Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾՆՈՒՆԴ

Զարհուրելի՜ ձմեռ։

Սպիտակ անհունութեան մէջ մարդիկ կ՚ոռնան շնագայլերու պէս։ Արեւելքէն Արեւմուտք բոցահեր պատերազմը կ՚արշաւէ՝ պղծելով կուսութիւնը ձիւնին։ Ռուսական ստեփներէն մինչեւ կատարը Վոժերուն ու մինչեւ Ովկիանոսը խռոված՝ ռումբերը կը սլանան՝ նման կտրուած արիւնռուշտ գանկերու։

Ծնունդին խաղաղութիւնը, վիրաւոր, միջոցին մէջ կը հեծեծէ։ Դիակնե՜ր խրամներուն մէջ եւ ձիւնը դիակներուն վրայ։

Այս գիշեր, ամայի ախոռներուն մէջ, բոլոր աշխարհի Աստուածածինները իրենց մանուկները կը ծնանին, մէն մինակ, առանց դայակի, առանց հայր Յովսէփներու։

Ոչ սափոր մը տաք ջուր ունին նորածիններն լուալու համար, ոչ խանձարուրներ՝ զանոնք փաթթելու համար։

Այս տարի որքա՜ն ցուրտ են մսուրները, անոնց մէջ չի՛ փռեր յարդը իր ոսկի փափկութիւնը. խոտը չի՛ խնկեր ամառուան արեւէն մնացած իր եղկ հոտերը։ Սարդոստայնները միայն կը տարածուին պատերն ի վար՝ նման պատանքներու, ուր ցուրտէն կծկուած մանուկներ անտրտունջ կը մեռնին։

Ամայի են ախոռները՝ խորտակուած դուռներով, կիսափուլ կտուրներուն վրայ ձիւնը կը բարդէ, միշտ կը բարդէ իր սպիտակ մեռելաքարերը։

Մանուկ Յիսուսները կը մսի՜ն, կը մսի՜ն այս զարհուրելի ձմրան մէջ։

Ո՞ւր են եզն ու գոմէշը, ձին ու աւանակը. ո՞ւր է իրենց գաղջ շունչը, որուն տակ նուիրական մանկիկները ջեռուցուած՝ վեր կը վերցնէին իրենց թաթիկները Աշխարհի օրհնութեան համար։

Չկան եզն ու գոմէշը. անոնք հեռո՛ւն, հեռո՛ւն դժոխքին մեքենաները կը քաշեն մահու լեռներէն։

Չկան ձին ու աւանակը, անոնք իսկ պէտք եղան Տէրերուն, ծիրանի հագնող եւ արիւն թափող Տէրերուն, հոն, Մեղքին հեռաւոր ճամբաներուն վրայ, ուր կը պառկին մեռելները ձիւնը խածած։

Այս գիշեր Հովիւները չեն գար այցի, եւ Մոգերը արեւելքէն չեն բերեր զմուռս եւ կնդրուկ իրենց արծաթէ ափսեներուն վրայ։

Հովիւները, մոլորած, արիւն կը խմցնեն իրենց հօտերուն, եւ Մոգերը կուրացած, ա՛լ չեն տեսներ երկինքին վրայ Բեթղէհէմի Աստղը։

Ու Բեթղէհէմի Աստղը, սարսափէն նուաղած, կը մեռնի երկնակամարին վրայ։

Աստուածածինները կը շարունակեն լուալ արցունքներու մէջ իրենց մանուկները, խանձարուրել սեւ քօղերու մէջ իրենց ծնունդները։

Խե՜ղճ Որբեւայրիներ, խե՜ղճ Որբեւայրիներ, գլուխնին քարշ ձգած, եւ ձեռքերն իրենց ծոցին մէջ՝ կը յամառին հսկել մսուրներուն առջեւ, ուր մթնշաղին խորէն կը ծաղկին երկու լոյսեր, երկու փոքրիկ բիբեր, Տիեզերքին վրայ։

Դուրսը բքախառն քամին կը մռնչէ. բարձունքէ բարձունք մարդկային ոհմակները կ՚ոռնան՝ արիւնոտ լեզուընին կախած, ու վիրաւորները հորիզոնէ հորիզոն կը փակեն աչքերնին կանանչ երազի մը կարօտով։ Ու կանանչ երազը, Ծնունդի կանանչ ծառին հետ, կը թառամի հեռաւոր հիւղակներուն տակ։

Օ՜, կոչնակներուն ձայնը գիւղերուն վրայ, անոնք այս գիշեր չե՜ն թրթռար աղօթքով, իրենց պղինձը օդին մէջ կը պայթի զարհուրանքով, եւ գանգիւններ, հրեղէն կարկուտի պէս, կը հեղեղուին վարը՝ ռազմադաշտերուն վրայ, ուր ոմանք մի՛ս կը խածնեն, շատեր կը խածնեն հողը։

Աստուածածիններուն ծոցին մէջ կաթը կը սառի։

Երեխայ Յիսուսները մսուրներուն մէջ կ՚արթննան։

Մսուրներուն մէջ ի՜նչ ժպիտներ, ի՜նչ արշալոյսներ սարդի ոստայններուն մէջ։

Բայց դուրսը միշտ հրանօթներն են, հրանօթնե՜րը՜, որոնք կրակ ու մահ կը փսխեն, եւ Ծնունդի գիւղերը ծուխերու մէջ պարուրուած՝ կը խելայեղեն։

Եւ ռումբը կ՚ելլէ՜, կ՚ելլէ՜ ու կը պայթի։ Կը պայթի հոն, ուր մարեցաւ Բեթղէհէմի Աստղը ածխացած կուպրի մը պէս.

Փա՜ռք ի բարձունս…

Մսուրներուն մէջ կը շարունակեն ժպտիլ մանուկ Յիսուսները։

Ու մեր Դարը, ուրի՜շ մանուկ մը, վաղը նո՜ր պիտի սկսի հեգել Աւետարանը սգաւոր Աստուածածիններու ծունկին վրայ։