Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԳ Դ

ՆԱՐԳԷՍ

Յոյժ չըքնաղ, հըմայո՜ւն
Նարգիսոս պատանւոյն
Պատկերիկդ անապակ,
Օ՜ նարգէս անուշակ:
Երբ ժըպտիս լուռ այսպէս`
Սիրունիկ, գեղատես,
Եւ բուրես անարգել,
Կըրնա՞մ քեզ չի կորզել:
Տեսքդ աղուոր, գեղազարդ
Կ’ընէ սիրտն իմ զըւարթ.
Լուրթ գոյնիդ շառաւիղն
Աչքերուս է խըտիղ:
Ձօնէ քեզ վառ արփին
Իր նըշոյլք առաջին,
Այգն ալ իւր արցունքներ
Ծոցդ հեղու զովաբեր:
Սիւքին հետ գիրկ ընդ գիրկ,
Երբ ժըմտիս չըքնա՜ղ, գի՜րգ,
Ներսս ամբողջ կը զարթնու
Տենչանքը սիրելո՜ւ:
Տենչա՜նքը ոսկեղէն,
Անուրջի մի հիւսկէն:
Որ օր մըն ալ, աւա՜ղ:
Պի՞տ’ թողնի քեզ պէս վա՜ղ: