Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Այս իրիկուն ձեզի կու գանք, ե՜րգ երգելով,
Լուսնակ ճամբով,
Ո՛վ գիւղակներ, գիւղակներ.
Ձեր բակերուն մէջ ամէն
Թող գամփըռներն արթըննան,
Եւ աղբիւրները նորէն
Դոյլերու մէջ քրքըջան.
Ձեր տօներուն համար դաշտէն՝ մաղերով
Վարդ ենք բերեր՝ խաղերով։

Այս իրիկուն ձեզի կ՚ուգանք, սէ՜ր երգելով,
Սարի ճամբով,
Ո՛վ հիւղակներ, հիւղակներ.
Եղջիւրներուն դէմ եզին
Թող ա՛լ բացուին ձեր դուռներ,
Թոնիրը մխայ, պըսակուին
Կապոյտ ծուխով կըտուրներ.
Ահա ձեզի հարսերը՝ նո՜ր մանչերով՝
Կաթ են բերեր՝ փարչերով։

Այս իրիկուն ձեզի կու գանք, յո՜յսն երգելով,
Արտի ճամբով,
Ո՛վ մարագներ, մարագներ.
Ձեր պատերուն մէջ խաւար
Թող նոր արեւ նըշողէ,
Երդիքներուն վրայ դալար
Լուսնակն ալիւր թող մաղէ.
Ահա ձեզի բերեր ենք խար՝ խուրձերով
Յարդը՝ անոյշ ուրցերով։

Այս իրիկուն ձեզի կու գանք, հա՜ցն երգելով,
Կալի ճամբով,
Ո՛վ ամբարներ, ամբարներ.
Ձեր մութ ծոցին մէջ հըսկայ
Թող բերկրութեան շող ցաթի.
Սարդոստայնը ձեր վըրայ
Թող ըլլայ քօղ մ՚արծաթի.
Զի բերեր են սայլե՜ր, սայլե՜ր շարքերով
Ցորե՜նն՝ հազար պարկերով։