Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՐՄԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ՈՒԼՖԻԼԱՍ

Քրիստոնէութիւնն արդէն իսկ գետնափորներէն ելած ու եղած էր տէրութեան ընդունած կրօնքը։ Ներող ու համբերատար քարոզումները ժողովուրդին խաւերուն մէջ գերմարդկային տոկունութեամբ մը Քրիստոսի հաւատքը տարածած էին։ Ամբողջ Հռոմէական կայսրութիւնը Հռովմէն Երուսաղէմ Երուսաղէմէն Անտիոք եւ Աղեքսանդրիա, ուր գլխաւոր պատրիարքութիւնները հաստատուած էին՝ մարտիրոսներուն մարմիններուն վրայ Քրիստոսի առջեւ կը խոնարհէր։

Քրիստոնէութիւնը Հռովմի մէջ ս. Պետրոսիս խոյրի ներքեւ թագաւորները գիտուններուն կը հաւասարացընէ։ Ու Գ դարու վերջերը արդէն իսկ իմաստասիրուած հաւատքի մը լիազօր ըղեղները կ՚արտադրէր ս. Օգուստինոսի եւ ս. Հերոնոմիանի նման հայերը անոր ամենամեծ եւ վերջին բարձրութեան մեծ եւ վերջին ծնունդներէն եղան, որոնք սակայն անկէ ծնան, բայց զայն [աճեցուցին]։

Բայց Դ֊րդ դարու բարբարոսներու հեղեղ մը կը բերէր իբրեւ հարուած մը մեծցած ու հասունցած քրիստոնէութեան։ Հռովմ՝ [բայց արդ կայսրութիւնը [2 անընթ. ] վերջինս նետը Քրիստոսէ կ՚ելլար, որ այդ հարուածին նշակէտն էր։ Սակայն Հռովմը երկայնաքար մըն էր, ամէն օտար հունտ, որ կու գար իր մէջ գահավիժիլ կրօնքի եւ քաղաքակրթութեան տեսակէտով կ՚աղացուէր եւ կ՚այլասերէր՝ լոկ պահելով իր ցեղային բնազդը, ուրկէ մօտալուտ դարերու մէջ պիտի կազմուէին բոլորովին նոր ու տարբեր, բայց քրիստոնեայ եւ քաղաքակիրթ ազգերը։

Հռենոս եւ Դանուբ իրենց թումբերը կը բանային եւ հեղեղը կը խուժէին. կայսրութեան լեգէոնները զայն երկար ատեն [1անընթ. ] Ալպիաններէն անդին, այդ մարդերու, կիներու եւ տղոց անդիմադրելիօրէն [1 անընթ]։

Այդ ցեղերէն ամենագլխաւորը գերման ցեղն էր, եւ զինքը առաջին անգամ քրիստոնէութեան կապողը Ուլֆիլաս։

Ի՞նչ էին գերմանները եւ ո՞վ էր Ուլֆիլաս.

Գերմանները միւս բարբարոսներուն արշաւանքին մէջ նշանաւորներէն եղած են, Իտալիոյ հիւսիսային արեւմտեան կողմը ցրուած էին, գլխաւորապէս Հռենոսի եւ Դանուբի ձեւացուցած անկեան մէջ, երկու գլխաւոր ճիւղի կը բաժնուէին, տեւտոնական եւ գոթական ։ Առաջիններուն բնակութիւնն էր հին Գերմանիան, վերջիններունը Շուդլանտի եւ Շուետ֊Նորուեկիոյ թերակղզիները, Պալթիկ ծովու կղզիներով միասին։

Գերմանները հռովմէացուոց նախ բոլորովին տարբեր մարդիկ թուեցան, իրենց յաղթ մարմնով, սպիտակ մորթով, բոսոր այտերով, աչքերու լրթութեամբը եւ իրենց դեղին մազերովը, որոնց վրայ հռովմէացի կիները երկար ատեն նախանձեցան։

Խելացի էին ու հպարտ եւ ստէպ վեհանձն։ Բայց դժբախտաբար, միշտ իրենց արշաւանքէն վերջ, արտաքնապէս անշօշափելի մնացին ուրիշ ազգերու, մինչեւ Ժ֊րդ դարը։ Այս կղզիացումը իրենց արգելք եղաւ պետական եւ ընկերական զարգացումն ընդգրկելու. մինչ Գաղղիան ու Սպանիան Հռովմի ամբողջ էութեամբ կը սնէր, Գերմանիան մեկուսացած բոլորովին տարբեր երկրի մը մէջ անտարբերօրէն անծանօթ ծովերուն յառած կը մնար։ Ժողովուրդը ցրուած գիւղերու մէջ կապրէր եւ չունէր քաղաք, ինչ որ իր մեծութիւնը եւ միանգամայն տկարութիւնը եղան։ Իրենց ապրուստի մեծագոյն աղբիւրը նախիրն էր, կ՚ապրէին անկախ եւ ըմբոստ նկարագրով, միշտ անհնազանդ՝ երկրին իշխանութեան։

Իրենց հին կրօնքը անձնաւորուած բնութեան բանաստեղծութիւնն էր։ Տատրակին վուվուն, ճագարի մը մրմրթոցը իրենց համար աստուածային նշանակութիւն ունէին, լեռները լի էին աստուածներով եւ հսկաներով, որոնք ժողովուրդին նախահայրերը կը համարուէին, երկնքին մէջ վիթխարի արծիւ մը կը սաւառնէր, որոնց թեւերը կը ցնցէին մրրիկները։

Ահա բնութեան ուժերուն այս հսկայ պատկերները զիրենք կը մղէին աղանդի մը, որ մարդակերպութիւնը (anthropomorphisme) էր։ Ինչպէս հին ազգերուն մեծամասնութիւնը իրենք ալ երրորդութիւն մը կը պաշտէին։ Արեւը (Մոնի), լուսինը (Սուննայ) ու երկինքը (Վոտան), որ լատինաց մէջ Վուլգանն է եւ հին հայոցս մէջ Միհրը ։ Էոթա ` դիցուհի երկրի, իսկ Ֆռեկա ՝ դիցուհի բեղնաւորութեան եւ սիրոյ, որ հայերուս մէջ Անահիտն է։

Քրմութիւնը գերմաններին գոթական ցեղին մէջ աւելի առաջ գնացած էր, քան թէ տեւտոնական ցեղին, այս վերջիններս քուրմերու տեղ միայն երբեմն քրմուհիներ ունէին եւ մարգարէներու տեղ մարգարէուհիներ։

Ահա գերմանները եւ իրենց կրօնքը, այդ կրօնքը դժուար տեղի պիտի չտար քրիստոնէութեան առջեւ, պատճառով, նախ որ գերմանները ինչպէս միւս բարբարոսներն ալ՝ ամէն կերպով հլու էին Հռովմի քաղաքակրթութեան դրոշմը ընդունելու։ Այս երեւոյթը բաւական յատկանշական է, երբ կը բաղդատուի Եւրոպիոյ բարբարոսները Ասիոյ բարբարոսներու արշաւանքին հետ, որ առաջինը եօթը դար վերջը ծայր տուաւ: Հռովմը բոլոր տուժ ցեղերը իր զարգացումին մէջ ձուլեց, իսկ բիւզանդացիները եւ հայերս Ասիոյ վայրենի ցեղերէն փշրուեցանք։ Այս վերջինին պատճառը, որ առաջինին առաւելութիւնն է, կը համարուի հայերուս տկարութիւնը՝ յետոյ Բիւզանդիոյ ներքին կրօնական վէճերը եւ բռնած կասկածոտ եւ քայքայիչ ընթացքը, թէ խաչակիրներու եւ թէ հայերուս հանդէպ։

Իսկ երկրորդ՝ գերմանները քրիստոնէութեան հետ միացնողը եղաւ Ուլֆիլաս, այդ միջոց մըն էր, որ անոնք քաղաքակրթութեան սեմին վրայ դրած էին Ուլֆիլաս (Ulfilas կամ wölfchen = փոքր գայլ) գերմաններու ս. Մեսրոպը եղաւ։ Ինքը գերմանական գոթական ցեղէն սերած էր եւ այդ ցեղին առաջին հանճարն եղաւ, զոր կեանքին մէջ իր աստիճանաւոր բարձրացումներուն մէջ ցցուց։

311-ին եւ քառասուն տարի վերջը Պոլսոյ մէջ գոթերուն եպիսկոպոսն եղաւ։ Ինքն արիական էր եւ իր բարբարոս եղբայրներուն արիականութիւնը քարոզեց։ Նշանակելի իրողութիւն մըն է, որ խուժդուժ ժողովուրդները բոլորովը արիականութեան կը յարէին։ Արիոսի վարդապետութիւնն էր այս կրօնքի աստուածութիւնը կը մերժէր, մերժելով Քրիստոսի աստուածութիւնը։ Որդին աստուած կ՚ըսէր, Հօրը նման ինքնագոհ չէ, արարած մըն ան, բայց արարածներուն առաջինը, եղաւ ժամանակ մը, որ ինքն ալ չկար, Հօրը շնորհքովը լոկ աստուածուցած է, ու յաւերժապէս Որդի Աստուծոյ չէ, ինչպէս հայրը յաւերժապէս հայր չէ։

Այս վարդապետութիւնը կաթոլիկ աստուածաբանութենէն եւ իր խորհուրդները աւելի պարզ ու դիւրահասկնալի ըլլալուն՝ գերմանները միւս բարբարոսներուն նման զայն առջի բերան ընդգրկեցին։ Ուլֆիլաս մեծ ջանքեր թափեց իր ժողովուրդին քրիստոնէութիւնը քարոզելու։ Իր ամենամեծ գործն եղաւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը գոթական լեզուով։ Այս առաջին գիրքն է, որ Եւրոպայի մէջ, բացի լատիներէնէ եւ յունարէնէ, տարբեր լեզուով մը գրուեցաւ 350-ին։ Այս մեծ միջոց մըն էր, իր քարոզումները յաջողցնելու։ Գիրքը գոթաց թագաւորին նուիրեցաւ։ Այս հոյակապ հատոր մըն է, ուր թագաւորաց մասը կը պակսի, կ՚ըսուի թէ զայն չը թարգմանելուն պատճառն իր ժողովուրդին մարտնչող բնազդը արթնցնելու վախն էր։ Ուլֆիլասի Աստուածաշունչը կազմուած է ազնիւ մագաղաթէ, ամէն էջ կարմիր գոյնով գեղեր […] ուած։ Տառերը այս ծիրանեգոյն, յատակին վրայէ դուրս կը ցատկեն բաղադրուած ոսկեխառն փոշիով։ Այս ձեռագիրը իր ամբողջութեամբ հասած չէ մեզի. անկէ քանի մը թերթեր կը պակսին, ինչ որ ափսոսալի է անոր ամբողջական հնաբոյր գեղեցկութիւնը կտրատելուն համար։

Արդ, այս Աստուածաշունչը կը գտնուի Սթոգոլմի մօտ՝ Ուբսալի համալսարանի գրադարանը՝ ճանչցուած Codex argenteus անուամբ։ Շուետացիները 30 տարուան պատերազմին ատեն գերմանացիներէն գողցան եւ արծաթեղէն կողքով մը կազմեցին։ Ահա Ուլֆիլասի Աստուածաշունչը, որ գրեթէ ժամանակակից է մեր Աստուածաշնչին թարգմանութեան։ Ան եղաւ առաջին հատորը, որուն վրայ գերմանը ծռեց իր ճակատը, որով օր մը, ամբողջ տիեզերքը մը պիտի սնանէր։