Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՐԱՖՖԻ

Հայ մեծ վիպասանին մահուան 25-ամեակը պիտի կատարեն մօտերս Լոնտօնի մէջ, ուր կ՚ապրի դեռ իր այրին՝ շարունակողը «Կայծերուն» վերջին մասին, զոր հեղինակը իր մահուան պատճառով չէր կրցած աւարտել։

Րաֆֆի հայ վիպագրութեան հայրը եղաւ. մեր Սքոթը, եթէ կ՚ուզէք, որ կրցաւ կենդանի կերպով ոգեկոչել անցեալը եւ մարգարէանալ ապագան։

Մեր պատմական դրուագները ուրուագծուեցան կարգ մը հայ բանաստեղծներու լարերով, Ծերենց զանոնք կենդանացուց, իսկ Րաֆֆի անմահացուց տալով անոնց երանգ. շունչ, միս ու ոսկոր գրեթէ. «Սամուէլ» եւ «Դաւիթ Պէկ» այլեւս չեն քողարկուիր պատմագրի մը սակաւաթիւ էջերուն վրայ՝ դարերու մշուշով աղօտացած. Անոնք, եւ դեռ միւս դէմքերը, լուսաւորուած իրենց յատուկ տիպարներով ու հոգեբանութեամբ, շրջան կ՚ընեն խրճիթէ-խրճիթ, սերունդէ-սերունդ, ու ամէն շրջանի մէջ անոնք մաս պիտի կազմեն այսուհետեւ ժողովուրդեան առօրեայ կենցաղին ու երազներուն։ Րաֆֆի կու տար պատմական վէպը, ու անցեալը դուրս ելլելով հմտականութեան նեղ խղիկներէն՝ կը ժողովրդականանար ու կ՚ըլլար սեփականութիւնը ամէնուն։

Րաֆֆի տուաւ հերոսներ անցեալի եւ ապագայի։ Իր ապրած ներկայէն մեծ բան չառաւ ան։ Պատմական դէմքերու վրայ կը չափէր ու կը նկարէր այն դիւցազները, որոնք պիտի գային եւ պէտք էին գալ՝ առաջ բերելու համար հայ կեանքին մէջ Յեղափոխութիւնը, Անհրաժեշտը ու Փրկարարը։ Հայ մարտական շարժման պատրաստողներէն եղաւ ան։ Չքարոզեց միայն՝ այլեւ ծրագրեց Յեղափոխութիւնը։ Դժուար է գտնել ֆետայի մը, որ կարդացած չըլլայ անոր Խենդն ու Կայծերը ։ Անդրանիկ ու Եփրեմ քալեցին Վարդանին՝ Խենդի հերոսին ճամբով. Սերոբ Աղբիւր եւ Գէորգ Չաւուշ Ասլանի՝ մարմնացումը եղան։ Հայ յեղափոխութիւնը իրականութեան վերածեց Րաֆֆիի ոչ-պատմական կոչուած վէպերը։ Ասիկա մեծ տաղանդին ուժն էր, որ կը հրապուրէր ապագան եւ իր սկզբունքներուն կը հպատակեցնէր այն կայծկլտուն սաղմերը, որոնք յետոյ պիտի բռնկէին ու առաջ բերէին ազգային կեանքին մէջ ահագին յեղաշրջում մը քաղաքական, ընկերային եւ հոգեբանական։

Եւ դեռ այսօր նոր սերունդը զերծ չէ անոր վէպերուն դիւթանքէն։ Ճանչցուեցան անոր գաղափարները, ապրեցան անոր հերոսները, բայց դեռ կայ Րաֆֆիի մեծագոյն մարգարէութիւնը, որ ԽԵՆԴԻՆ վերջին գլուխը կը կազմէ։ Հայրենի երկրին ապագան ուրուագծած է հոն մեծ վիպասանը, բեղնաւոր եւ շինարար կեանքը, զոր կ՚ապրի հայ ժողովուրդը այդ էջերուն մէջ անշուշտ մեռեալ տառ պիտի չմնայ՝ ինչպէս չմնացին իր բոլոր միւս գուշակութիւններն ու քարոզները. պիտի իրականանան ան, երազը մարմին պիտի առնէ եւ մարգարէութիւնը՝ կատարում։

Ինչպէս կը տեսնենք Րաֆֆիի տաղանդը ինչչա՛փ ազդեցութիւն ներգործեր է ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագրին վրայ։ Այդ ազդեցութեան մէջ որոշ բաժին ունեցեր է նաեւ իր հոսուն լեզուն եւ հրապուրող արուեստը։

Իր արուեստը գերազանցօրէն ժողովրդական է եւ հետաքրքիր վիպասանի շահագրգռող բոլոր յատկութիւններն ունի ան։ Իր վէպերը այն տեսակ երկերէն են, որոնց համար քունդ կը զոհես մէկ գիշերուան մէջ աւարտելու հատո՛ր մը։ Իր տիպարները պարզ են, առանց նկարագրի բարդութիւններու։ Այնքան ալ մանրակրկիտ կերպով վերլուծած չէ զանոնք. եւ այս գուցէ իր գլխաւոր թերութիւնն ըլլայ, թերութիւն մը, որուն վրայ պիտի պնդէ գեղագիտութիւնը, բայց պիտի ներէ ժողովուրդին պարզ հասկացողութիւնը եւ օգտապաշտ տրամադրութիւնը։

Վերջացնելէ առաջ մեր այս հակիրճ տեսութիւնը կրնանք վստահօրէն ըսել. Րաֆֆի իր երկարաշունչ վէպերով միակն եղաւ՝ այդ արուեստին յաղթական կոթողը կերտողը մեր գրականութեան մէջ, թէ հայ վերածնութիւնը կարեւոր բաժին մը կը պարտի իր տաղանդին, թէ գալիք սերունդներու ամբողջ շարք մը դեռ իր նկարագիրը պիտի ջրդեղէ անոր գանկին հրեղէն աւազանին մէջ։

Րաֆֆիի դամբանին ջահին առջեւ, որ հրդեհեց մեր երիտասարդութիւնը եւ ապագային խորունկ խորքերը լուսաւորեց, կը խոնարհինք երկիւղածօրէն ու կը յամառինք երազել ԽԵՆԴԻՆ երազը։