեզի լեղի՞ խըմցուցինք.
Ներէ՜ մեզի. ոտքիդ առջեւ կը փըշրենք
Նիզակն ահա եւ փուշպըսակը գըլխուդ.
Ներէ՜ մեզի եւ եկուր,
Եկուր կարմիր խընջոյքին»:
Նոյն ատեն աստղ մ’ահաւոր
Փեռեկելով ժողովուրդներն ապշահար`
Եկաւ եւ հինգ անգամ դարձաւ գըլխուն շուրջ
Աւերներու Տիկինին,
Եւ փըշըրուած, յանկարծակի, ուղխօրէն,
Մազերն ի վար հոսեցաւ
Հալած մեղրի հանգունակ:
Եւ կինն հիասթափ հաւատաց
Ազատութեան եւ անսահման խինդերու:
-»Ո՛վ իմ հնազանդ աղախիններս, ըսաւ ան.
Աղախիններըս թըխացած թեւերով,
Դուք որ երկար դարերու մէջ հըսկեցիք
Ոտքիս առջեւ. ձեր մազերով սըրբեցիք
Կուրծքիս արիւնն յարաբուխ,
Եւ ձեր շըրթունք ըրիք ըսպունգ քնքշական
Սըրտիս վէրքին, օ՛ն, մեհեւանդ բերէք ինձ,
Աւերներուն մէջ արցունքէս բողբոջած
Մեծ ծաղիկնե՛րը բերէք:
Կ’ուզեմ այսօր դըշխոյի պէս զարդարուիլ.
Կ’ուզեմ որ միսըս թարմօրէն սըրսըփայ
Ինչպէս ծաղկած դեղձիի ծառը մատղաշ
Անձրեւէն վերջ մայիսի:
Կը լսեմ բոլոր հովիտներէն որ կ’ելլէ
Որդիներուս ծիծա՜ղն, եւ ա՛լ չեմ կըրնար
Սեւեր հագնիլ եւ ողբալ սեւ արցունքներ:
Թող բերուին ինձ պատմուճաններս հինօրեայ.
Սա ծանըր ծա՛նըր վարդերով պսակը, օ՛ն,
Դըրէք շուրջը վեհ գըլուխիս, դըրէք վարդ
Գօտիիս մէջ, մէջքիս վրայ.
Եւ գինդերս իմ, ապրանջաններս ու մատնիս
Զետեղեցէք… այսպէս, ահա՛ ա՛լ երթանք
Դէպի Վոսփոր, կարմիր ճերմակ խընջոյքին»:
Ժողովուրդները հոն էին, քով քովի,
Մէկ արեւու տակ նըստած:
Աւերներու Տիկինը երբ երեւցաւ`
Բոլոր դափնի եւ ձիթենի նետեցին.
-Դըշխո՜յ, դըշխո՜յ, կոչեցին,
Իր կողերուն լայնութեան վրայ հիանալով`
Անոնց մէջ օր մ’օրօրուած
Հերոսներուն անուան ըրին գովասանք:
Ան նըստեցաւ ամէնուն հետ միատեղ,
Ամէնուն մէջ. եւ կերաւ` մերթ ծիծաղկոտ`
Եղբայրութեան աղը ձիւնի պէս ճերմակ,
Եւ ան խըմեց, խըմեց գինին հընձանուած
Ափերուն մօտ Իռիսի,
Եւ ան խըմեց, խըմեց գինին կարմրաբորբ:
Ո՜վ խօլութիւն կնոջական,
Ո՜վ այնքան սուրբ վրէժներու,
Եւ ահաւոր վիշտերու
Լըռիկ, մընջիկ տապալում:
Ըսէ՛ Այրի, ըսէ՛ Դըշխոյ, ըսէ՛ Մայր,
Պիտի հրաբուխդ ա՞յսպէս լեռն իր պայթեցնէր:
Ու ան խըմեց, խըմեց գինին կարմրաբորբ…
Ձեռքին մէջ բիւր բաժակներ
Ջախջախուեցան, եւ մարմարէ ուսերէն,
Արմունկներէն արփիացոլ հոսեցաւ
Զըւարթ հեղուկն յակինթներու պէս հալած.
Թողուց որ գլուխը շոյէ
Լըրջադէմ Թուրքն եւ կամ Չէրքէզն հաստայօն.
Եւ Հըրէային եւ Յոյնին
Ճակատներուն վրայ թօթուեց
Սեւ անտառներն իր խընկաբոյր մազերուն.
Քըղանցքը վեր հանգըրճած`
Կանանչին վրայ նըրբակօշիկ ոտքերով
Կաքաւեց ան, պարեց դա՜փ, դա՜փ, դա՜փ զարկաւ.
Խուլ գործիքին ձայնն աղուոր,
Քօղէքներուն շառաչներն
Ու դոփդոփիւնը խոլայած մատերուն
Ժողովուրդին վրայ նուագներ թափեցին
Եւ ներդաշնակ կարծես անձրեւ մ’անծանօթ,
Ու երբ քօղն իր վեր նետեց
Եւ ըսպիտակ ալիքներուն մէջ անոր
Ճախրե՜ց, դարձա՜ւ, դարձա՜ւ, դարձա՜ւ հապըշտապ`
Կարծես թէ ան բուստ մըն էր
Ամբոխներուն ովկիանին մէջ յարածուփ
Եւ կամ Աստղիկն արբեցած
Տիոնիսեան խորհըրդական տօներուն:
-Կեցցէ՜ ըսին այն ժամանակ հոն բազմած
Մարդերն ամէն ցեղերու,
Կեցցէ՜ Այրին գեղագանգուր` որ ահա
Մէկ օրուան մէջ կը ձըգէ քօղը սուգի
Եւ լաչակն իր մոխրահոտ.
Թող Վոսփորն իր վիհերէն
Ամուսնական բերէ մատնի մ’ադամանդ,
Այս իրիկուան մէջ զուգելու համար զայն
Մեծ Ազգին հետ օսմանեան:
Կեցցէ՜ Մայրն այն սեւազգեստ`
Որ գիշերուան մէջ հերոսներ կը թաղէ,
Առաւօտուն կ’ըլլայ հարս,
Հա՜րս կ’ըլլայ, հա՜րսը բոլորիս, հա՜րսն արբշիռ,
Որ ծովուն քով եւ խրախճանքի սեղանին
Վարդ կը նետէ ամէնուն,
Եւ աւասիկ կ’համբուրէ
Իր գինիոտ բերանով
Մարդերն ամէն ցեղերու:
Կեցցէ՜. - Ըսին այն ժամանակ, բայց հեռուն
Այս խրախճանքի ժըխորումէն արթընցած
Գայլ Վահաններն, Դաւիթ բեկերն ընձառիւծ,
Հերոսներն հին` գաղափարին հինօրեայ,
Գինովութի՜ւնը տեսան
Օտարներու առջեւ պարող իրենց մօր.
Եւ սարսափած, մոլեգնադող, պատռեցին
Իրենց վրէժի պատանքներն
Ու շարժելով շիրմաքարերն իրենց յաղթ,
Սըրտմըտանքէ, առջի անգամն ըլլալով
Արտասուեցին ու մութին մէջ կանչեցին
Դէպ իրենց Մօր. - «Օլիաբա՜, Սալոմէ՜…»: